ՍՐՏԱՆՑ ՏԱԼ ԵՒ ՄԻՇՏ ԱՐԹՈՒՆ ՈՒ ՊԱՏՐԱՍՏ ԸԼԼԱԼ
Այսօր Աւագ երեքշաբթի է: Աւագ երեքշաբթին Տէր Յիսուսի երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին կատարած քարոզութեան վերջին օրն է եւ ամենէն երկարը: Յիսուսի այսօրուան ուսուցումը տեւած է առաւօտեան կանուխ ժամերէն, մինչեւ գիշերուան ուշ ժամերը: Աւագ երեքշաբթին կը խորհրդանշէ ստեղծագործութեան երրորդ օրը եւ երրորդ ժամանակաշրջանին պատկերն է, երբ ջրհեղեղը ողողեց ամբողջ աշխարհը, Նոյի միջոցաւ մարդկային ցեղը վերսկզբնաւորուեցաւ, սակայն որոշ ժամանակ ետք դարձեալ մարդիկ չարացան, որով եւ Աստուած խառնեց մարդոց լեզուները: Աւագ երեքշաբթի օրը ծանօթ է նաեւ «Յիշատակ տասը կուսանաց» անունով: Այսօրուան Աստուածաշնչական ընթերցումները կը յիշեցնեն մեզի ջրհեղեղն ու մարդուն վերսկզբնաւորումը (Ծն 6.9-9.17), տաճարին տուրք վճարելու հարցը, յարութեան հարցը, կարեւորագոյն պատուիրանը, որո՞ւ Որդին է Քրիստոս, զգուշանալ Օրէնքի ուսուցիչներէն, այրի կնոջ լուման (Մր 12.13-44), Վերջին Դատաստանի խորհուրդը (Մտ 24.1-26.2):
Երկու կարեւոր կէտեր, որոնց իւրաքանչիւր քրիստոնեայ պէտք է ուշադրութիւն դարձնէ: Առաջին, Տէր Յիսուսի գնահատականը այրի կնոջ տուած լումային. «Վստա՛հ գիտցէք, որ այս թշուառ այրին բոլորէն շատ դրամ նետած եղաւ գանձանակին մէջ, որովհետեւ միւսները իրենց աւելորդ գումարներէն նետեցին, մինչ անիկա, հակառակ չքաւոր ըլլալուն, ինչ որ ունէր՝ նետեց, իր ամբո՛ղջ ապրուստը» (Մր 12.43-44): Երբ որեւէ մէկ բան կը կատարենք, պէտք է սրտանց կատարենք: Ծանօթ երեւոյթ է, որ երբ մարդ իր գործը սրտանց կը կատարէ, ինչքան ալ դժուարութիւններու հանդիպի, կը դիմագրաւէ զանոնք, չի՛ դժգոհիր, որովհետեւ կը սիրէ իր գործը: Նոյնը պէտք է ըլլայ հոգեւոր կեանքի մէջ մեր ունեցած աշխատանքին՝ առաքինութիւններուն: Երբ որեւէ մէկ բան պիտի տանք՝ ըլլա՛յ եկեղեցիին, ըլլա՛յ կարօտեալներուն, ո՛չ թէ մեր աւելցուքը պէտք է տանք, այլ՝ ի՛նչ որ ալ պիտի տանք՝ նիւթական կամ բարոյական, մեր սիրտէն բխած պէտք է ըլլայ, այլ խօսքով, պէտք է մեր դիմացինին տառապանքը մերը ընելով կատարենք մեր արարքը:
Երկրորդ կէտը, Տէր Յիսուսի հետեւեալ կոչն է. «Ուրեմն՝ արթո՛ւն մնացէք, որովհետեւ չէք գիտեր Մարդու Որդիին գալուն ո՛չ օրը եւ ո՛չ ալ ժամը» (Մտ 25.13): Քրիստոնեան մնայուն սպասումի մէջ պէտք է ըլլայ Տէր Յիսուսի երկրորդ գալուստին: Սպասում մը, սակայն, որ պէտք է պարենաւորուած ըլլայ ամէն տեսակի առաքինութիւններով, բարի գործերով եւ Աստուծոյ կամքին համաձայն ապրուած կեանքով մը: Յիմար կոյսերը տարուելով այս աշխարհի ինչ-ինչ զբաղումներով, կորսնցուցին առիթը եւ երբ Փեսան եկաւ, չկրցան Անոր հետ առագաստ մտնել: Ի՞նչ են այդ զբաղումները. աշխարհիկ հաճոյքները, մտահոգութիւնները, ունեցուածքը, դիրքը, պաշտօնը, մեղքը, ատելութիւնը, չարութիւնը, եւ այլն: Մինչ իմաստուն կոյսերը, որոնք իրենք զիրենք պարենաւորած էին առաքինութիւններով ու բարի գործերով ո՛չ միայն դիմաւորեցին Փեսան, այլ Անոր հետ առագաստ մտան: Մենք ալ մեր ընթացքով փորձենք արժանի ըլլայ նոյն առագաստը մտնել Անմահ Փեսային հետ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
30 մարտ 2026, Վաղարշապատ