Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ ԵՐԷԿ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Երէկ, պոլսահայ հոգեւորականաց դասէն Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան պատարագեց Նիւ Ճըրզիի Ս. Ղեւոնդեանց եկեղեցւոյ մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, հայր սուրբը միջոցէ մը ի վեր կը գտնուի Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս, ուր մասնակցութիւն կը բերէ շարք մը արարողութիւններու։ Ան երէկ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագը մատոյց՝ ներկայութեամբ Տ. Վահան եպսկ. Յովհաննէսեանի, Տ. Յովնան աւ. քհնյ. Պոզոյեանի եւ Նիւ Ճըրզիի եկեղեցւոյ հոգեւոր հոգիւ Տ. Տիրան քհնյ. Պողաճեանի։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօնով ոգեկոչուեցան՝ տեղւոյն Պոլսահայ օգնութեան միութեան հիմնադիրներն ու հանգուցեալ անդամները։

Ս. Պատարագի աւարտին, Ս. Ղեւոնդեանց եկեղեցւոյ յարակից «Ապաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յատկանշական մեծարանքի արարողութիւն մը։ Այսպէս, սոյն եկեղեցւոյ համալիրէն ներս կազմակերպուած կիրակնօրեայ դպրոցի երկարամեայ ու նուիրեալ տեսչուհի Անտրէա Քարտըն, որ տարիներ շարունակ անմնացորդ ծառայութիւն բերած էր ծրագրին՝ եկեղեցւոյ մանուկներու հոգեւոր կրթութեան ու դաստիարակութեան համար, մեծարուեցաւ եւ յուզիչ մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ առաւ առաքելութենէն։ «Ապաճեան» սրահին մէջ համախմբուած ներկաները զինքը առարկայ դարձուցին խոր երախտագիտական զգացումներու։

Միւս կողմէ, երէկ երեկոյեան, Նիւ Ճըրզիի «Մատօ» ճաշարանին մէջ ալ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեանի ի պատիւ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը։ Հաւաքոյթը պատուեց նաեւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ եպսկ. Պարսամեան։ Նիւ Եորքի եւ Նիւ Ճըրզիի շրջանի՝ նախկին պոլսահայերու կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները մասնակցութիւն բերին այս անմիջական հաւաքոյթին։ Երեկոյթին ներկայ էին նաեւ առաջնորդական փոխանորդ Տ. Սիմէոն աբեղայ Օտապաշեան, Տ. Արմաշ քհնյ. Պաղտասարեան, Տ. Տիրան քհնյ. Պողաճեան եւ թեմի «Կոմիտաս» երգչախումբի բազմամեայ վարիչ Քրիս Գալֆայեան։

Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ շաբաթավերջին Արեւելեան թեմէն ներս պիտի նշուի Ս. Ներսէս ընծայարանի՝ այժմու համալիրէն ներս հաստատման տասնամեայ յոբելեանը եւ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան մասնակցութիւն պիտի բերէ նաեւ այդ յոբելենական արարողութիւններուն, որոնք պիտի կրեն նաեւ մեծարանքի բնոյթ՝ ի պատիւ թեմի նախկին առաջնորդներէն Տ. Խաժակ արք. Պարսամեանի։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2026