«ԵՒ ՄԻ ՏԱՆԻՐ ԶՄԵԶ…»
Աւագ շաբաթ էր: Զատկուան կիրակիին հասցնող այդ օրերուն, ընկերային, ընտանեկան, զանազան ու բազմազան մեր պարտաւորութիւններու կողքին, անպայման, այր եւ կին, գոնէ մեր այս տարիքին, անգամի մը համար շաբթուան մէջ եկեղեցի «երթալու» ժամանակ մը կը ստեղծէինք:
Այդ տարի, մեր փափաքը Աւագ ուրբաթ օրուան իրականացաւ: Վիճակուեցաւ: Նոյն երեկոյեան երկուքով, քիչ մը ուշ հասանք եկեղեցի: Մուտքին խճողում կար: Ինծի համար բոլորն ալ գրեթէ մեր եկեղեցական կեանքին ու առօրեային անհաղորդ բազմութիւն մը: Որովհետեւ, բոլորն ալ, երկար ու գունաւոր տափատներ հագած, առանց գուլպայի, ծեր եւ երիտասարդ, իրենց նոյնիսկ տնային հասարակ հագուստներով, վազած եկած էին Քրիստոսի գերեզմանէն ծաղիկներ առնելով հետերնին տուն տանելու համար: Ահա հաւատք: Ահա մա՛նաւանդ եկեղեցի գալու իրենց մեծագոյն եւ գերագոյն նպատակն ու արդարացումը: Մէկ խօսքով «հաւատացեալներու» անօրինակ եւ անհաւատ շարան մը:
Մինչ ներսը մամիկներ եւ շատեր, աստուածներու ջերմութեամբ ծունկի եկած կ՚աղօթէին, ասդին աշխարհներու խառնուրդով լի «ներկաներ» անհամբեր կը սպասէին ծաղիկներու բաշխումի արարողութեան: Չափանիշներու յստակ խախտում: Սկզբունքներու արժեզրկում: Աւանդութիւն ըսուածը կամ աւանդականը պարզապէս խօսք էր: Հին տետրակի մը էջերուն վրայ գրուած մաշած տողեր: Մակերեսային հաւատք՝ եթէ կ՚ուզէք:
Կնոջս մոմ «վառելու» արարողութիւն-աղօթքէն ետք, ինքզինքս հաւաքելով, կը մտնենք եկեղեցի ու երկուքով կը նստինք լայն ու երկար նստարաններէն մէկուն վրայ: Նստարանները այդքան ալ «լեցուն» չէին: Բոլորն ալ եկեղեցւոյ երկար պատերուն տակ շարուած անհամբեր կը սպասէին ծաղիկ-վարդ բաշխելու ճշդուած ժամուն: Մինչ անդին, հսկայ սեւ վարագոյրով փակուած խորանին առջեւ պատրաստուած Քրիստոսի խորհրդանշական «գերեզմանը», որ արդէն լեցուած էր ուխտաւորներու նուիրած ծաղիկներու ու վարդերու փունջերով, իսկապէս որ պատկառանք կ՚ազդէր աղօթողին:
Ահա քեզի պատկեր: Մենք որ քրիստոնէական աշխարհի մէջ առաջինն էինք, ուր հասած ենք: Ձեւականութիւն: Հակասական կեանք:
Աղմուկով լեցուն եկեղեցւոյ պատերուն մէջ շարականները հազիւ լսելի կը դառնային: Արդէն քարոզի պահը հասած էր: Հազիւ մտովի աղօթքս ամբողջացուցած էի, յանկարծ ճիշդ մօտս երիտասարդուհի մը նստաւ: Շատ կարճ տափատով, սանկ պարմանուհի մը, աջ ձեռքին հեռաձայնը, իսկ միւսին՝ ինքնաշարժի բանալին: Կինս, ինչպէս միշտ, այս անգամ ալ աչքերու սուր նայուածքներով ինծի հասկցուց,- «երբեք չխօսիլ… մեզի ինչ… ոչ մէկ ակնարկութիւն…» ըսել ուզելով, թէ մենք մնացի՞նք նման «բաներ» սրբագրողը, թող մեծերը մտածեն, թող անոնք խօսին… թելադրեն… սորվեցնեն…:
Բայց, ե՛ս, այս անգամ քաջաբար կնոջս լուռ սաստումներուն «ականջ չկախեցի» ու փոխանակ քարոզը մտիկ ընելու, աչքիս ծայրովը սկսայ այս երիտասարդուհին դիտել, որ հեռաձայնը ափերուն մէջ առած արագօրէն մատները կը խաղցնէր անոր վրայ, երբեմն ժպիտ մը գծելով իր կլոր դէմքին, անհասկնալի բառեր ալ կրկնելով:
Ու չեմ գիտեր ինչպէ՞ս յանկարծ ներքին ձայն մը սկսած էր յուշել զիս ու առաջնորդել վայրկեաններս: Համբերութիւնս հատած էր: Զգալի էր: Չկար: Համբերութիւն կոչուած բաժակս արդէն լեցուած էր: «Եւ մի տանիր զմեզ ի փորձութիւն», կրկնեցի քանի մը անգամներ: Ի՜նչ աշխարհ է: Ամէն անգամ նման «ծուռութիւններ» միայն ինծի կը հանդիպէին: Բախտաւոր ըլլալու էի: Ե՛մ արդէն… վրաս գրէ՛:
Ի՜նչ մեղքս պահեմ, նախ մտածեցի հեռաձայնը արագ մը ձեռքէն խլել, յետոյ լաւ մը պախարակել: Բայց… ես ինձմէ ամչցայ: Եկեղեցւոյ մէջ էի: Հոս Ամերիկա էր, եւ ո՛չ թէ իմ գիտցած աւանդական ակումբս: Մա՛նաւանդ հոս իգական սեռը միշտ իրաւունքի տէր էր: Ուստի, ինքզինքս համոզած, կամաց մը նստարանիս վրայ քանի մը մատնաչափ սահելով, իրեն մօտեցայ:
-Այդ ի՞նչ կ՚ընես, կը խաղա՞ս,- ըսի խիստ, եւ նոյնքան ալ զուսպ ոճով մը: Դէմքիս վրայ արդէն շատոնց անօրինակ ստուերներ նստած էին: Ձայնս թէեւ փսփսուքի կը նմանէր, սակայն, անձրեւ ապառնացող ամպ մըն էր կարծես: Զգացումիս սուր դանակը շատոնց պատրաստած էի:
-Ոչի՛նչ… «հէ՛չ», արա…,- ըսաւ արագ մը, նոյնիսկ առանց գլուխը վեր առնելու,- «թեքստ» եմ անում.. .այսինքն…:
-Որո՞ւ, -հարցուցի, ապուշ ձեւացած. նոյն ոճով եւ համարձակ,- Աստուծո՞յ, թէ ո՛չ Յիսուսի՞ն, կամ սուրբերուն…:
Յանկարծ մատներու շարժուները կանգ առին: Ինծի նայեցաւ: Ժպտաց: Թերեւս ալ զիս խենթ կարծեց: «Գիժ» մը: Ի՞նչ ըսել էր Աստուծոյ կամ Յիսուսի «թեքստ» ընել:
-Օ՜հ, նօ՛,- ըսաւ արագ մը, գրեթէ «երջանիկ» ձայնով,- ընկերուհուս հետ եմ խօսում:
-Է՜հ, ո՞ւր է ընկերուհիդ,- հարցումս շարունակեցի նոյն ձեւով պաշտօնական հարցաքննողի նման, կարծես այդ պահուն հարցաքննիչ ոստիկան մը ըլլայի:
-Այսինքն… հենձ,- ըսաւ արագ մը,- առաջի նստարանին վրայ…:
Ա՜լ չուզեցի շարունակել: Անհանգիստ էի: Անհանգիստ էր նաեւ հոգիս: Միւս կողմէ ալ զգալի էր, որ կինս կռահած ու նախատեսած ըլլալու էր գալիքը ու առաջքը առնելու համար աչքով կը փորձէր զիս «զսպել»: Յանկարծ, «Հայր մեր»ի պահը վրայ հասաւ:
Է՜հ Աստուած, ըսի ու ոտքի ելայ բոլորին նման: Պարմանուհին ինքն ալ ոտքի ելաւ ու հեռաձայնը ափերուն մէջ պահելով՝ սկսաւ միայն աղօթքին հետեւիլ: Աչքիս ծայրովը գաղտնի ոստիկանի նման շարունակեցի զինք դիտելու արարողութիւնս: «Հայր մեր»ը արդէն մոռցած էի: Միտքս դրած էի անպայման «երկու խօսք» ըսել այս անհաւատին: Եւ ո՜վ հրաշք, աղօթքի աւարտին, երբ օրիորդը կը փորձէր իր երեսը խաչակնքել, յանկարծ հեռաձայնը սահելով ափերուն մէջէն, վար ինկաւ, ցած, մեծ աղմուկով:
«Օ՜հ,… մէն…»,- մըն ալ աղմուկին խառնուեցաւ: Նայեցայ գետին: Հեռաձայնը կտոր կտոր եղած էր ու ինք զբաղուած էր հաւաքելու աշխատանքով: Ա՛ռ քեզի «թեքստ», ըսի մտքէս, առանց մեղքի զգացումը ապրելու: Կը հաւատայի, որ ինծի հետ, երկինքն ալ այդ վայրկեանին նոյն ջերմութեամբ կը ժպտար:
Եկեղեցին աւարտած էր, ու բոլորը ծաղիկ ստանալու համար շարքի կեցած էին: Հեռացայ անծանօթէս ու ես ալ քանի մը ծաղիկ վերցնելու համար պատին տակ հաւաքուած ամբոխին մէջ տեղ փորձեցի գրաւել:
***
Ամէն անգամ կ՚ըսենք եւ կը խօսինք, թէ մեր երիտասարդները, որովհետեւ գրաբար լեզուն չեն հասկնար, ուրեմն իրենց համար մեր եկեղեցին իր շարականներով ու աղօթքներով միատեղ «պօրինկ» էր: Ու իբրեւ եզրակացութիւն կ՚ըսենք, որ մեր եկեղեցին պէտք է ինքզինք վերանորոգէր: Մէկ խօսքով՝ պէտք էր, որ միւսներու նման՝ արդիականանայ: Ինքզինք 21-րդ դարու մէջ զգայ: Բայց ըսէ՛ք, այս բոլորը որո՞ւ համար… այս պարմանուհիի՞ն, թէ ո՛չ ծամօնները իրենց բերնին մէջ երկար ու անճոռնի տափատներով եկեղեցի ներկայացող տիկիններուն եւ մայրերուն: Եթէ ա՛յս տեսարանները այսպէս շարունակուին, կը վախնամ, որ պիտի գայ այն օրը, երբ մեր նոր սերունդը իր համակարգիչն առնելով եկեղեցի պիտի գայ ու իբրեւ «ֆան» իր խաղերով պիտի զբաղուի, սրբազան շարականներուն հետ միատեղ:
Մեղա՜յ, հազար մեղա՜յ: Ըսէ՛ք, ո՞ւր հասած ենք:
Աւագ ուրբաթ, եւ մեծ Սրբութիւն…: Արդեօք ո՞ւր է այս «սրբութիւն» ըսուածը:
Ո՞ւր…:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Լոս Անճելըս