ԱՌԱՋՆՈՐԴԻ ՎԵՐԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Մերսոպ եպսկ. Պարսամեան վերընտրուեցաւ՝ իր առաքելութիւնը շարունակելու համար: Նորին Սրբազնութիւնը, որ այս թեմի 13-րդ առաջնորդն է, երկրորդ ժամկէտով մը պիտի շարունակէ պաշտօնավարել: Ան թեմակալ առաջնորդի պաշտօնը 2020 թուականէն ի վեր կը վարէ:
Վերջերս, Արեւելեան թեմի Պատգամաւորական ժողովը գումարուեցաւ՝ 150 պատգամաւորի մասնակցութեամբ: 124-րդ Պատգամաւորական ժողովն էր այս մէկը, որու օրակարգին վրայ կը գտնուէր առաջնորդի ընտրութիւնը: Աշխարհական եւ հոգեւորական պատգամաւորները առաջնորդ վերընտրեցին Տ. Մերսոպ եպսկ. Պարսամեանը, որ վերջին տարիներուն Արեւելեան թեմէն ներս ծաւալած գործունէութեամբ կ՚արժանանայ գնահատանքի ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս:
Պատգամաւորական ժողովը գումարուեցաւ Միլուաքիի մէջ, «Ֆիսթըր» պատմական պանդոկի համալիրէն ներս: Առաջնորդ վերընտրուելէ վերջ Տ. Մեսրոպ եպսկ. Պարսամեան շնորհակալութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ թեմական պատգամաւորականներուն առջեւ:
Միեւնոյն ժամանակ, տեղւոյն Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ «Հրաշափառ»ի արարողութիւն տեղի ունեցաւ՝ վերընտրեալ առաջնորդ Տ. Մեսրոպ եպիսկոպոս Պարսամեանի համար: