Չորեքշաբթի 13, Մայիս 2026
ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Տ. ԱՐՍԷՆ ՔԱՀԱՆԱՅ ԷՔԻՆՃԵԱՆԸ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց՝ Իզմիրէն Տ. Արսէն քահանայ Էքինճեանը: Այս վերջինը Իսթանպուլ եկած էր՝ մասնակցելու համար իր ազգականներէն մէկուն յուղարկաւորութեան: Ան իր կեցութիւնը պատեհ առիթ նկատած էր՝ ներկայանալու համար Նորին Ամենապատուութեան եւ ստանալու համար անոր օրհնութիւնը:
Ամեն. Ս. Պատրաիրք Հայրը ցաւակցութիւն յատնեց տէր հօր, որմէ թարմ տեղեկութիւններ քաղեց Իզմիրի փոքրաթիւ համայնքի կացութեան եւ այնտեղ տարուած հովուական գործունէութեան վերաբերեալ:
Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը իր գնահատանքն ու օրհնութիւնը փոխանցեց տէր հօր:
Ուրբաթ, Մայիս 8, 2026