ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԷՆ ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՀԻՒՐ

Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ կողմէ բարձրաստիճան ներկայացուցիչ մը։ Այսպէս, Վեհափառ Հայրապետը հիւրընկալեց Մոսկուայի Պատրիարքութեան Արտաքին եկեղեցական կապերու բաժնի նախագահ Վոլոքոլմասքի մետրապոլիտ Անթոնին: 

Հիւր բարձրաստիճան եկեղեցականը Նորին Սրբութեան փոխանցեց համայն Ռուսաստանի Քիրիլ Պատրիարքի եղբայրական ողջոյններն ու բարեմաղթանքը՝ վերահաստատելով Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ զօրակցութիւնը հայոց եկեղեցւոյ ի նպաստ։ Նորին Սրբազնութիւնը անդրադարձ կատարեց Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ կարեւոր դերակատարութեան հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս՝ անընդունելի նկատելով աշխարհիկ իշխանութիւններու կողմէ որեւէ միջամտութիւն եկեղեցւոյ ներքին կեանքին։ 

Այնուհետեւ, Վեհափառ Հայրապետը օրհնութիւնն ու աղօթքները փոխանցեց մետրապոլիտ Անթոնիի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութեան։ Նորին Սրբութիւնը մասնաւոր երախտագիտութիւն յայտնեց Քիրիլ Պատրիարքի կողմէ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ եւ հայոց հայրապետի նկատմամբ մշտապէս դրսեւորուած ջերմ վերաբերմունքին եւ զօրակցութեան համար։ Ան գոհունակութեամբ անդրադարձաւ երկու եկեղեցիներու յարաբերութիւններուն եւ գործակցութեան՝ մաղթելով, որ ամուր եւ հաստատուն ըլլայ այդ եղբայրութիւնը եւ ծառայէ երկու բարեկամ ժողովուրդներու միջեւ բազմադարեան կապերու զօրացման: 

Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ եկեղեցիներու նկատմամբ տեղ գտած բռնաճնշումներուն եւ հետապնդումներուն։ Ընդգծուեցաւ, որ Աստուծոյ ողորմութեամբ, եկեղեցականներու նախանձախնդիր ծառայութեամբ եւ ժողովուրդի ամուր հաւատքով պիտի յաղթահարուին բոլոր փորձութիւններն ու դժուարութիւնները։ 

Հանդիպման աւարտին Վեհափառ Հայրապետը եղբայրական ողջոյնները փոխանցեց Քիրիլ Պատրիարքին՝ մաղթելով քաջառողջութիւն եւ գահակալութեան երկար ու արդիւնաւոր տարիներ՝ ի պայծառութիւն Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ եւ ի բարօրութիւն հաւատաւոր իր հօտին։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 5, 2026