ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԷՆ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՎԵՐԱՊԱՏՈՒԵԼԻՆԵՐ ՔԱՂԱՔԻՍ ՄԷՋ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան հիւրընկալեց Հայ Աւետարանական եկեղեցիէն խումբ մը վերապատուելիներ, որոնք փութացած էին Մերձաւոր Արեւելքէն: Անոնց ընկերացաւ վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու, որ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ քաղաքիս հովիւն է:
Հիւրերը յայտնեցին, որ Իսթանպուլ այցելութիւն մը կու տային եւ այս շրջանակներէն ներս փափաքած էին այցելել Պատրիարքարան: Նորին Ամենապատուութիւնը ջերմօրէն ողջունեց վերապատուելիները, որոնք տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրենց այցելութեան կապակցութեամբ: Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրն ալ հակիրճ անդրադարձաւ Պոլսոյ Աթոռի գործունէութեան եւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգային այժմէական հարցերուն:
Զրոյցի աւարտին փոխանակուեցան բարեմաղթանքներ՝ մինչ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը հիւրերուն բարի կեցութիւն մաղթեց Թուրքիոյ մէջ: