ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Երէկ, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. արք. Մանուկեան հիւրընկալեց Սուրբ Քաղաքի ասորւոց եպիսկոպոսին՝ Անթիմոս Ժաք Եագուպի եւ միաբանակիցներուն այցելութիւնը։ Սրբոց Յակոբեանց վանքէն ներս դաւանակից եկեղեցւոյ եպիսկոպոսը դիմաւորուեցաւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։ Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցած զրոյցի ժամանակ Նորին Ամենապատուութիւնն ու Անթիմոս Ժաք Եագուպ եպիսկոպոսը ունեցան սիրալիր զրոյց մը։ Անոնք կարծիքներ փոխանակեցին Սուրբ Երկրի ներկայ կացութեան, եկեղեցական հարցերու, ինչպէս նաեւ Հայ Առաքելական եւ Ասորի Ուղղափառ դաւանակից եկեղեցիներու միջեւ համագործակցութեան առաւել ամրապնդման հնարաւորութիւններուն շուրջ։ Առանձնայատուկ ուշադրութեան արժանացան նաեւ Երուսաղէմի պաշտօնական կարգավիճակի դրութեան վերաբերեալ հարցերը։

Զրոյցի աւարտին, ասորի եպիսկոպոսը սատափապատ «Հայր մեր»ի շրջանակ մը նուիրեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։

Զրոյցին ներկայ էր նաեւ Սուրբ Աթոռի դիւանապետ Տ. Աղան վարդապետ Գոգճեան։

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին, որ կը տնօրինէ Սուրբ Տեղերը, կ՚ապահովէ նաեւ միւս Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու պաշտամունքի հնարաւորութիւնը՝ համաքրիստոնէական Տէրունակոխ սրբավայրերէն ներս, ինչ որ կարեւոր երանգ մը կը վերագրէ անոնց հետ համագործակցութեան։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2026