ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՖՐԱՆՍԱՀԱՅ «ԱՐԱՐԱՏ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Ֆրանսայէն, Փարիզի արուարձաններէն Իսի-լը-Մուլինոյէն «Արարատ» պարի համոյթի անդամները: Ծանօթ է, որ Իսի-լը-Մուլինոն Փարիզի հայաշատ արուարձաններէն է եւ այնտեղ Ֆրանսայի հայոց թեմի հովանաւորութեան ներքեւ կը գործէ Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցին: «Արարատ» պարախումբն ալ այս եկեղեցւոյ կողմէ հովանաւորուած կառոյց մըն է:
Վեհափառ Հայրապետը երէկուան հանդիպման ընթացքին գոհունակութեամբ անդրադարձաւ համոյթի գործունէութեան՝ կարեւորելով ազգային մշակոյթի միջոցաւ երիտասարդ սերունդի հայեցի դաստիարակութիւնը, ազգային ոգիի զօրացումն ու ինքնութեան պահպանութեան ուղղեալ ջանքերը: Ան ընդգծեց, որ սփիւռքէ ներս նման նախաձեռնութիւնները կը նպաստեն համայնքային կեանքի աշխուժացման եւ հայորդիներու համախմբման՝ ազգային ու հոգեւոր արժէքներու շուրջ:
Նորին Սրբութիւնը գնահատեց համոյթի կայացման ու գործունէութեան իրենց նպաստը բերած բոլոր անձերը՝ հայ պարարուեստը զարգացնելու, նախնեաց մշակութային ժառանգութիւնը սերունդներուն փոխանցելու եւ արտերկրէ ներս հայ մշակոյթը ներկայացնելու նախանձախնդրութեան համար: Այս առնչութեամբ ան կարեւորեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հովանաւորութեան ներքեւ իրականացուած կրթական ու մշակութային ծրագրերու հայապահպանման առաքելութիւնը՝ անդրադառնալով նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ հովանաւորուած Հայորդեաց տուներու հետ համագործակցութեան եւ համատեղ ծրագրերու իրականացման հեռանկարներուն:
Հուսկ, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը հայորդիներուն պատգամեց՝ ամուր պահել կապը Մայր Եկեղեցւոյ հետ, գործօն մասնակցութիւն բերել համայնքային կեանքին: Ան մաղթեց ստեղծագործական նոր ձեռքբերումներ եւ յաջողութիւններ: