Ուրբաթ 5, Յունիս 2026
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ
Երէկ, Երուսաղէմի Եբրայական համալսարանէն ներս տեղի ունեցաւ հետաքրքրական հաւաքոյթ մը, որ ձօնուած էր հրեաներու եւ քրիստոնեաներու միջեւ փոխյարաբերութիւններու թէժ գիծին։ Այս համաժողովի ընթացքին Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը ներկայացուց դիւանապետ Տ. Աղան վարդապետ Գոգճեան, որ հանդէս եկաւ նաեւ ելոյթով մը։
Երուսաղէմէ ներս հրեաներու եւ քրիստոնեաներու յարաբերութիւններուն մէջ տասնամեակներէ ի վեր կը կրկնուին լարուածութիւններ, որոնք հերթական անգամ շօշափուեցան այս հետաքրքրական հաւաքոյթի ընթացքին։
Ուրբաթ, Յունիս 5, 2026