ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ

Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ խաղաղութեան աղօթք՝ հանդիսապետութեամբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի։ Միածնաէջ Մայր Տաճարի սրբազան կամարներուն ներքեւ այս արարողութեան կազմակերպումը համընկնեցաւ 2 Սեպտեմբերին, որ աւանդաբար եղած է Արցախի օրը։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութիւնը եւ հաւատացեալ ժողովուրդը առ Աստուած աղօթք բարձրացուցին՝ Արցախէն բռնի տեղահանուած հայութեան տոկունութեան եւ ապահով կեանքին, ինչպէս նաեւ Պաքուի մէջ ի պահ դրուած հայ ռազմագերիներու եւ պատանդներու շուտափոյթ ազատ արձակման համար։ Բարձրեալին հայց ուղղուեցաւ նաեւ հայ ժողովուրդի խաղաղութեան ու բարօրութեան համար։

Արարողութեան աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան կարգ՝ Արցախի պատերազմի ընթացքին նահատակուած քաջորդիներու ոգեկոչման նպատակով։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2026