ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ եպսկ. Պարսամեան ընդունեց պոլսահայ հոգեւորականց դասէն Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեանը, որ այս օրերուն կը գտնուի Նիւ Եորքի մէջ։ Սիրալիր հանդիպումը տեղի ունեցաւ Նիւ Եորքի առաջնորդարանի երդիքին տակ, ուր առաջին առթիւ հայր սուրբը նորին սրբազնութեան փոխանցեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանի ողջոյնները։ Ինչպէս ծանօթ է, Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան անցեալ շաբաթավերջին մասնակցեցաւ Արեւելեան թեմի հոգեւորականաց դասէն Տ. Արմաշ քհնյ. Պաղտասարեանի ձեռնադրութեան տասնամեակի յոբելենական արարողութիւններուն։ Ան այս շաբաթ ալ մասնակցութիւն կը բերէ Նիւ Եորքի Ս. Ներսէս ընծայարանի՝ այժմու համալիրէն ներս տեղակայման տասնամեակին ձօնուած յոբելենական հանդիսութիւններուն, որոնց ընթացքին պիտի մեծարուի նախկին թեմակալ առաջնորդներէն Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան։

Զրոյցի ընթացքին առաջնորդ Տ. Մեսրոպ եպսկ. Պարսամեան ուրախութիւն յայտնեց, որ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան հնարաւորութիւն կ՚ունենայ Արեւելեան թեմի այս յատկանշական իրադարձութիւններուն մասնակցութիւն բերելու՝ մանաւանդ, որ ան մօտաւոր անցեալին իր ուսումը կատարելագործած էր Նիւ Եորքի Ս. Ներսէս ընծայարանէն ներս։ Ուստի, թեմակալ առաջնորդը նշեց, որ հայր սուրբը անծանօթ մը չէր Նիւ Եորքի եւ շրջակայքի հաւատացեալներուն տեսակէտէ եւ իր մասնակցութիւնը Ս. Ներսէս ընծայարանի յոբելեանին ունի կարեւոր նշանակութիւն։

Թեմակալ առաջնորն ու հայր սուրբը զրոյցի ընթացքին անդրադարձան նաեւ մօտաւոր անցեալին Արեւելեան թեմին կողմէ դէպի Թուրքիա կազմակերպուած ուխտագնացութեան շուրջ։ Նկատի ունենալով, որ Տ. Մեսրոպ եպսկ. Պարսամեան անձամբ գլխաւորած էր այդ ուխտագնացութիւնը՝ հայր սուրբի հետ երէկուան զրոյցի ընթացքին ան վերյիշեց մօտաւոր անցեալի քաղցր յիշատակները եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց առաջին իսկ յարմար առիթով վերստին այցելութեան համար։

Զրոյցի աւարտին նորին սրբազնութիւնը հայր սուրբին բարի կեցութիւն մաղթեց՝ փոխանցելով օրհնութիւններն ու բարեմաղթանքը։ Ան Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեանին նուիրեց նաեւ իր հեղինակած գիրքերէն մակագրուած օրինակ մը։ Միւս կողմէ, Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան վաղը պիտի պատարագէ Նիւ Ճըրզիի Ս. Ղեւոնդեանց եկեղեցւոյ մէջ, ուր պիտի խօսի նաեւ քարոզ մը։ 

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 3, 2026