ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ ԱՆՈՒՆՈՎ ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԿԻ ԱՌԹԻՒ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Սուրբ Զատկի շրջանին, Երուսաղէմի քրիստոնեայ յարանուանութիւններուն միջեւ արդէն զգալի է տաղաւարի հոգեւոր ուրախութիւնը։ Այս մթնոլորտէն անմասն չէ նաեւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը, որու ներկայացուցիչները այս շրջանին կ՚իրականացնեն շարք մը շնորհաւորական այցելութիւններ։ Երէկ, Տ. Թէոդորոս եպսկ. Զաքարեանի կողմէ գլխաւորուած Սուրբ Աթոռի պատուիրակութիւնը շնորհաւորական այցելութիւններու փութաց Ֆրանսիսքեան միաբանութեան եւ Լատին եկեղեցւոյ տեղւոյն առաջնորդներուն։ Նորին Սրբազնութիւնը տօնական աւետիսով ողջունեց Ֆրանսիսքեան միաբանութեան Քիւսթոտ՝ Հայր Ֆրանչեսքօ Իէլպոն։ Ան աւելի վերջ այցելութեան փութաց նաեւ Երուսաղէմի լատինաց պատրիարք Տ. Փիէրպաթիստա Փիցապալա արքեպիսկոպոսին, որու անձին մէջ շնորհաւորութիւններ յղեց միաբաններուն։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 9, 2026