Հինգշաբթի 8, Հոկտեմբեր 2026
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԵՐԷԿ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՄՕՏ ՎՐԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ
Երէկ, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. արք. Մանուկեան ընդունեց Իսրայէլի մօտ Վրաստանի նորանշանակ դեսպան Պեքա Տուալը։ Այս վերջինը նոր առաքելութեան կոչուելէ վերջ առաջին անգամ այցելեց հայոց վանքը։ Պատրիարքարանի երդիքին տակ տեղի ունեցած ջերմ զրոյցի ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը վրացի դիւանագէտը շնորհաւորեց նոր առաքելութեան կապակցութեամբ՝ յղելով բարեմաղթանքներ արդիւնաւէտ գործունէութեան համար։ Իր կարգին, դեսպան Տուալն ալ շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ ընդգծեց Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան պատմական դերակատարութեան նշանակութիւնը եւ բարձր հանգամանքը՝ որպէս հոգեւոր կեդրոն։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր եւ նորանշանակ դեսպանի զրոյցին ներկայ էր նաեւ Սուրբ Աթոռի դիւանապետ Տ. Աղան վարդապետ Գոգճեան։
Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2026