ԷՅԻՒՊԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Էյիւպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 351-րդ տարեդարձին առթիւ, շաբաթավերջին տեղի ունեցան աւանդական արարողութիւններ, որոնց նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան։ Համայնքային շրջանակներու ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Էյիւպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ վրայ, ուր Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Ներսէս քհնյ. Այվազեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Թէոդիկ քհնյ. Չեթինքայա։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Կէտիկփաշայի Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ատրուշան սրկ. Հալաճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Արտէն Զէյֆիեանի։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան՝ գլխաւորութեամբ Նորին Ամենապատուութեան։ Ատենապետ Սայաթ Մուրատօղլուի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց բոլոր ներկաները, որոնք իրենց գնահատանքն ու զօրակցութիւնը յայտնեցին՝ ծաւալուած գործունէութեան համար։ Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր խօսքով եզրափակուեցաւ սիրոյ սեղանը։

Երկուշաբթի, Յունիս 29, 2026