Ս. ԶԱՏԻԿԸ՝ ՍԿԻՒՏԱՐԻ ՄԷՋ

Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, շաբաթավերջին, Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան տաղաւարը նշուեցաւ բացառիկ խանդավառութեամբ։ Պոլսոյ Ասիական ափի մեր եկեղեցիներու շարքին Ս. Խաչը միակն էր, ուր տաղաւարի օրով մատուցուեցաւ եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ։ Ս. Զատկի արարողութիւններուն նախագահեց, տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց եւ օրուան պատգամը տուաւ Տ. Արամ արք. Աթէշեան, որու առընթերակայ էր Տ. Մելքոն քհնյ. Փնարճեան։ Հոգեպարար երգեցողութիւններու մթնոլորտին մէջ բոլոր հաւատացեալները Ս. Պատարագին հետեւեցան հոգեւոր հրճուանքով։ Քարոզին մէջ Նորին Սրբազնութիւնը հաւատացեալները տօնական աւետիսով ողջունեց։ Արարողութիւններու աւարտին, արձակման փուլին բոլորը ջերմօրէն շրջապատեցին պատարագիչ Տ. Արամ արք. Աթէշեանը, որու օրհնութիւնը ստացան։ Թաղեցիներէ եւ ուխտաւորներէ բաղկացեալ հոծ թիւով հաւատացեալները զիրար անկեղծ բարեմաղթանքով շնորհաւորեցին Ս. Զատկի առթիւ։

Ատենապետ Պերճ Զընկըքի կողմէ գլխաւորուած Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամներն ալ տաղաւարի առթիւ Նորին Սրբազնութիւնը եկեղեցւոյ խորհրդարանին մէջ մեծարեցին որդիական յարգանքով, նաեւ հաւատացեալները ջերմօրէն շրջապատեցին՝ իւրաքանչիւրին նուիրելով զատկական աւանդական կարմիր հաւկիթներ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 7, 2026