ԹՌՉՈՒՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ԱՅԼ ԱՐԱՐԱԾՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ՎԱՐԱՆԴԱՅԷ ՆԵՐՍ - ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԹՈՒԱՅԻՆ ՏՈՒՆԸ՝ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Վերջերս Երեւանի մէջ գործարկուած է «Արցախեան մշակոյթի թուային տուն» (artsakhian org.) հարթակը, որ կը միտի մէկտեղել եւ պահպանել Արցախի ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութիւնը։ Ֆիզիքապէս անհասանելի դարձած Արցախը փոխադրուած է թուային տարածք։ 

Հարթակին մէջ կը ներկայացուին Արցախի բարբառը, բանահիւսութիւնը, երաժշտութիւնը, ծէսերն ու աւանդութիւնները, աւանդական արհեստները, ինչպէս նաեւ լուսանկարներ, տեսանիւթեր, ձայնագրութիւններ եւ թուայնացուած գիրքեր։ 

Նախաձեռնութիւնը իրականացուած է Ռուբէն Վարդանեանի «Մենք ենք, մեր սարերը» զարգացման գործակալութեան կողմէ՝ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի աջակցութեամբ։

Կայքը ունի հարուստ, խնամքով մշակուած եւ լաւ կազմակերպուած բաժիններ։ Անոնցմէ մէկուն մէջ կը գտնուի գրադարանը, ուր կարելի է կարդալ Արցախի մասին կամ Արցախի մէջ տպագրուած գիրքեր ու աշխատութիւններ։ Այդ հարուստ հաւաքածոյին մէջ տեղ գտած են նաեւ ազգագրագէտ Երուանդ Լալայեանի ուսումնասիրութիւնները։ Անոնցմէ մէկուն մէջ անուանի ազգագրագէտը կը ներկայացնէ Արցախի բնակչութեան հաւատալիքները, կենդանիներու եւ թռչուններու պաշտամունքը, ինչպէս նաեւ անոնց շուրջ հիւսուած ու սերունդէ սերունդ փոխանցուած աւանդութիւններն ու առասպելները։

Այս հին գրանցումները այսօր թուային միջավայրի մէջ ընթերցողներու հասանելի կը դառնան եւ կարելիութիւն կու տան տեսնելու, թէ բնութեան, կենդանիներուն եւ անոնց վարքագիծին ինչպիսի իմաստներ վերագրուած են Արցախի տարբեր շրջաններու մէջ։ Կը ներկայացնենք թռչուններուն, սողուններուն, միջատներուն եւ ձուկերուն վերաբերող նիւթերը։

ԿԵՆԴԱՆԻՆԵՐՈՒ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ․ ԹՌՉՈՒՆՆԵՐ

Ըստ ազգագրագէտ Երուանդ Լալայեանի՝ Վարանդայի մէջ (Մեծ Հայքի Արցախ նահանգի պատմական գաւառներէն մէկը) թռչուններէն ամենէն աւելի ծիծեռնակը կը պաշտուի։ Շատ մեծ մեղք կը համարուի զայն սպաննելը կամ անոր բոյնը քանդելը։ 

Լալայեան կը պատմէ, թէ իրեն դժգոհութիւն կը յայտնէր մարդ մը, որ կ՚ուզէր տունը քանդել, նորոգել, բայց չէր համարձակեր, որովհետեւ տան հետ միասին պիտի քանդուէր նաեւ ծիծեռնակին բոյնը։ Դժգոհողը պնդած էր, որ իր դրացիին տունը հրդեհ ինկած էր եւ բոլոր երեխաները այրած, որովհետեւ տան երիտասարդներէն մէկը անխոհեմութիւն ըրած էր՝ ծիծեռնակին բոյնը քանդելով։

Կին մըն ալ կը դժգոհէր, որ ծիծեռնակը բոյնը շինած է օճախին ճիշդ գլխուն, այնպէս որ շատ անգամ կերակուրները կ՚աղտոտէ։ Որքան ալ անախորժ էր այս բանը տնեցիներուն, այսուհանդերձ անոնք չէին համարձակեր բոյնը քանդելու։

Կը հաւաստիացնեն, որ շուշեցի Սէյրանենց Սահակը, մեղք չհամարելով ծիծեռնակին վնաս հասցնելը, անգամ մը բռնած է ծիծեռնակ մը եւ լեզուն կտրած։ Եւ այս եղած է պատճառը, որ անոր հինգ որդիներն ալ համր ծնած են։

Երբ առաջին անգամ կու գան ծիծեռնակները, մարդիկ եւ կանայք անոնց նայելով երեսնին խաչ կը հանեն։ Եւ առհասարակ, երբ անոնք կը ճռուողեն, կ՚ըսեն, թէ սաղմոս կը կարդան, ժամ կ՚ըսեն, կ՚օրհնեն եւ այլն։

Լալայեան այնուհետեւ կը փոխանցէ ծիծեռնակին պաշտամունքին վերաբերող մէկ այլ աւանդութիւն։

Խայթող սողունները հաւաքուած են եւ խորհրդակցած են, թէ ո՛ր կենդանիին արիւնը ամենէն քաղցրն է, որ առաւելապէս զայն խայթեն։ Երկար վիճաբանութենէ ետք մժեղը կ՚ուղարկեն, որ երթայ բոլորին արիւնն ալ փորձէ եւ ապա իրենց տեղեկացնէ։ Կ՚երթայ, բոլորը կը խայթէ եւ մարդուն արիւնը ամենէն քաղցրը կը տեսնէ։ Երբ կը վերադառնայ իր տեղեկութիւնը տալու, ծիծեռնակը, իմանալով այդ, կը յարձակի անոր վրայ եւ կը սպաննէ։

Ուրիշ աւանդութիւն մըն ալ կ՚ըսէ, որ մուկը ապաստան գտնելով Նոյի տապանին մէջ, կրծեց եւ ծակեց տապանը։ Ջուրը սկսաւ ներս լեցուիլ։ Նոյ, այս տեսնելով, բարկացաւ մուկին, որ գնաց անկիւն մը թաքնուեցաւ։ Յետոյ Նոյ առաջարկեց կենդանիներուն, որպէսզի գոցեն ծակը, սակայն ո՛չ ոք կարողացաւ։ Վերջապէս օձը ոլորուելով տարածուեցաւ ծակին վրայ եւ ծածկեց զայն։

Երբ ջրհեղեղը անցաւ, Նոյ առաջարկեց օձին վարձատրութիւն խնդրել մատուցած ծառայութեան համար եւ անիկա, հանելով իր լեզուն, մարդուն արիւնը ուզեց։ Այն ժամանակ ծիծեռնակը, որ Նոյի ոտքին վրայ նստած էր, յարձակեցաւ եւ օձին լեզուն կծեց։ Եւ այս է պատճառը, որ օձին լեզուն մէջտեղէն կիսուած է։

Օձն ալ իսկոյն յարձակեցաւ ծիծեռնակին վրայ, սակայն, կարողացաւ միայն զայն պոչէն կծել։ Ուստի եւ անոր պոչը երկուքի բաժնուեցաւ։ Օձին կծած տեղէն երկու կաթիլ արիւն ինկաւ, մէկը Նոյի վրայ, որ անմիջապէս ոջիլի փոխուեցաւ, միւսն ալ գետին, որ լու դարձաւ եւ թռաւ։

Լալայեան կը նշէ, որ աղաւնին ալ ծիծեռնակին պէս, բայց ո՛չ անոր հաւասար, կը պաշտուի։ Զայն ալ չեն սպաններ կամ անոր վնաս հասցներ։ Միայն թէ մասնաւոր աւանդութիւն մը չի պատմուիր անոր մասին, տարածուած են միայն Սուրբ Գիրքին մէջ պատմուածները։

Պաշտուող թռչուններէն է նաեւ կաչաղակը, որուն մասին, ըստ Լալայեանի գրանցած աւանդութեան, կը պատմուի, թէ պառաւի մը տան ցանկապատին վրայ նստած կ՚աւետէ անոր, թէ որդին պանդխտութենէն կու գայ։

Պառաւը առանց հասկնալու անոր աւետիսը, կտոր մը հաց կը նետէ անոր։ Կաչաղակը իսկոյն տարած է այդ հացը եւ տուած որդիին, որ սաստիկ անօթի եղած է։ Յետոյ վերադառնալով նոյն բանը աւետած է եւ կտոր մը հաց ալ ստանալով, խեղճ որդիին տարած է։ Այս բանը քանի մը անգամ կրկնուած է, մինչեւ որ պառաւը ձանձրանալով քար մը նետած է դէպի կաչաղակը։ Ան ալ վերցուցած է զայն եւ տանելով նետած որդիին գլխուն։ Որդին անմիջապէս մեռած է։

Պառաւը երթալով տեսած է իր մեռած որդին եւ գլխուն ինկած քարը։ Անկէ ետք այլեւս քար չեն նետեր կաչաղակին, այլ միշտ հաց կու տան ու կը խնդրեն. «Բարին մեզի, չարը քեզի»։

Լալայեան կը պատմէ նաեւ պատիժի մասին այլ աւանդութիւն մը։

Կ՚ըսեն, թէ գիւղացի մը չարութեամբ կաչաղակին ոտքերէն քիչ մը յարդ կապած է եւ կրակ տալով՝ ձգած։ Խեղճ թռչունը իսկոյն այրած է։ Ուղիղ տարի մը ետք, նոյն գիւղացիին փոքրիկ աղջիկը իր մեծ մօր տունը առանձին եղած միջոցին, հագուստները վառած են եւ մինչդեռ ան տուն կը վազէր, կրակը լափած է զայն։ Գիւղացին նոր զգացած է իր ըրած մեղքը եւ կրած պատիժը։

ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Երուանդ Լալայեան իր ուսումնասիրութեան մէջ կը տարբերակէ նաեւ այն թռչունները, որոնք թէեւ չեն պաշտուիր, բայց անոնց մասին հետաքրքրական աւանդութիւններ պահպանուած են։

Կուկու (կկու)

Հարս մը ծառերէն օրօրոց մը կը կապէ, մէջը կը դնէ իր միակ երեխան եւ ինք կ՚երթայ քաղհան ընելու։ Երբ քիչ ետք կը վերադառնայ, երեխան այլեւս օրօրոցին մէջ չի գտներ։ Ցաւէն եւ կեսրոջ վախէն թռչուն կը դառնայ եւ «կու-կու» կանչելով կը փնտռէ իր երեխան։ Մինչեւ հիմա ալ «կուկու»ն որոշ բարբառներու մէջ «երեխա»ի հոմանիշն է։ 

Յոպոպ կամ Սանրակապ 

Ասիկա հարս մըն է եղեր, որ անգամ մը խմորը կիսատ հունցած ձգած է եւ սկսած է մազերը սանտրել։ Յանկարծ կեսուրը վրայ հասած է եւ ան ամօթէն ու վախէն թռչուն դարձած է, սանտրը գլխուն եւ թռած։

Կաքաւ

Լալայեանի արձանագրած աւանդութեան համաձայն՝ կաքաւը ժամանակին հարս մըն է եղեր։ Օր մը, երբ խմոր հունցած է, կեսուրը բարկացած է վրան, թէ ինչո՞ւ պինդ հունցած է։ Ան ալ դէմ կեցած է՝ ըսելով, թէ կակուղ է։ Կեսուրը բարկանալով անիծած է հարսը, որ իսկոյն կաքաւ դարձած է։ Բայց մինչեւ այսօր ալ ան դէմ կը կենայ կեսուրին, անդադար կրկնելով. «Կակուղ է, կակուղ է»։

Բլբուլ

Աստուած Ադամը ստեղծելէ ետք, երբ տեսաւ, որ առանձին տխուր է, ըսաւ անոր, որ իրեն համար զրուցակից ընկեր մը ընտրէ ու ան ընտրեց բլբուլը։ Սակայն այս անգամ ալ բլբուլին ընկերը առանձին մնաց եւ սկսաւ տխրիլ, ուստի Աստուած ստեղծեց Եւան, իսկ բլբուլը վերադարձուց իր ընկերոջ։

Անգղ

Լալայեան կը գրանցէ նաեւ անգղին վերաբերող հաւատալիքներ, որոնց համար ալ զայն չեն սպաններ։ Այս թռչունը շատ երկար կ՚ապրի եւ միայն 700 տարեկանին ձու կ՚ածէ եւ ձագ կը հանէ։

Կը պատմեն, թէ շատ հին ժամանակներ Հարուն-Ղարուն անունով շատ հարուստ մարդ մը իր ահագին հարստութիւնը ոչխարներուն վրայ բեռցուցած է եւ տարած լերան մը մէջ թաղած, ոչխարներն ալ մորթած։ Այդ մարդուն թոռը իմանալով այդ հարստութեան մասին, ուզած է պտտիլ եւ գտնել, բայց բոլոր միջոցները ի դերեւ ելած են։

Վերջապէս իմաստուն մարդ մը խոստացաւ անգղներէն իմանալ տեղը եւ այս նպատակով շատ ոչխարներ մորթել տուաւ ու տարածեց դաշտի մը մէջ։ Ինքն ալ քթոցի մը մէջ, գոմէշի ստամոքսով ծածկուելով, թաքնուեցաւ։

Իսկոյն անգղները ամէն կողմէ հաւաքուեցան եւ կերան ոչխարները։ Երբ կշտացան, գացին բերին իրենց մեծ հայրն ալ, որպէսզի ան ալ կշտանայ։ Երբ ան ալ կշտացաւ, թոռները հարցուցին անոր, թէ ուրիշ անգամ ալ այդպէս կշտացա՞ծ էր։

-Մէկ ալ,- ըսաւ մեծ հայրը,- Հարուն-Ղարունին ժամանակը կշտացած եմ, երբ ոչխարներուն բեռցուց իր ահագին հարստութիւնը եւ տարաւ հո՜ն, այն լերան մէջ թաղեց եւ ետքն ալ բոլոր ոչխարները կոտորեց։

Իմաստուն մարդը անմիջապէս դուրս ելաւ քթոցէն, գնաց փորեց ցոյց տրուած լեռը եւ գտաւ անթիւ հարստութիւնը։

Հարուն-Ղարունին ժառանգորդը առաջարկեց իմաստունին իբրեւ վարձատրութիւն վերցնել հարստութեան մէկ մասը, բայց մերժեց՝ ըսելով, թէ ինք ոչինչ կ՚ուզէ, միայն թէ կշռէ հոն ինկած մարդու գանգ մը։ Սակայն Հարուն-Ղարունին բոլոր հարստութիւնը չկրցաւ կշռել մեռելի մը գանգը։

Այդ ժամանակ իմաստունը ըսաւ, թէ բուռ մը հող լեցուցէք նժարին միւս կողմը, եւ երբ լեցուցին, իսկոյն կշռեց։

«Ահա, կը տեսնէք,- ըսաւ իմաստունը,- մարդուն աչքը միայն բուռ մը հող կը կշտացնէ. այդ անբաւ հարստութիւնը բաւարար չէ անոր, ես ալ այդ բուռ մը հողէն զատ, ուրիշ բան չեմ ուզեր»։

Չրչրթան կամ Չափարծտի

Լալայեան կը փոխանցէ նաեւ թռչուններու թագաւորին վերաբերող այս աւանդութիւնը։

Աստուած ձայն տուաւ թռչուններուն, թէ ով որ առաջինը ինծի գայ, զայն թռչուններուն թագաւոր պիտի նշանակեմ։ Արծիւը իսկոյն սկսաւ թռչիլ դէպի երկինք, բայց անոր թեւին տակ ապաստանած էր չրչրթանը կամ չափարծտին, որ երբ արծիւը յոգնած կանգ առաւ, դուրս ելաւ անոր թեւին տակէն եւ թռչելով առաջինը հասաւ Աստուծոյ մօտ։

-Ինչո՞ւ եկած ես, հարցուց Աստուած այս փոքրիկ թռչունին։

-Եկած եմ, որ զիս թռչուններուն թագաւոր նշանակես, պատասխանեց չափարծտին։

-Գնա՛, ըսաւ Աստուած, իմ կողմէս ճպոտ մը բեր, որ ո՛չ կարճ ըլլայ, ո՛չ երկար, ո՛չ ծուռ, ո՛չ ուղիղ, այն ատեն քեզ թագաւոր կը նշանակեմ։

Այդ օրէն սկսեալ ան կը պտտի ցանկապատերուն (չափարներուն) մէջ, ճպոտ կը փնտռէ ու կը ճչայ. «Չըր, չըր, չըր, ճըպոտ, ճըպոտ»։

ՄԻՋԱՏՆԵՐ, ՁՈՒԿԵՐ, ՍՈՂՈՒՆՆԵՐ

Արցախի մէջ Աստուծոյ կով կամ զատիկ կոչուած միջատը սուրբ կը համարեն եւ բնաւ չեն սպաններ։

Ըստ Լալայեանի՝ ձուկերու մասին ընդհանրապէս շատ քիչ աւանդութիւններ կան, երեւի մեծ գետեր եւ լիճեր, հետեւաբար նաեւ զանազան տեսակի ձուկեր չըլլալուն պատճառով։

Յայտնի է միայն՝ օձաձուկը, որ Գաբրիէլ հրեշտակին փողը կը համարուի, որ յանկարծ ինկած է ջուրը։ Ապացոյց, որ անոր վրայ կան 12 ծակի հետքեր։ Այս ձուկերը խումբով կը շրջին՝ սրինգի ձայն հանելով։ Ձկնորսներն ալ ականջ կը դնեն, կը լսեն սրինգին ձայնը եւ ուռկանը նետելով՝ կ՚որսան։

Օձերու մասին շատ աւանդութիւններ կան. անոնցմէ ոմանք նուիրական կը համարուին։

Այսպէս, Ղարաբաղի Գեաթուկ լերան վրայ, «Սպիտակ Կէօր» ուխտատեղիին մէջ եւ Սխտորաշէնի հսկայ չինարի ծառին մէջ կան մէկական ահագին օձ։ Ճամբորդները անցնելով այդ ուխտատեղիներուն մօտէն, կ՚երթան ուխտ ընելու, մոմ կը վառեն, մատաղներ կը զոհեն, որպէսզի օձերը պաշտպանեն զիրենք եւ ճամբորդութեան ատեն չխայթեն։

Զոհաբերութիւններուն ատեն այս օձերը դուրս կու գան եւ հանգիստ ձեւով կը շրջին՝ ո՛չ մէկ վնաս պատճառելով ուխտաւորներուն։

Ուխտաւորները կը վերցնեն այդ օձերու շապիկներուն (խորխին) կտորները եւ կը պահեն գլխարկներուն մէջ։ Երբ օձ պատահի, կը հանեն այդ շապիկին կտորը եւ ցոյց կու տան։ Հաւատացած են, որ այն ատեն օձը անմիջապէս կը հեռանայ, ո՛չ մէկ վնաս կու տայ։

Քառասունի գիւղէն քիչ մը բարձր, բարձր ժայռ մը կայ, որ քիչ մը ծռած կոտրած է։ Այդ կոտրած, տափարակ տեղը, երկու թզենիներուն տակ կ՚ապրի ոսկեղջիւր օձ մը, որ երբեմն իր լուսաճաճանչ գլուխը դուրս կը ցցէ ժայռէն։ Կ՚ըսեն, թէ ո՛վ կարենայ անդրավարտիք մը նետել անոր գլխուն, այն ատեն օձը պիտի փախչի, բայց պիտի ձգէ իր ոսկի եղջիւրները, որոնք իմաստութիւն պիտի տան անոր, որուն մօտ որ ըլլան։

Շատ տուներու մէջ ալ կան օձեր, որոնք տան «դէօվլաթ» համարուելով՝ ո՛չ մէկ հալածանքի կը հանդիպին։ Տնեցիները ամանով կաթ կու տան անոնց, որոնք խմելէ ետք ոսկիներ կը նետեն ամանին մէջ։

Կը պատմեն, թէ մարդ մը երկար ատեն կաթ տուած է իր տան մէկ օձին եւ ամէն անգամ ոսկի մը ստացած։ Անգամ մը այդ մարդը ուրիշ երկիր երթալուն պատճառով՝ որդիին կը յանձնարարէ օձին կաթ տալ։ Որդին տեսնելով օձին տուած ոսկին, կը մտածէ սպաննել զայն եւ մէկ անգամէն ստանալ անոր անթիւ ոսկիները։ Հարուածը կը վրիպի, օձին պոչը կը կտրուի եւ կը խայթէ տղան, որ քիչ ետք կը մեռնի։

Երբ հայրը կը վերադառնայ, կ՚իմանայ ամէն ինչ եւ շատ կը ցաւի։ Որոշ ժամանակ ետք հայրը դուրս կը հրաւիրէ օձը, կը դնէ անոր առջեւ աման մը կաթ եւ կ՚առաջարկէ հաշտուիլ ու առաջուան պէս շարունակել։ Սակայն օձը կը մերժէ կաթը եւ կ՚ըսէ. «Քանի որ երբ ես կը տեսնեմ իմ կտրուած պոչս, դուն ալ կը մտաբերես քու սպաննուած որդիդ, մենք չենք կրնար բարեկամներ ըլլալ»։

Այս ըսելով օձը բոլորովին կը հեռանայ եւ կարճ միջոցի մէջ այս մարդը կ՚աղքատանայ։

Այսօր այս պատմութիւնները այլեւս միայն հին ազգագրական գրառումներ չեն։ Անոնք Արցախի մը ձայնն են, որուն մէջ մարդը, բնութիւնը, կենդանին ու հաւատալիքը իրարու կապուած ամբողջ աշխարհ մը կը կազմէին։ 

Այդ աշխարհը, սակայն, այսօր իր բնական միջավայրին մէջ չկայ։ Արցախը կորսուած է հայուն համար, եւ անոր հետ վտանգուած են նաեւ այն բանաւոր յիշողութիւնները, որոնք գիրքի մը կամ թանգարանի մը պատերէն դուրս կ՚ապրէին՝ գիւղերու, ընտանիքներու, ուխտատեղիներու եւ մարդոց պատմած խօսքերուն մէջ։ Բայց քանի դեռ այս պատմութիւնները կը կարդացուին, կը լսուին եւ կը փոխանցուին, Արցախի մշակոյթի այդ փոքրիկ, երբեմն զարմանալի, երբեմն խորհրդաւոր աշխարհը ամբողջովին լռած չէ։ «Արցախեան մշակոյթի թուային տուն»ը այդ նպատակով ալ ստեղծուած է։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2026