ԳՈՐԳԻ ՄԸ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց «Գորգի մը պատմութիւն» նախաձեռնութեան մասնակիցները։ Հիւրերու շարքին էին՝ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Հայաստանի մասնաճիւղի նախագահ եւ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վազգէն Եագուպեան, ինչպէս նաեւ Հայորդեաց տուներու հոգեւոր տեսուչ Տ. Յարութիւն վրդ. Կիրակոսեան։ Ինչպէս ծանօթ է, Հայորդեաց տուները կը գործեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ ՀԲԸՄ-ի հովանաւորութեան ներքեւ։
Հանդիպման սկիզբին հայր սուրբը Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց նախաձեռնութեան խորհուրդն ու նպաստը։ Ան նշեց, որ ամբողջ ուսումնական տարուայ ընթացքին կրթական ծրագրի շրջանակներէն ներս Արաբկիրի Հայորդեաց տուն հրաւիրուած են մշակոյթի, կրթութեան եւ հասարակական տարբեր ոլորտներու ներկայացուցիչներ, որոնք իրենց փորձառութիւնն ու գիտելիքները փոխանցած են սաներուն, ինչպէս նաեւ գորգագործութեան դասարանի սաներուն հետ համատեղ գործած են ինքնատիպ վիշապագորգ մը, որ իբրեւ իրենց որդիական սիրոյ եւ երախտագիտութեան արտայայտութիւնը, որոշած են ընծայել Նորին Սրբութեան։
Իր խօսքին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը շնորհակալութիւն յայտնեց եւ այս այցելութեան ընթացքին գնահատանքը փոխանցեց նախաձեռնութեան մասնակիցներուն՝ գոհունակութիւն յայտնելով ուսումնական գործընթացէ ներս մշակութային անուանի գործիչներու ներգրաւուածութեան բերումով։ Ան ընդգծեց, որ անոնք անձնական օրինակով, փորձառութեամբ ու վաստակով իրենց կարեւոր նպաստը կը բերեն Հայորդեաց տուներու կրթադաստիարակչական առաքելութեան։
Վեհափառ Հայրապետը օրհնութիւնն ու գնահատանքը փոխանցեց նաեւ բոլոր այն մասնագէտներուն եւ տեսուչներուն, որոնք Հայորդեաց տուներու ծրագրերուն ներգրաւուած են։
Նախաձեռնութեան մասնակից սաներուն համար Վեհափառ Հայրապետը մաղթեց, որ Ամենակալ Տէրը բազմապատկէ անոնց շնորհները, զօրացնէ բարի ու ստեղծագործական ձգտումներու մէջ եւ պարգեւէ նորանոր յաջողութիւններ։