ՀԵՌԱՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ՊՏՈՒՂԸ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս նախընթաց օր նշուեցաւ յատկանշական յոբելեան մը, որ միեւնոյն ժամանակ արդար մեծարանքի հանդիսութիւն մըն էր՝ ի պատիւ նախկին թեմակալ առաջնորդներէն Տ. Խաժակ արք. Պարսամեանի, որ ներկայիս Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակն է եւ Վատիկանի Սուրբ Աթոռին մօտ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի մշտական ներկայացուցիչը։
Արեւելեան թեմի ամենակարեւոր կառոյցներէն մին է Ս. Ներսէս ընծայարանը, որ երջանկայիշատակ Տիրան արք. Ներսոյեանի առաջնորդի պաշտօն վարած տարիներուն ստեղծուած է։ Յամենայնպէս, այդ ընծայարանը ձեւով մը վերածնած է, երբ Տ. Խաժակ արք. Պարսամեանի՝ որպէս առաջնորդ պաշտօնավարած տարիներուն վերահաստատուած է Արմոնքի այժմու համալիրէն ներս, ուր կը գտնուի նաեւ Ս. Յակոբ մատուռը։ Ս. Ներսէս ընծայարանի Արմոնքի համալիրէն ներս վերահաստատման եւ Ս. Յակոբ մատրան օծման տասնամեակին առթիւ կազմակերպուած յոբելենական արարողութիւնը իսկապէս փայլուն անցաւ՝ հովանաւորութեամբ թեմակալ առաջնորդ Տ. Մեսրոպ եպսկ. Պարսամեանի։ Սա Տ. Խաժակ արք. Պարսամեանի հեռատեսութեան պտուղն էր եւ իր տեսլականը զինքը ակամայ բարձրացուց պատուանդանի վրայ՝ բոլորի գնահատանքի եւ անկեղծ ծափահարութիւններու մթնոլորտին մէջ։
Յոբելենական արարողութիւններուն առթիւ, Ս. Ներսէս ընծայարանի Արմոնքի համալիրէն ներս ստեղծուեցաւ տօնական մթնոլորտ։ Թեմի հոգեւորականաց դասու անդամներն ալ ներկայ էին հաւաքոյթին, որու մասնակիցներու շարքին էր նաեւ Պոլիսէն Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան։
Ելոյթներով հանդէս եկան ընծայարանի տեսուչ Տ. Մարտիրոս աւ. քհնյ. Չեւեան եւ թեմակալ առաջնորդ Տ. Մեսրոպ եպսկ. Պարսամեան։ Օրուան մեծարեալը՝ Տ. Խաժակ արք. Պարսամեանն ալ հանդէս եկաւ սրտի խօսքով մը։ Առաջնորդ Տ. Մեսրոպ եպսկ. Պարսամեան Տ. Խաժակ արք. Պարսամեանին նուիրեց քանդակ մը, որու վրայ կար իր դիմանկարը։ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեանն ալ Ս. Յակոբ մատրան համար նուիրեց՝ Պոլսոյ մէջ պատրաստուած ձեռաց խաչ մը։
Ընծայարանի պարտէզէն ներս լարուած մեծ վրանի մը տակ բոլոր ներկաները համախմբուեցան ընթրիքի սեղաններու շուրջ, ուր բարեկամական քաղցր զրոյցի մթնոլորտին ուրախութիւնը համակեց բոլորը։ Տ. Խաժակ արք. Պարսամեանի տեսլականին ժամանակներու մէջ արդարացած ըլլալը բոլորին կողմէ այնպէս մեկնաբանուեցաւ, թէ եկեղեցւոյ ապագային համար կատարուած ներդրումները միշտ երկարաժամկէտ կ՚արդարանան եւ կ՚ապահովեն սփիւռքէ ներս հայ ժողովուրդի յարատեւութիւնը։
