ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՏՈՒԱՒ ԻՐ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՄԱՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿՈՒՄԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒՆ
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայ մարմնամարզական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) 13-րդ բանակումի մասնակիցները։ Հարկ է նշել, որ ՀամաՀՄԸՄ-ական խաղերը կը կազմակերպուին չորս տարին անգամ մը: Այս տարուայ բանակումին կը մասնակցի շուրջ 900 սկաուտ՝ աշխարհի 26 երկիրներէ։
Վեհափառ Հայրապետը հանդիպման ընթացքին իր սէրն ու օրհնութիւնը փոխանցեց ներկաներուն եւ գոհունակութիւն յայտնեց Հայաստանէ ներս աշխարհասփիւռ հայորդիներու համախմբման, ինչպէս նաեւ բանակումի շրջանակներէ ներս կազմակերպուած կրթական, մշակութային եւ հոգեւոր ծրագրերուն կապակցութեամբ։ Ան կարեւորեց Հայաստանի ճանաչման ուղղեալ նմանօրինակ ծրագրերը, որոնք կոչուած են զօրացնելու երիտասարդներու ազգային գիտակցութիւնը եւ ազգին ու հայրենիքին ծառայելու պատրաստակամութիւնը։
Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ գտնուելով Հայաստանի մէջ՝ երիտասարդները հաղորդ կը դառնան հայրենի իրականութեան, կը ծանօթանան հայ ժողովուրդի պատմութեան, մշակոյթին, հոգեւոր ժառանգութեան ու նուիրական սրբութիւններուն եւ առաւել խորութեամբ կը ճանչնան իրենց ինքնութիւնը։ Ան վստահութիւն յայտնեց, թէ Հայաստանէ ներս անցուցած օրերը անոնց համար կը դառնան անմոռանալի՝ հարստացած նոր հոգեւոր ապրումներով, ջերմ տպաւորութիւններով ու բացայայտումներով։ Վեհափառ Հայրապետը խօսքին մէջ ուրախութեամբ անդրադարձաւ երիտասարդներու հայրենասիրական ոգիին, Աստուածսիրութեան ու եկեղեցասիրութեան՝ նշելով, որ այդ իսկ արժէքները ամուր կը պահեն ազգային կեանքը, կը միաւորեն աշխարհասփիւռ հայութիւնը եւ կը զօրացնեն հայ ժողովուրդի հաւատքն ու յոյսը ապագային նկատմամբ:
Անդրադառնալով հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն՝ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ ներկայ ժամանակներուն առաւել քան երբեւէ անհրաժեշտ են ազգային միասնականութիւնը, եղբայրսիրութիւնը ու անսակարկ նուիրումը համազգային շահերուն նկատմամբ։ Ան համոզուած է, թէ միայն սիրով, միաբանութեամբ եւ համախմբուած ջանքերով հնարաւոր կ՚ըլլայ յաղթահարել առկայ փորձութիւնները եւ կերտել խաղաղ, ապահով ու բարօր երկիր մը։
Այնուհետեւ Նորին Սրբութիւնը հայորդիներուն պատգամեց իրենց հոգիներէն ներս մշտավառ պահել ազգային ոգին, անսասան՝ հաւատքն առ Աստուած եւ աննուազ՝ սէրն առ Հայաստանն ու Սուրբ Եկեղեցին։ Ան մաղթեց, թէ այդ սիրով առաջնորդուին իրենց կեանքին մէջ, ուսման ու աշխատանքին մէջ եւ իրենց շնորհներն ու կարողութիւնները ծառայեցնեն հայ ժողովուրդի բարօրութեան ու յառաջընթացին եւ հայրենիքի շէնացման։
Հուսկ, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց իր գնահատանքը ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներում, բանակումի կազմակերպիչներուն եւ ազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներուն, որոնք իրենց նուիրեալ ծառայութիւնը կը բերեն երիտասարդ սերունդի կրթութեան, ազգային եւ հոգեւոր դաստիարակութեան եւ հայեցի նկարագրի կերտման նուիրական գործին։