ԴԱՏԸ ԳՆԱՑ ԵՐԵՒԱՆ
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) անդամ վեց սրբազաններու դատավարութիւնը տեղի ունեցաւ՝ Հայաստանի Արմաւիրի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանին մէջ։ Քրէական ատեանի դատաւորը՝ Սերժ Ռուշանեան որոշեց, որպէսզի այս գործը ուղարկուի Երեւանի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան քրէական դատարան։ Ինչպէս արդէն հաղորդուած էր, Վեհափառ Հայրապետն ու վեց սրբազանները չմասնակցեցան երէկուան դատավարութեան։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նորին Սրբութեան եւ սրբազաններու փաստաբանը՝ Արա Զօհրապեան լրագրողներուն ըսաւ. «Դատաւորը որոշումը հիմնաւորեց այն հանգամանքով, որ Կաթողիկոսին վերագրուած արարքի մեղադրական ձեւակերպումներուն մէջ յստակեցուած չէ յանցագործութեան կատարուած վայրը»։
Իրաւաբան Արա Զօհրապեան նշեց, որ մեղադրանքի կողմը միջնորդած է, որպէսզի արգիլուին զանգուածային լրատուութեան միջոցներու կողմէ դատական նիստի հեռարձակումը, ինչպէս նաեւ դատական նիստը տեղի ունենայ դռնփակ, սակայն, դատարանը մերժած է այդ պահանջը։
«Մենք այսօր ականատես եղանք, որ դատաւորը չփափաքեցաւ գործը քննել։ Մենք համաձայն չենք դատարանի որոշման հետ, որովհետեւ կը կարծենք, որ սա ճիշդ չէ», ըսաւ Արա Զօհրապեան։ Ան աւելցուց, որ պաշտպանական կողմը մտահոգութիւն ունի, որ այս գործը կրնայ մակագրուիլ այնպիսի դատաւորներու, որոնց հանրութիւնը չի վստահիր։
Վեհափառ Հայրապետը եւ վեց սրբազանները կը մեղադրուին շինծու, նոյնիսկ ծիծաղելի պնդումներով։ Մասեացոտնի թեմի այժմ արդէն նախկին առաջնորդ, կարգալոյծ եպիսկոպոս Արման Սարոյեան դատ բացած էր, որպէսզի թեմակալ առաջնորդի պաշտօնին վերադարձուի դատական իշխանութիւններու վճիռով։ Սա իսկապէս աներեւակայելի պահանջ մըն է, որեւէ տրամաբանութեան սահմաններուն մէջ չի տեղաւորուիր, սակայն, Հայաստանէ ներս առկայ իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան պայմաններուն մէջ խնդիրը հասած է այժմու կէտին։
Արա Զօհրապեան մամլոյ սպասաւորներուն հետ երէկ զրուցելու ժամանակ յիշեցուց մօտաւոր անցեալին՝ Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Միքայէլ արք. Աջապահեանի դատավարութեան ժամանակ ապրուածները։ «Հիմա տեսնենք, թող նշանակուի Երեւան քաղաքի Քրէական դատարանի դատաւորներէն մին, մենք, բնականաբար, մեր դիրքորոշումը կը ներկայացնենք, յաջորդիւ կը տեսնենք, թէ ինչ կ՚ըլլայ։ Երեւանէն ալ երեւի այստեղ կ՚ուղարկեն, տեսնենք», ըսաւ ան։ Փաստաբանը համոզուած է, թէ բոլոր առումներով տեսանելի է, որ դատաւորները ինչ-որ առումով խնդիր կը տեսնեն այս գործը քննելու հարցին մէջ։ «Սա մէկ կողմէ դրական է, իսկ միւս կողմէ՝ բացասական։ Եթէ այդ գիտակցութիւնը կայ, ապա կարելի է ուղղակի արդար դատավճիռ արձակել», դիտել տուաւ ան։
Ի լրումն այս բոլորին, Արա Զօհրապեան նշեց, որ Հայաստանի խորհրդարանի ամպիոնէն հնչած յայտարարութիւնները, սպառնալիքները դատական համակարգի, իրաւապահ մարմիններու, պաշտօնատարներու դէմ, բնականաբար, սա նաեւ կ՚ահաբեկէ դատաւորները։
Եթէ դատարանը հաստատէ Վեհափառ Հայրապետին եւ սրբազաններուն դէմ հասցէագրուած մեղադրանքը, ապա անոնց պիտի սպառնայ առաւելագոյնը երկու տարի ազատազրկում։
Անկախ Հայաստանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կը կանգնի դատարանի առջեւ։