ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐԺԱՆԹԻՆԷՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց՝ Արժանթինէն Հայաստան մեկնած պատուիրակութիւն մը, որու կազմին մէջ կը գտնուէին երկրի ծերակոյտի անդամներ եւ քաղաքական գործիչներ։ Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ պատուիրակութեան այցը հայ եւ արժանթինցի ժողովուրդներու բարեկամութեան հերթական վկայութիւնն է։ Ան կարեւորեց նման հանդիպումները՝ փոխադարձ ճանաչումի խորացման եւ երկու ժողովուրդներու միջեւ կապերու զօրացման տեսակէտէ։ Նորին Սրբութիւնը գոհունակութեամբ անդրադարձաւ դժուարին ժամանակներու մէջ հայ ժողովուրդին Արժանթինի կողմէ ցուցաբերուած զօրակցութեան՝ ընդգծելով նաեւ արժանթինահայ համայնքի աւանդը երկու երկիրներու յարաբերութիւններու զարգացման եւ ամրապնդման ուղղութեամբ։
Զրոյցի տեւողութեան Նորին Սրբութիւնը հիւրերուն ներկայացուց Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնն ու ներկայ գործունէութիւնը՝ անդրադառնալով հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս քրիստոնէական հաւատքի, ազգային ինքնութեան եւ հոգեւոր արժէքներու պահպանման կարեւորութեան։
Հիւր պատուիրակութեան անդամները շնորհակալութիւն յայտնեցին Վեհափառ Հայրապետի ջերմ ընդունելութեան համար՝ շեշտելով, որ իրենց այցելութիւնը հնարաւորութիւն մըն է առաւել մօտէն ճանչնալու Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը, անոր պատմութիւնն ու հարուստ մշակոյթը։
ԱՇԽԱՏԱՆՈՑ
Միւս կողմէ, երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ թանգարանային արժէքներու վերականգնման եւ պահպանման արհեստանոցի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ «Ալեք եւ Մարի Մանուկեան» գանձատան յարկաբաժնին մէջ, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի նախաձեռնութեամբ հիմնուած արհեստանոցը Ճաբոնի կառավարութեան մշակութային «Grassroots» դրամաշնորհային ծրագրի շրջանակներէն ներս, Երեւանի մօտ Ճաբոնի դեսպանութեան եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) աջակցութեամբ, համալրուած է անհրաժեշտ սարքաւորումներով։
Բացման արարողութեան ներկայ էին Երեւանի մօտ Ճաբոնի դեսպանի տեղակալ Անազաւա Եոքօ, ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի մասնաճիւղի նախագահ եւ Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Վազգէն Եագուպեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի թանգարաններէն ներկայացուցիչներ, վերականգնման մասնագէտներ եւ Ճաբոնի միջազգային համագործակցութեան գործակալութեան Հայաստանի մէջ պաշտօնավարող պատասխանատուներ, ճաբոնագէտներ։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն, վանորէից տեսուչ Տ. Նաթան արք. Յովհաննիսեան ներկաներուն փոխանցեց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութիւնն ու գնահատանքը։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Թանգարաններու եւ արխիւի տնօրէն Տ. Ասողիկ աբեղայ Կարապետեան անդրադարձաւ արհեստանոցի գործունէութեան՝ շնորհակալութիւն յայտնելով Ճաբոնի կառավարութեան եւ ՀԲԸՄ-ի կողմէ ցուցաբերուած աջակցութեան համար։
Իր կարգին, Անազաւա Եոքօ գոհունակութիւն յայտնեց արդիւնաւէտ համագործակցութեան կապակցութեամբ՝ յոյս յայտնելով, թէ տրամադրուած սարքաւորումները կը ծառայեն թանգարանային նմոյշներու վերականգնման ու պահպանման աշխատանքներուն։
Վազգէն Եագուպեան անդրադարձաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ ՀԲԸՄ-ի բազմամեայ համագործակցութեան՝ շեշտելով, որ թանգարաններէ ներս պահպանուած արժէքները ժողովուրդի ինքնութեան եւ պատմական յիշողութեան վկաներ են։ Ան կարեւորեց արհեստանոցի համալրումը նորարարական սարքաւորումներով, որոնք կը նպաստեն այդ արժէքներու վերականգնման եւ անխաթար պահպանութեան գործին։
Արհեստանոցի գործունէութիւնը հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ ընդլայնելու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի թանգարանային հաւաքածոներու ցուցադրութիւնը՝ պահոցներէ ներս գտնուող հոգեւոր եւ մշակութային արժէքները պատշաճ կերպով ներկայացնելով հանրութեան։