ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐԷՆ ԳՈՐԾԻՉՆԵՐ
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի նախկին անդամներէն Ռենտի Հուլտկրենը, Ազգային աղօթքի նախաճաշի համակազմակերպիչ Ուէս Անտերսոնը եւ «Spryng Energy» ընկերութեան գլխաւոր գործադիր տնօրէն Տէն Ալեքսանտրին՝ ուղեկցութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի բարերարներէն Աշոտ Թունեանի։
Հիւրերը Հայաստան ժամանած են հոկտեմբերի 2-3-ին, Երեւանի մէջ նախատեսուած Աղօթքի նախաճաշին մասնակցելու նպատակով։ Այս առթիւ անոնք այցելեցին նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ ի մօտոյ ծանօթանալու Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ պատմութեան ու գործունէութեան։
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայոց Եկեղեցւոյ հոգեփրկչական եւ ազգապահպան առաքելութեան։ Ընդգծուեցաւ նաեւ եկեղեցւոյ բացառիկ դերակատարութիւնը հայ ժողովուրդի հոգեւոր մշակոյթի, ազգային ինքնութեան կերտման ու պահպանման ուղղութեամբ։ Զրուցակիցները կարեւորեցին անհատի ու հասարակութեան կեանքէ ներս հաւատքի եւ հոգեւոր արժէքներու դերը, ինչպէս նաեւ երիտասարդներու եւ մատաղ սերունդի քրիստոնէական դաստիարակութեան ու եկեղեցական կեանքին անոնց գործօն մասնակցութիւնը՝ իբրեւ հասարակութեան բարոյական հիմքերու ամրապնդման եւ խաղաղ ապագայի կերտման գրաւական։
Միւս կողմէ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց գանատահայ ուխտաւորներ։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատայի թեմի «Հայ արդ տուն» կազմակերպութեան նախաձեռնած ուխտագնացութեան շրջանակներէն ներս ուխտաւորները կ՚այցելէին Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։
Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը օրհնութիւններն ու բարեմաղթութիւնները փոխանցեց ներկաներուն՝ գնահատանքով անդրադառնալով գանատահայութեան եկեղեցասիրութեան ու հայրանանուէր ոգիին։ Նորին Սրբութիւնը կարեւորեց ուխտագնացութիւններու դերը հաւատքի զօրացման, ազգային ինքնութեան պահպանութեան եւ հայրենիքի ու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հետ կապերու ամրապնդման ուղղութեամբ։
Վեհափառ Հայրապետը ուխտաւորներուն յորդորեց շարունակել գործօն մասնակցութիւն բերել իրենց համայնքներու ազգային-եկեղեցական կեանքին՝ առանձնակի հոգածութիւն ցուցաբերելով երիտասարդ սերունդի հայեցի եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան համար։ Միշտ կարեւորելով հաւատքի զօրացման, ազգային ինքնութեան պահպանութեան եւ հայրենիքի ու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հետ կապերու ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը։ Հանդիպման աւարտին Վեհափառ Հայրապետը մաղթեց, որ այս այցելութիւնը հոգեւոր նորոգութեան ու ոգեշնչման առիթ դառնայ ուխտաւորներուն համար՝ զօրացնելով անոնց հոգիներէն ներս հաւատն առ Աստուած, սէրն ու նուիրումը Մայր Եկեղեցւոյ եւ հայրենիքի նկատմամբ։
