ՎԻՐԱՒՈՐԱՆՔ ԵՒ ԸՆԴՎԶՈՒՄ

Հայաստանէ ներս ծնունդ առած իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութիւնը կը շարունակէ ծանր դրսեւորումներ ունենալ։ Այս լարուածութեան իւրաքանչիւր քայլափոխին կը ստեղծուին մտահոգիչ իրադարձութիւններ։ Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը հերթական անգամ մատնանշեց իշխանութիւններու հակաեկեղեցական արշաւի հետեւանքները։

Շաբաթավերջին, Ծաղկազարդի տօնին օրը, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այցելեց Երեւանի Ս. Աննա եկեղեցին, ուր ծագեցան ցաւալի դէպքեր։ Ըստ լրատուամիջոցներուն՝ հաւատացեալ մը փորձած է հարուածել վարչապետ Փաշինեանը։ Իրաւապահ մարմինները անմիջապէս միջամտած են եւ լուրեր կան՝ բերման ենթարկուածներու, ձերբակալուածներու մասին։ Սրբավայրէն ներս ստեղծուած խռովութիւնը ինքնին տհաճ էր, մինչ Հայաստանի կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեան դէպքին կապակցութեամբ հանդէս եկաւ ծանր պնդումներով, ըստ որոնց՝ ստեղծուած իրավիճակին համար կը մեղադրուին Հայոց Եկեղեցին եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։

Այս բոլորէն վերջ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական համակարգը երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ։ «Խորապէս կը ցաւինք Ծաղկազարդի տօնին Ս. Աննա եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցածին առնչութեամբ, ինչ որ խաթարեց սրբավայրէ ներս տիրող տօնական աղօթական մթնոլորտը», շեշտուած է յայտարարութեան մէջ։ Անդրադառնալով Արայիկ Յարութիւնեանի պնդումներուն՝ յայտարարութեան մէջ նշուած է հետեւեալը. «Վարչապետի կարճատեւ այցելութեան ընթացքին արձանագրուած միջադէպը պէտք է դիտարկել՝ որպէս հետեւանք իշխանութիւններու հակաեկեղեցական արշաւի եւ հակաօրինական, ոչ-կանոնական գործողութիւններու, որոնք կը վիրաւորեն հաւատացեալներու կրօնական զգացումները եւ տեղի կու տան նման ընդվզումներու։ Ուստի, Հայոց Եկեղեցւոյ եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին անհիմն մեղադրելու փոխարէն պէտք է անդրադառնալ եւ վերատեսութեան ենթարկել եկեղեցւոյ, եկեղեցականներու եւ ազգային-հոգեւոր արժէքներու դէմ իշխանութիւններու որդեգրած դիրքորոշումները, որոնք ազգավնաս են, կը պառակտեն մեր ժողովուրդը՝ յանգեցնելով նման ցաւալի երեւոյթներու»։

Մինչ այդ, միջադէպի պատահած Երեւանի Ս. Աննա եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Զենոբ քահանայ Բարսեղեանն ալ այս կապակցութեամբ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ։ «Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդումներով, ան մասնաւորապէս դատապարտելի եւ մերժելի նկատեց եկեղեցիէ ներս որեւէ բռնութեան դրսեւորում։ «Եկեղեցին նախ եւ առաջ եւ հաստատապէս՝ անկախ քաղաքական հայեացքներէ, Աստուծոյ տունն է, ուր մարդիկ կեանքի կոչելով մեր Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի զիրար սիրելու պատուիրանը՝ կը միաւորուին սիրոյ, կարեկցանքի եւ աղօթքի շուրջ։ Ներողութիւն կը խնդրենք բարեպաշտ հաւատացեալներէն, որոնք եկեղեցի գալով ակամայ ներկայ գտնուեցան այդ դատապարտելի տհաճ դէպքին։ Կը յորդորենք մեր հաւատաւոր զաւակներուն՝ զերծ մնալ քաղաքական գործընթացները եկեղեցի ներմուծելու վտանգաւոր գործողութիւններէ։ Կ՚աղօթենք, որ Աւագ շաբթուան ընթացքը ապաշխարութեամբ անցնինք Տիրոջ չարչարանաց ճանապարհով եւ մաքրուած ու զօրացած դիմաւորենք Տիրոջ հրաշափառ Յարութիւնը», ըսած է Տ. Զենոբ քահանայ Բարսեղեան յայտարարութեան մէջ։

Երեքշաբթի, Մարտ 31, 2026