ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունեց «Մարդու իրաւանց եւ ցեղասպանագիտութեան կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան ներկայացուցիչները։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որու ընթացքին կազմակերպութեան նախագահ Լիլիթ Մարտիրոսեան Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց կեդրոնի գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնները, գիտակրթական ծրագրերն ու յառաջիկայ նախաձեռնութիւնները։
Նորին Սրբութիւնը փոխանցեց իր գնահատանքը հիւրերուն՝ անդրադառնալով այս ոլորտէն ներս եկեղեցւոյ նախաձեռնութիւններուն։ Ան համոզուած է, թէ ցեղասպանութիւններու ճանաչման եւ դատապարտման կարեւորութիւնը ժողովուրդներու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ մարդկութեան դէմ գործուած ոճրագործութիւններու կանխարգիլման գործին մէջ շատ կարեւոր է։
Հանդիպման տեւողութեան խօսակցութիւն ծաւալուեցաւ նաեւ Արցախի հայաթափման, տեղւոյն հայութեան հիմնարար իրաւունքներու ոտնահարման եւ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան դէմ առկայ ոտնձգութիւններուն շուրջ։