ՄՏԱՀՈԳԻՉ ՎԻՃԱԿ

Համայն քրիստոնեայ աշխարհը մտահոգութեամբ կը հետեւի Սուրբ Երկրէն հասած լուրերուն։ Արդարեւ, արեւելքի քրիստոնեաներու կացութիւնը արդէն երկար ժամանակէ ի վեր մտահոգիչ է եւ Մերձաւոր Արեւելքի վերջին պատերազմն ալ եկած է բազմապատկել այդ մտահոգութիւնը։

Երէկ, Լատին Կաթոլիկ եկեղեցին հնարաւորութիւն չունեցաւ Ս. Յարութեան տաճարին մէջ Ծաղկազարդի տօնակատարութիւն իրականացնելու։ Ֆրանսիսքեան միաբանութեան Քուսթոսի գլխաւորած թափօրը Իսրայէլի ոստիկանութեան կողմէ ճանապարհէն ետ դարձուեցաւ եւ տօնակատարութիւնները չկատարուեցան։ Պատմականօրէն աննախընթաց իրադարձութիւն մըն է այս մէկը, ինչ որ լայն արձագանգ գտաւ միջազգային լրահոսին մէջ։

Միւս կողմէ, Ս. Զատկի ընդառաջ, Երուսաղէմի հոգեւոր պետերը եւ քրիստոնեայ յարանուանութիւններու առաջնորդները խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցան։ Ս. Յարութեան տաղաւարին ընդառաջ, Երուսաղէմի յունաց պատրիարքարանին մէջ, Ամենապատիւ Թէոֆիլոս Գ. Պատրիարքի հիւրընկալմամբ տեղի ունեցաւ այս խորհրդակցութիւնը, որուն Երուսաղէմի հայոց պատրիարութեան անունով մասնակցեցաւ աւագ թարգման Տ. Վազգէն վրդ. Ալեքեան։

Կը հաղորդուի, որ բարձրաստիճան հոգեւորականները անդրադարձան զատկական շնորհաւորականներուն եւ միասնական հաղորդագրութեան բովանդակութեան վերաբերեալ հարցերու։

Երէկուան իրադարձութիւնը յաջորդած է Երուսաղէմի հոգեւոր առաջնորդներու խորհրդակցութեան։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ իրադարձութիւններու շարունակութեան կը սպասուի հետաքրքրութեամբ։

Երկուշաբթի, Մարտ 30, 2026