Տ. ԱՐՄԷՆ ՎՐԴ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՔԱՂԱՔՍ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն Տ. Արմէն վրդ. Գալայճեանը, որ այս օրերուն կ՚այցելէ քաղաքս։ Ան Բերիոյ թեմի առաջնորդի օգնականն է։ Հայր սուրբը Պոլսոյ մէջ կ՚անցընէ իր արձակուրդը եւ կ՚իջեւանի Պատրիարքարանի մէջ։

Զրոյցի ընթացքին հիւր հոգեւորականը Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր փոխանցեց Բերիոյ թեմի առաջնորդ Տ. Մակար արք. Աշգարեանի եղբայրական ողջոյնները։ Ան յայտնեց, որ երկար ժամանակէ ի վեր կը նախատեսէր այցելել Պոլիս, որ հայոց պատմութեան եւ ընդհանրապէս մշակոյթին տեսակէտէ առանձնայատուկ իմաստ մը ունի։ Ուստի, հիւր հայր սուրբը Նորին Ամենապատուութեան շնորհակալութիւն յայտնեց՝ իր մտադրութեան իրականացման ճանապարհին ցուցաբերուած պատրաստակամութեան եւ հիւրընկալութեան համար։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ուրախութիւն յայտնեց երիտասարդ եկեղեցականի այցելութեան առթիւ՝ մաղթելով բարի կեցութիւն։

Տ. Արմէն վրդ. Գալայճեան քաղաքիս մէջ կեցութեան օրերուն պիտի այցելէ մեր զանազան եկեղեցիները, պիտի մասնակցի արարողութիւններու, պիտի այցելէ նաեւ պատմամշակութային վայրեր՝ մանաւանդ համաքրիստոնէական նշանակութեամբ սրբավայրեր։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 4, 2026