ԴԷՊԻ ՎՃՌԱԲԵԿ ԱՏԵԱՆ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) անդամ վեց սրբազաններու դէմ Հայաստանի մէջ բացուած դատի իրադարձութիւնները կ՚ընթանան հետաքրքրական հունէ մը ներս։ Վեհափառ Հայրապետի եւ վեց սրբազաններու դէմ գործը, ըստ էութեան, քննել չէ համաձայնած նշանակուած երրորդ դատաւորը՝ Վահագն Մելիքեան՝ պատճառաբանելով, որ այդ մէկը իր իրաւասութեան ներքեւ չէ։
Երեւանի Ընդհանուր իրաւասութեան քրէական ատեանի դատաւոր Վահագն Մելիքեան այս կապակցութեամբ դիմեց Հայաստանի Վճռաբեկ ատեան՝ Վեհափառ Հայրապետի եւ սրբազաններու վերաբերեալ քրէական վարոյթի ընդդատութեան հարցը լուծելու համար։ «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հաղորդումներով՝ դատաւորի այս դիմումի հիմքին կը գտնուի Հայաստանի Քրէական դատավարութեան օրէնսգրքի 263-րդ յօդուածի չորրորդ մասը։
Ըստ իրաւական այս չափանիշի՝ վարոյթը ըստ ընդդատութեան ստացած դատարանը մինչեւ նախնական դատալսումներու սկիզբը իրաւասու է որոշմամբ վիճարկելու անոր ընդդատութիւնը։ Այս պարագային, վարոյթի ընդդատութեան հարցը հնգօրեայ ժամկէտի մէջ վերջնականապէս կը լուծուի Վճռաբեկ դատարանի քրէական պալատի նախագահի որոշմամբ։ Այսպէս, Հայաստանի Վճռաբեկ ատեանը պիտի որոշէ, թէ այս գործը պէտք է քննուի Երեւանի՞ կամ Արմաւիրի դատարանին մէջ։
Նախապէս Արմաւիրի երկու դատաւորները, իսկ երէկուան դրութեամբ ալ Երեւանի դատաւորը գործնականօրէն մերժած են քննել սոյն գործը։
Վեհափառ Հայրապետին եւ ԳՀԽ-ի անդամ վեց սրբազաններուն դէմ քրէական վարոյթ սկսած է՝ Հայաստանէ ներս առկայ իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան պայմաններուն ներքեւ։ Նորին Սրբութիւնն ու միւս սրբազանները դատարան հրաւիրուած են՝ իսկապէս ծիծաղելի եւ շինծու մեղադրանքով, ինչ որ կ՚իմաստաւորուի միայն իշխանութիւններու կողմէ Վեհափառ Հայրապետի եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ակնյայտ թիրախաւորման համայնապատկերին վրայ։