ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԱԾ ԵՕԹ ՆՈՐ ՔԱՀԱՆԱՆԵՐԸ
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունեց՝ շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ քահանայական կոչման արժանացած նորաօծ եօթ հոգեւորականները։ Ներկայ էր նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան արք. Յովհաննիսեան, որ Մայր Տսճարի մէջ կատարած էր ձեռնադրութիւնը։
Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը շնորհաւորեց նորաօծ քահանայ հայրերը՝ հովուական ծառայութեան կոչուելու առթիւ։ Նորին Սրբութիւնը անոնց փոխանցեց իր հայրական պատգամն ու օրհնութիւնը։ Ան անդրադարձաւ քահանայական կոչման ու առաքելութեան՝ կարեւորելով եկեղեցականի պատասխանատու եւ նուիրեալ ծառայութիւնը ի նպաստ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ Հայաստանի բարօրութեան ու յառաջընթացի։
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը երիտասարդ հոգեւորականներուն պատգամեց՝ իրենց սպասաւորութեան մէջ ըլլալ նախանձախնդիր եւ հաստատակամ, հոգիի ամրութեամբ եւ արիութեամբ դիմագրաւել բոլոր փորձութիւններն ու դժուարութիւնները, Հայաստանի, Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի նկատմամբ անսակարկ սիրով, զոհողութեան եւ յանձնառութեան ոգիով բարի օրինակ ըլլալ հաւատացեալներու համար։
Հանդիպման աւարտին Նորին Սրբութիւնը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց քահանայ հայրերը եւ անոնց ընծայեց «Մաշտոց» ծիսարաններ։