ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. արք. Մանուկեան շաբաթավերջին հիւրընկալեց՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն «Եկեղեցիները յանուն Միջին Արեւելքի խաղաղութեան» (CMEP) կազմակերպութեան պատուիրակութիւնը։ Սրբոց Յակոբեանց վանքէն ներս հիւր պատուիրակութիւնը Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր կողմէ ընդունուեցաւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։ Պատրիարքարանի դահլիճի երդիքին տակ տեղի ունեցած զրոյցին ժամանակ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էր Սուրբ Աթոռի դիւանապետ Տ. Աղան վարդապետ Գոգճեան։

Ամերիկակեդրոն CMEP կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն տքթ. Մէյ Քանընի կողմէ կը գլխաւորուէր հիւրերու խումբը։ Բաց աստի, Սուրբ Գերեզմանի ասպետական կարգի տեղակալ Վիքի Տաուն եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Ուաշինկթընի թեմակալ պատուիրակ Տ. Վիգէն արքեպիսկոպոս Այգազեան եւս հիւրերու շարքին էին։ Ինչպէս ծանօթ է, Տ. Վիգէն արքեպիսկոպոս Այգազեան, միեւնոյն ժամանակ, Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամներէն է։ 

Ըստ Սուրբ Աթոռի աղբիւրներուն կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան՝ հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Միջին Արեւելքի եւ մասնաւորաբար՝ Սուրբ Երկրի ներկայ իրավիճակին, տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան հաստատման անհրաժեշտութեան, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ողջունեց պատուիրակութեան անդամները եւ բարձր գնահատեց անոնց յանձնառութիւնը՝ մանաւանդ խաղաղութեան, արդարութեան ու միջեկեղեցական համագործակցութեան ուղղութեամբ ծաւալուած աշխատանքները։ Հիւրերը հայոց վանքէն հրաժեշտ առին՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր շնորհակալութիւն յայտնելով բովանդակալից զրոյցին համար։

Հայ Երուսաղէմը վերջին շրջանին իրերայաջորդ բարձրաստիճան հիւրեր կ՚ունենայ՝ Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնեաներուն բաժին հասած առկայ մարտահրաւէրներու պայմաններուն ներքեւ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2026