ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԵԹՈՎՊԻՈՅ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻԷՆ ՀԱՅՐԵՐ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան հիւրընկալեց Եթովպիոյ Ուղղափառ եկեղեցիէն ներկայացուցիչներ։ Այսպէս, Պատրիարքարան այցելեցին Միքայէլ եւ Կեպրեմարիամ վարդապետները, որոնց ընկերացան Քիւտուս Սերթսու սարկաւագը եւ եթովպական համայնքի գործիչներէն Էլիզապէթ Թատեսսէ։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւ. քհնյ. Տամատեան։

Զրոյցի ընթացքին հիւրերը Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տեղեկացուցին, որ Միքայէլ վարդապետ արդէն աւարտած է քաղաքիս մէջ ծառայութեան շրջանը եւ իրեն պիտի փոխարինէ Կեպրեմարիամ վարդապետը, որ արդէն պաշտօնի ձեռնարկած է։ Անոնք մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ ցուցաբերուած հայրական հոգածութեան եւ քրիստոնէական զօրակցութեան համար։

Ծանօթ է, որ Հայաստանեայց Առաքելական եւ Եթովպիոյ Ուղղափառ եկեղեցիները դաւանակից են։ Անոնք կը պատկանին Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու ընտանիքին։ Նկատի ունենալով, որ քաղաքիս մէջ հաստատուած եթովպացիները չունին իրենց եկեղեցին՝ տարիներ առաջ Պատրիարքական Աթոռին դիմում ներկայուած էր, որպէսզի այս խնդրին լուծում մը գտնուի։ Ուստի, Պատրիարքական Աթոռի կարգադրութեամբ՝ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս Ս. Յարութիւն մատուռը պաշտամունքի համար տրամադրուած էր քաղաքիս եթովպացի հաւատացեալներուն։ Այդ կարգադրութիւնը մինչեւ հիմա կը մնայ ի զօրու։

Երէկուան հանդիպման ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմօրէն ողջունեց դաւանակից եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներու եղբայրական այցելութիւնը։ Ան կարեւորեց միջեկեղեցական յարաբերութեանց դերակատարութիւնը՝ յատկապէս քոյր ու այս պարագային դաւանակից եկեղեցիներու միջեւ։ Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքավարական այցելութիւն համար՝ օրհնութիւնները փոխանցելով երկու հայրերուն։ 

Հուսկ, տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 9, 2026