ՖԻԼԱՏԵԼՖԻՈՅ ՄԷՋ ՏԱՐԵԴԱՐՁ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս, շաբաթավերջին հանդիսաւոր պայմաններով նշուեցաւ՝ նախկին պոլսահայ Տ. Արմաշ քահանայ Պաղտասարեանի ձեռնադրութեան տասնամեայ յոբելեանը։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Մեսրոպ եպիսկոպոս Պարսամեանի օրհնութեամբ տեղի ունեցան յոբելենական արարողութիւնները, որոնց մասնակցեցաւ նաեւ Տ. Յարութիւն վարդապետ Տամատեան։ Ֆիլատելֆիոյ Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւնները, որոնց ներկայ գտնուեցաւ նաեւ առաջնորդական փոխանորդ Տ. Սիմէոն աբեղայ Օտապաշեան։ Շրջանի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հովիւն ու այլ ներկայացուցիչներն ալ փութացած էին ուրախակից ըլլալու տէր հօր։ Մինչ այդ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. արքեպիսկոպոս Մաշալեանն ալ շնորհաւորական պատգամ մը ուղարկեց այս յոբելեանին առթիւ՝ հաշուի առնելով, որ Տ. Արմաշ քահանայ Պաղտասարեան նախանձախնդրութիւն կը ցուցաբերէ ծննդավայրին հետ կապը պահելու եւ կը ջանայ Պատրիարքական Աթոռին հետ անմիջական համագործակցութեան մէջ ըլլալու։

Արարողութիւնները զուգադիպեցան Վարագայ Ս. Խաչի տօնին։ Յոբելեար քահանայ հայրը մատոյց Ս. Պատարագը, որու երգեցողութիւնները կատարուեցան «Կոմիտաս» երգչախումբի եւ եկեղեցւոյ «Թարգմանչաց» երգչախումբի միացեալ կազմին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Քրիս սրկ. Գալֆայեանի։

Ս. Պատարագի ընթացքին քարոզեց Տ. Յարութիւն վարդապետ Տամատեան, որ խօսեցաւ Ս. Խաչի զօրութեան, ինչպէս նաեւ օրուայ մեծարեալ քահանայ հօր եկեղեցական անդաստանէ ներս ողջունելի գործունէութեան մասին։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ սարքուեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր։ Բոլոր ներկաները անմիջական մթնոլորտի մէջ շնորհաւորեցին յոբելեար քահանայ հայրը եւ երէցկինը, նաեւ իրենց զաւակները։ Հաւաքոյթի հանդիսավարն էր Լիզա Մանուկեան։ Յայտագրի տեւողութեան գեղարուեստական կատարումները ստեղծեցին բարձր տրամադրութիւն։ Աշխարհիկ հանդիսութեան ընթացքին եւս արտայայտուեցաւ Տ. Յարութիւն վարդապետ Տամատեան, իսկ հաւաքոյթը աւարտին հասաւ Տ. Սիմէոն աբեղայ Օտապաշեանի շնորհաւորութեան խօսքով։ Ան յոբելեար Տ. Արմաշ քահանայ Պաղտասարեանին նուիրեց՝ թեմակալ առաջնորդին կողմէ ուղարկուած, հայկական ոճով պատրաստուած ձեռաց խաչ մը։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2026