ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԷՆ ՀԻՒՐ

Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Սպիտակ տան հաւատքի հարցերով գրասենեակի աւագ խորհրդական Փոլա Ուայթ-Քէյնը: Այս վերջինը Հայաստան մեկնած էր՝ մասնակցելու համար Երեւանի մէջ կազմակերպուած Աղօթքի երկրորդ նախաճաշին։ Երկօրեայ այդ յայտագրին մասնակցութիւն բերելու առընթեր, Փոլա Ուայթ-Քէյնը երէկ առաւօտ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ մասնակցեցաւ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին։ Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ, Միածնաէջ Մայր Տաճարի սրբազան կամարներուն ներքեւ տեղի ունեցած արարողութեան մասնակցելէ վերջ, Փոլա Ուայթ-Քէյնը հիւրընկալուեցաւ վեհարանի մէջ։ 

Նորին Սրբութիւնը ողջունեց Փոլա Ուայթ-Քէյնըի այցելութիւնը Հայաստան եւ համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոն՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Ան Սպիտակ տան բարձրաստիճան պաշտօնատարի այցելութիւնը նկատեց պատեհ առիթ մը՝ մօտէն ճանչնալու քրիստոնէութիւնը պատմութեան մէջ առաջինը պետական կրօն հռչակած երկիրը, հայ ժողովուրդը ու անոր հոգեւոր-մշակութային հարուստ ժառանգութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութիւն յայտնեց նաեւ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփին, երկրի հայ հոգեւոր առաջնորդներուն՝ վերջերս կազմակերպուած հանդիպման կապակցութեամբ եւ այդ հանդիպման իրականացման ուղղութեամբ Փոլա Ուայթ-Քէյնի կողմէ ներդրուած ջանքերը։ 

Զրուցակիցները ընդգծեցին կրօնի եւ հոգեւոր արժէքներու դերը ժողովուրդներու ապահով, բարօր ու առաջընթաց կեանքի կերտման գործին մէջ: Շեշտուեցաւ, որ առ Աստուած հաւատքը պէտք է դրսեւորուի սիրով, արդարութեամբ եւ մերձաւորի նկատմամբ հոգածութեամբ՝ ամրապնդելով համամարդկային համերաշխութիւնն ու խաղաղ համակեցութիւնը։ Այս առնչութեամբ կարեւորուեցաւ հոգեւոր առաջնորդներու համատեղ ջանքերը՝ ի նպաստ աշխարհի վրայ խաղաղութեան հաստատման եւ ժողովուրդներու լուսաւոր գալիքի։ 

Իր կարգին, Փոլա Ուայթ-Քէյնը շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Սրբութեան ջերմ ընդունելութեան համար եւ բաժնեց Սուրբ Պատարագին ստացած իր տպաւորութիւնները։ Ան ընդգծեց սրբազան արարողութեան ընթացքին ապրած խոր ակնածանքն ու հոգեւոր խաղաղութիւնը։ Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարը երախտագիտութեամբ անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի հարուստ քրիստոնէական ժառանգութեան՝ որպէս հայ ժողովուրդի հաւատքի կենդանի վկայութիւն։ 

Հայաստանէ ներս առկայ իշխանութիւն-եկեղեցի դիմակայութեան պայմաններուն ներքեւ վերջին շրջանին իրերայաջորդ կերպով համաքրիստոնէական ընտանիքէն յառաջատար դէմքեր եւ կարեւոր գործիչներ կ՚այցելեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին: Երբ Հայաստանի իշխանութիւնները Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի հեղինակութիւնը կը փորձեն հարցաքննութեան բանալ եւ քայլեր կը ձեռնարկեն զինքը գահընկէց ընելու համար, ստեղծուած իրավիճակին մէջ միջազգային վերաբերմունքը բոլորովին տարբեր է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ անոր գահակալին՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին նկատմամբ։ Այս ամբողջին մէջ, Սպիտակ տան բարձրաստիճան պաշտօնատարին կողմէ երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին կատարուած այցելութիւնն ալ առանձնապէս ուշադրութիւն կը գրաւէ:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2026