ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ ԵՒ ՅՈՐԴՈՐՆԵՐ
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ուխտաւորներ։ Փասատենայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կողմէ կազմակերպուած ուխտաւորներու խումբը առաջնորդուեցաւ՝ հոգեւոր հովիւ Տ. Սարգիս աւ. քհնյ. Պետոյեանի կողմէ։
Վեհափառ Հայրապետը ուխտաւորներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնները եւ զանոնք գնահատեց՝ դէպի Հայաստան ուխտագնացութիւններու կազմակերպման բարի աւանդութիւնը հետեւողականօրէն տեւականացնելու համար։ Ան կարեւորեց Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին նման այցելութիւնները, որոնք հնարաւորութիւն կ՚ընձեռեն սփիւռքի հայորդիներուն՝ առաւել մօտէն ծանօթանալու հայրենական կեանքին եւ առկայ մարտահրաւէրներուն, հայրենի սրբութիւններէն ոգեշնչուելու եւ նորոգուած հաւատքով եւ հայրենասիրական ոգիով առաւել զօրացնելու համայնքային կեանքը եւ իրենց կարելի նպաստը բերելու հայրենիքի եւ հայ ժողովուրդի բարօրութեան։
Նորին Սրբութիւնը հանդիպման ընթացքին պատասխանեց ուխտաւորներու զանազան հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կրթական ծրագրերուն, հոգեւորականներու պատրաստութեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ընթացիկ գործունէութեան։
Միւս կողմէ, Վեհափառ Հայրապետը երէկ ընդունեց նաեւ Իտալիայէն խումբ մը կաթոլիկ ուխտաւորներ, որոնք այս շրջանին կ՚այցելեն Հայաստան։