«ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՀԻՄՆԱՐԿԸ ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՆԿԱՏԱՌՄԱՆՅԱՆՁՆԵՑ ԹՈՄԱՐԶԱՅԻ ԵՐԲԵՄՆԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՄԽԻԹԱՐ ՎԻՃԱԿԸ

Զրոյցի ընթացքին հիւրերը Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նկատառման յանձնեցին՝ Թոմարզայի երբեմնի Ս. Պօղոս-Պետրոս հայկական եկեղեցւոյ անմխիթար վիճակը: Արդարեւ, երբեմնի եկեղեցւոյ շէնքը երկար ժամանակէ ի վեր մնացած է խնամքէ զուրկ եւ այսօր այնպիսի կացութիւն մը ստեղծուած է, որ անհրաժեշտ է նորոգութեան ու բարեզարդման աշխատանքներու ձեռնարկելը: Ուստի, Թաշքըն եւ Սայեան խնդրեցին Նորին Ամենապատուութեան ցուցմունքները եւ իր գլխաւորութեամբ Պատրիարքական Աթոռին կողմէ համապատասխան նախաձեռնութեան մը կատարուիլը: Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունեց հիւրերը եւ գնահատեց երբեմնի այս աղօթատեղիին նկատմամբ ցուցաբերուած զգայնութիւնը: Իրեն մատուցուած տեղեկութիւններու լոյսին տակ ան խոստացաւ հետաքրքրուիլ՝ աւերման փուլին հասած եկեղեցւոյ կացութեամբ եւ անհրաժեշտ դիմումները կատարել պատկան իշխանութիւններուն:

Զրոյցի աւարտին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը փոխանցեց իր օրհնութիւնը եւ յաջողութեան մաղթանքները՝ ապագայ գործունէութեան համար:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2026