ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ՄԱՂԹԱՆՔ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան արք. Մաշալեան այսօր երեկոյեան Իտալիայէն կը վերադառնայ իր աթոռը։ Ինչպէս ծանօթ է, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը քանի մը օրէ ի վեր Իտալիա կը գտնուէր՝ մասնակցելու համար Ս. Էճիտիօ միաբանութեան կողմէ կազմակերպուած տարեկան մեծ հաւաքին, որ իրականացաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ։ Ս. Էճիտիօ աշխարհատարած կաթողիկէ համայնքը ամէն տարի կը կազմակերպէ նման մեծ հաւաք մը։ Այս տարուանը տեղի ունեցաւ առաջին հաւաքի կազմակերպուած վայրին՝ Ասիզիի մէջ։
Ծրագրի խորհրդաժողովի բաժնի աւարտին, երէկ, տեղի ունեցաւ աւանդական խաղաղութեան աղօթքը։ Ասիզիի Ս. Ֆրանսիսկոս մայր տաճարի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Վատիկանի Քրիստոնէից միութեան խրախուսման քահանայապետական խորհուրդի նախագահ կարտինալ Քուրտ Քոխ, Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքը, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ այլ բազմաթիւ քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդներ ներկայ գտնուեցան այս խորհրդանշական արարողութեան։ Զանազան եկեղեցիներու ներկայացուցիչները կարդացին իրենց լեզուներով աղօթքներ՝ հանդէս գալող խաղաղութեան հասարակաց մաղթանքով։ Հուսկ, արարողութեան մասնակից բոլոր հոգեւոր առաջնորդները մոմեր վառեցին՝ խաղաղութեան բաղձանքով։
Միւս կողմէ, Ասիզիի հաւաքի շրջանակներէն ներս տեղի ունեցաւ նաեւ Ֆէնէրի յունաց պատրիարքութեան ձօնուած յատուկ նիստ մը։ «Արեւելքէն դէպի համաշխարհայնացեալ աշխարհ» խորագրեալ այս հաւաքի ընթացքին ներկայացուեցան Ֆէնէրի յունաց պատրիարքութեան պատմութիւնը, առաքելութիւնը եւ դերակատարութիւնը քրիստոնէական աշխարհէ ներս։ Այս յատուկ նիստը զուգադիպեցաւ Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքի գահակալութեան 35-ամեակի յոբելենական շրջանին։