ՀԱՅՐԱԿԱՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց՝ պոլսահայ հոգեւորականաց դասէն Տ. Գասպար աբեղայ Կարապետեանը, որ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ սպասաւոր խումբ մը երիտասարդներուն հետ այսօրերուն կ՚այցելէ Հայաստան։ Այդ երիտասարդները առաջին անգամ մեկնած են Հայաստան, ուր պատկերացում կը կազմեն երկրի պատմամշակութային տեսարժան վայրերուն եւ բնութեան շուրջ։
Տ. Գասպար աբեղայ Կարապետեանի գլխաւորութեամբ, երիտասարդները ներկայացան Վեհափառ Հայրապետին, որ անոնց փոխանցեց օրհնութիւնն ու պատգամը։ Նորին Սրբութիւնը յորդորեց անսակարկ նուիրումով եւ պատրաստակամութեամբ ծառայել Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ ազգային-եկեղեցական կեանքէ ներս միշտ ըլլալ նախանձախնդիր անհատներ։
Հայր սուրբն ու երիտասարդներն ալ որդիական երախտագիտութիւն յայտնեցին Վեհափառ Հայրապետին՝ շեշտելով, որ կ՚աղօթեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի անսասանութեան եւ Նորին Սրբութեան արեւշատութեան համար։