ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) անդամ վեց սրբազաններու վերաբերեալ քրէական գործը արդէն հասած է Երեւանի Առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան քրէական դատարան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով՝ թղթածրարը քննարկելու համար նշանակուած է դատաւոր Վահագն Մելիքեան։

Հարկ է յիշեցնել, որ սա արդէն երրորդ դատաւորն է, որ կը նշանակուի սոյն գործը քննելու համար։ Սկիզբին Արմաւիրի Առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանէն ներս երկու տարբեր դատաւոր նշանակուած էր՝ սոյն քրէական վարոյթին համար։ Այդ երկու դատաւորներն ալ չէին քննարկած գործը եւ ի վերջոյ Սերժ Ռուշանեան որոշած էր գործը ուղարկել Երեւան։

Վեհափառ Հայրապետը եւ ԳՀԽ-ի անդամ վեց սրբազանները կը մեղադրուին իսկապէս ծիծաղելի եւ շինծու ամբաստանութիւններով, որոնք կը մեկնաբանուին Հայաստանէ ներս առկայ իշխանութիւն-եկեղեցի դիմադրութեան մթնոլորտին մէջ։ Իշխանութիւնները ակնյայտօրէն կը թիրախաւորեն Վեհափառ Հայրապետն ու Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին։ Ներկայ քրէական վարոյթը կապուած է՝ Մասեացոտնի թեմի այժմ արդէն նախկին առաջնորդ եւ կարգալոյծ Արման Սարոյեանի (երբեմնի Տ. Գէորգ եպսկ. Սարոյեան) կողմէ կատարուած դիմումի հիման վրայ։ Ան վիճարկած էր Հայրապետական տնօրինութիւնը՝ դատական իշխանութիւններուն մօտ։ Այժմ Վեհափառ Հայրապետը եւ ԳՀԽ-ի անդամ սրբազանները կը մեղադրուին՝ Արման Սարոյեանի ի նպաստ արձակուած վճռի իրագործումը խոչընդոտելու մէջ։

Նորին Սրբութեան դէմ՝ որպէս խափանման միջոց կը կիրարկուի Հայաստանէ բացակայելու արգելքը. բան մը, որու հետեւանքով ան երկրէն դուրս գալու հնարաւորութենէն զրկուած է։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2026