«ԵՐԲ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԿԸ ՎԻՐԱՒՈՐՈՒԻ, ԱՅԴ ՑԱՒԸ ԿԸ ԴՊՉԻ ԱՄԲՈՂՋ ԱԶԳԻՆ»

Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռին մօտ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան ընկերային ցանցերու վրայ հետեւեալ հրապարակմամբ հանդէս եկած է՝ այս օրուան դատավարութեան կապակցութեամբ։

*

Խոր ցաւով եւ մտահոգութեամբ հետեւեցայ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ անոր հոգեւոր դասուն առընչուած վերջին իրադարձութիւններուն։ Այս ժամանակաշրջանին, երբ մեր ազգը աւելի քան երբեք կարիքն ունի միութեան, խոհեմութեան եւ հոգեւոր հանդարտութեան, վշտալի է տեսնել ստեղծուիլը այնպիսի մթնոլորտի մը, որ կրնայ խռովեցնել հաւատացեալ ժողովուրդը, նսեմացնել եկեղեցւոյ արժանապատուութիւնը եւ խորացնել ազգային ներքին պառակտումը։

Առանձնակի մտահոգութիւն կը պատճառէ այն հանգամանքը, թէ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամ եօթ եպիսկոպոսներ՝ քրէական գործի շրջանակին մէջ դատարան կանչուած են։ Այս պարագան, իր էութեամբ իսկ, չափազանց լուրջ է եւ կը պահանջէ օրէնքի պատշաճ կիրարկում, արդար ընթացակարգ, զսպուածութիւն եւ եկեղեցւոյ սրբազան առաքելութեան նկատմամբ անսակարկ յարգանք։

Ս. Գիրքը կը սորվեցնէ. «Մեղմ պատասխանը կը շիջուցանէ բարկութիւնը» (Առակ. 15.1), նաեւ՝ «Արդարութիւն գործել, ողորմութիւն սիրել եւ խոնարհութեամբ քալել Աստուծոյ հետ» (Միքիա 6.8)։

Ասոնք ո՛չ միայն հոգեւոր խրատներ են, այլեւ հանրային կեանքին համար մնայուն բարոյական չափանիշներ՝ մանաւանդ, երբ խնդիրը կ՚առընչուի մեր ժողովուրդի հոգեւոր կեանքին եւ ազգային սրբութիւններուն։

Հայ Առաքելական Եկեղեցին պարզ հաստատութիւն մը չէ. ան մեր ժողովուրդի հոգեւոր մայրը, դարաւոր հաւատքի կենդանի վկայութիւնը եւ ազգային ինքնութեան սրբազան հիմնասիւներէն մէկն է։ Հետեւաբար, որեւէ ընթացք կամ արտայայտութիւն, որ կը վիրաւորէ եկեղեցին, կը նսեմացնէ անոր հոգեւորականութիւնը կամ զայն կը դարձնէ հրապարակային հակամարտութեան առարկայ, վնաս կը հասցնէ ո՛չ միայն եկեղեցական կեանքին, այլեւ ազգային համերաշխութեան եւ հանրային վստահութեան։

Ինչպէս առաքեալը կ՚ըսէ. «Եթէ մէկ անդամ կը չարչարուի, բոլոր անդամներն ալ անոր հետ կը չարչարուին» (Ա. Կորնթ. 12.26)։ Երբ եկեղեցին կը վիրաւորուի, այդ ցաւը կը դպչի ամբողջ ազգին։ Ուստի, ներկայ իրավիճակը պէտք չէ վերածուի ո՛չ ճնշումի, ո՛չ հրապարակային նուաստացման, ո՛չ ալ հաստատութենական հեղինակազրկման միջոցի։

Արդարութեան եւ ընդհանուր բարիքի շահը կը պահանջէ, որ իւրաքանչիւր մտահոգութիւն քննուի բացառապէս օրինական, թափանցիկ եւ անաչառ ընթացակարգերով՝ հեռու քաղաքական կամ հրապարակային ճնշումէ։ Այսպիսի հարցերու լուծման միակ արժանապատիւ ուղին է՝ զսպուած, իմաստուն եւ յարգալից մօտեցումը, որ կը պահպանէ թէ՛ օրէնքի պատիւը եւ թէ եկեղեցւոյ սրբազան կոչումին արժանապատուութիւնը։

Ուստի, կոչ կ՚ուղղեմ բոլոր պատասխանատու կողմերուն՝ առաջնորդուելու խոհեմութեամբ, խաղաղասիրութեամբ եւ երկխօսութեան ոգիով։ «Երանի խաղաղարարներուն, որովհետեւ անոնք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին» (Մատթ. 5.9)։ Թող բոլոր խօսքերն ու քայլերը կատարուին պատշաճութեամբ, կարգով եւ ամբողջական յարգանքով՝ մարդկային արժանապատուութեան, կրօնական ազատութեան եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ սրբազան առաքելութեան նկատմամբ։

Աղօթք կը բարձրացնեմ Վեհափառ Հայրապետին, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամներուն, մեր ողջ հոգեւորական դասուն ու հաւատացեալ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան համար։ Թող Տէրը իմաստութիւն պարգեւէ բոլոր պատասխանատուներուն, ամրացնէ Իր Սուրբ Եկեղեցին եւ խաղաղութիւն շնորհէ մեր ազգին։

Ուրբաթ, Օգոստոս 7, 2026