ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԷՆ ՆԵՐՍ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս վերջերս գումարուեցաւ պատգամաւորական ժողով։ Ֆրեզնոյի Ս. Պօղոս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ համալիրէն ներս գումարուեցաւ հերթական պատգամաւորական ժողովը, որ 99-րդն էր։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան նախագահեց պատգամաւորական ժողովին, որու արդիւնքով վերանորոգուեցաւ թեմական խորհուրդի կազմը։
Թեմական պատգամաւորական ժողովի սկիզբին հրապարակուեցաւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի պատգամը։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանն ալ հանդէս եկաւ օրհնութեան խօսքով մը։
Թեմական խորհուրդի նոր կազմը ձեւաւորուեցաւ՝ գլխաւորութեամբ Տերիք Ղուկասեանի, որ ատենապետի պաշտօնը կը վարէ վերջին տարիներուն։
Հարկ է նշել, որ 2027 թուականին պիտի նշուի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի հաստատման դարադարձը։ Ուստի, պատգամաւորական ժողովի ընթացքին ընդհանուր արժեւորումի մը ենթարկուեցան թեմի հաստատման 100-րդ տարեդարձի յոբելենական ծրագրի պատրաստութիւնները։
Միւս կողմէ, Ֆրեզնոյի մէջ, Արեւմտեան թեմի պատգամաւորական ժողովի գումարման առընթեր տեղի ունեցան նաեւ՝ թեմի հոգեւորականաց դասու համագումարն ու տիկնանց կազմերու ընդհանուր ժողովը։