ՕԳՈՍՏՈՍԻ 7-ԻՆ՝ ԱՌԱՋԻՆ ԴԱՏԱԿԱՆ ԼՍՈՒՄԸ

Հայաստանի մէջ իշխանութիւններու կողմէ ձեռնարկուած հակաեկեղեցական արշաւի տխուր դրսեւորումները կը խորանան։ Յառաջիկայ օրերուն Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ու Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասու հինգ անդամներ կը պատրաստուին կանգնիլ դատարանի առջեւ։ Ըստ հայկական լրահոսի մէջ արձագանգ գտած տեղեկութիւններուն՝ փաստաբան Արա Զօհրապեան ընկերային ցանցերու վրայ գրառումով մը տեղեկացուց, որ Վեհափառ Հայրապետին եւ հինգ սրբազաններու դէմ քրէական գործով նախնական դատալսումներու առաջին նիստը նախատեսուած է 7 օգոստոս 2026 թուականին, ժամը 16.00-ին։ 

Ըստ փաստաբանին՝ քրէական գործը յանձնուած է Արմավիր մարզի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարան եւ մակագրուած է դատաւոր Յակոբ Մանուկեանին։ Նիստը կը նախատեսուի իրականացնել Էջմիածին քաղաքի՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ փողոցի թիւ 15 հասցէին, ուր կը գտնուի դատարանի առաջին դահլիճը։ 

Ըստ փաստաբանի գրառման՝ Նորին Սրբութեան մեղադրանք առաջադրուած է այն բանին համար, որ ան հանդիսանալով նաեւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) նախագահը՝ ծառայողական իր լիազօրութիւնները օգտագործելով խոչընդոտած է օրինական ուժի մէջ մտած դատավճռի կատարումը։ Խօսքը Արմավիրի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի՝ հայցի ապահովման միջոց կիրառելու մասին որոշման կատարումը խոչընդոտելու վերաբերեալ մեղադրանքի մասին է։ 

Զօհրապեանի փոխանցմամբ՝ քրէական վարոյթի հիմքին մէջ դրուած է Մասեացոտնի թեմի նախկին առաջնորդ Արման Սարոյեանը կարգալոյծ հռչակելու վերաբերեալ Նորին Սրբութեան Հայրապետական տնօրինութիւնը։

Ուրբաթ, Յուլիս 31, 2026