Չորեքշաբթի 1, Յուլիս 2026
ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) պատուոյ նախագահ Պերճ Սեդրակեան շաբաթավերջին հիւրընկալուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքէն ներս, Լիբանան։
Անթիլիասի աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Պերճ Սեդրակեան եւ Կիլիկեան աթոռի գահակալը ընդհանուր արժեւորում մը կատարեցին՝ Հայաստանի ներքին կացութեան, Միջին Արեւելքի առկայ իրադարձութիւններուն, ինչպէս նաեւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու ներկայ փուլին շուրջ։
Երեքշաբթի, Յունիս 30, 2026