Տ. ՄԵՍՐՈՊ ԵՊՍԿ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ ՔԱՂԱՔԱՎԱՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՏՈՒԱՒ Տ.Տ. ՊԱՐԹՈԼՈՄԷՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ
Երէկ, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թամի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ եպսկ. Պարսամեան քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքին։ Տ. Մեսրոպ եպսկ. Պարսամեան այս օրերուն քաղաքս կ՚այցելէ՝ շաբաթավերջին դէպի Վան նախատեսուած ուխտագնացութեան առթիւ։ Նորին Սրբազնութիւնը Թուրքիա եկած է՝ ընկերակցութեամբ Արեւելեան թեմի Ս. Ներսէս ընծայարանի տեսուչ Տ. Մարտիրոս աւ. քհնյ. Չեւեանի։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ նախատեսուած է դէպի Վան ուխտագնացութիւնը, որու ծիրէն ներս Տ. Մեսրոպ եպսկ. Պարսամեան այս կիրակի պիտի պատարագէ Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ՝ երբեմնի տաճար, այժմու թանգարանին մէջ։
Պոլսոյ մէջ գտնուելու առիթը օգտագործելով՝ Տ. Մեսրոպ եպսկ. Պարսամեան երէկ այցելեց Ֆէնէրի յունաց պատրիարքարանը։ Բացի Տ. Մարտիրոս աւ. քհնյ. Չեւեանէ, իրեն ընկերացան Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւ. քհնյ. Տամատեան։ Նորին Սրբազնութիւնը եւ ընկերակից հոգեւոր հայրերը նախ իրենց ուխտի աղօթքը կատարեցին՝ Ս. Գէորգ պատրիարքանիստ եկեղեցւոյ մէջ։
Յաջորդ փուլին անոնք առաջնորդուեցան Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքին մօտ, որ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց զիրենք։ Զրոյցի ընթացքին շեշտուեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական եւ Յոյն Ուղղափառ քոյր եկեղեցիներու միջեւ պատմութեան ընթացքին ձեւաւորուած եղբայրական կապերու եւ բարեկամութեան բարձր նշանակութիւնը։ Նորին Սրբազնութիւնը այս ուղղութեամբ օրինակներ մէջբերեց նաեւ Նիւ Եորքի միջեկեղեցական կեանքէն։
Հանդիպման ընթացքին Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքը վերյիշեց զանազան առիթներով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին կատարած այցելութիւնները եւ երանաշնորհ Տ. Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ այժմու Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հետ ունեցած ծանօթութիւնները։ Նորին Սրբութիւնը մաղթեց, որ քրիստոնեաներու միջեւ միութիւնը ամրապնդուի աշխարհի վրայ, ուր այնքան զգալի է կարիքը խաղաղութեան, երկխօսութեան եւ Աստուծոյ ստեղծագործութեան պահպանութեան համար։ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքը մաղթեց նաեւ, որ Հայաստանէ ներս իշխանութիւններու եւ եկեղեցւոյ միջեւ ստեղծուած առկայ լարուածութիւնը փութով հարթուի։
Զրուցակիցները ընդգծեցին երկու եկեղեցիներու միջեւ եղբայրական կապերու խորացման եւ միասնաբար խաղաղութեան, երկխօսութեան ու հաշտութեան վկայութիւն բերելու կարեւորութիւնը։ Տ. Մեսրոպ եպսկ. Պարսամեան դրուատիքով արտայայտուեցաւ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքի բազմամեայ ծառայութեան մասին՝ մաղթելով քաջառողջութիւն եւ երկար ու բեղուն տարիներու ծառայութիւն։
Հուսկ, տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում։ Նորին Սրբութիւնը մաղթեց, որ դէպի Վանայ լճի Աղթամար կղզի տարեկան ուխտագնացութիւնը ըլլայ օրհնեալ թէ՛ մասնակիցներուն եւ թէ բոլոր հաւատացեալներուն տեսակէտէ։ Ան այս առթիւ իր եղբայրական ողջոյնները փոխանցեց նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանին։