Ուրբաթ 3, Ապրիլ 2026
ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՊՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ԳԱԳԱԹՆԱԿԷՏԸ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին հաւատացեալներու աշխարհացրիւ հօտը քայլ առ քայլ կ՚առաջնորդէ դէպի Սուրբ Յարութեան տօնը։ Աւագ շաբթուան արարողութիւնները այս ամբողջին մէջ առանձնայատուկ նշանակութիւն ունին՝ դէպի Սուրբ Զատիկ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ կատարուած Աւագ շաբթուան հոգեպարար արարողութիւնները կու գան սահմանել հոգեւոր ապրումներու գագաթնակէտեր։ Երէկ, Վեհափառ Հայրապետը Միածնաէջ Մայր Տաճարի սրբազան կամարներուն ներքեւ կատարեց Ոտնլուայի կարգը։

Ուրբաթ, Ապրիլ 3, 2026