ՍԿԻՒՏԱՐԻ ՍՈՒՐԲ ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ Կ՚ԱՒԱՐՏԻՆ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Ռաֆֆի Գրիգորեանն ու գործակից ընկերները: Հանդիպման ներկայ էր Տ. Եղիշէ վրդ. Ուչքունեան: 

Զրոյցի ընթացքին թաղականները Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տեղեկացուցին, որ եկեղեցիէն եւ անոր համալիրէն ներս ձեռնարկուած վերանորոգման աշխատանքները արդէն գրեթէ հասած են իրենց աւարտին: Այս պայմաններուն ներքեւ թաղականները յայտնեցին, որ եկեղեցւոյ այս տարուան անուան տօնախմբութեան արարողութիւններուն արդէն կարելի պիտի ըլլայ պաշտամունքի վերաբացումը կազմակերպել: Ուստի, Նորին Ամենապատուութիւնը եւ թաղականները կարծիքներ փոխանակեցին՝ Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ վերաօծման ու պաշտամունքի վերաբացման աւանդական արարողութիւններուն շուրջ: 

Զրոյցի աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը ուրախութիւն յայտնեց, որ Սկիւտարի բարձունքի մեր այս պատմական սրբավայրը վերստին բարեկարգուած է, ներկայանալի տեսք ունի եւ պատրաստ է դարձեալ հաւատացեալները հիւրընկալելու: Ան այս կապակցութեամբ շնորհաւորեց թաղային խորհուրդը՝ յղելով օրհնութիւնն ու ապագայ յաջողութեան մաղթանքը:

Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2026