ԴԱՏ ԵՒ ՏԱՐԵԴԱՐՁ

Հայաստանի նորագոյն հանրապետութեան կարեւորագոյն տարեդարձներէն մէկը եղաւ օգոստոսի 8-ը: Ի՛նչ խօսք, մեր վարչապետը շնորհաւորեց հանրապետութեան քաղաքացիները եւ ուղերձ մը յղեց անոնց:
Արժէ՛:
Իւրաքանչիւր երկրի պատմութեան մէջ կայ օր մը, որմէ ետք նոյնը չ՚ըլլար այդ երկիրը: Այդպիսի օր մըն է, ճի՛շդ, օգոստոսեան այս օրը, որմէ առաջ «փակուղիի մէջ էր մեր պետութիւնը», ըսաւ վարչապետը:
Իսկ այդ օրէն վե՞րջ.
Այդ օրէն վերջ «մեր առաջ բացուած են անծայրածիր հեռանկարներ, որոնցմէ օգտուիլ-չօգտուիը կախուած է մեր հաւաքական կամքէն, մեր իմացութենէն ու աշխարհն ու մեր պատմութիւնը սորվելու մեր ընդունակութենէն».
Բիւրե՜ղ յստակութիւն:
Մեր պատմութենէն սորվելու բաւարար ընդունակութիւնը ունի՞նք. կարեւոր հարցում:
«Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հակամարտութեան էջը փակ-ւած է, խաղաղութիւնը հաստատուած է եւ ձեր աչքի առջեւ է, ձեր կեա՛նքն է ու առօրեան»։
Այս մանրամասնութիւններուն հետ «անկապ» ու «անպատասխանատու» սփիւռքհայութեան կեանքը չէ՛ այս խաղաղութիւնը, այո՛, բայց Հայաստանի մէջ ապրող մեր քաղաքացիներուն առօրեա՛ն է անիկա, քանի որ այդ օրէն վերջ նոյնիսկ մէ՛կ զինուոր չէ զոհուած մեր պետութեան աահմաններէն ներս ու զարմանալիօրէն վերացած են զինծառայողներուն «սխալմամբ» իրար գնդակահարելու, ձիւն ու մշուշի մէջ կորսուելու ու չբացայայտուած պայթումներուն ծիծաղելի լուրերը...
«Խաղաղութեամբ թող ննջեն հակամարտութեան բոլոր զոհերը։ Այլեւս երբե՛ք», վճռեց մեր վարչապետը:
Կեցցէ՜ խաղաղութիւնը:
Պիտի չմոռնայ պատմութիւնը, որ երկա՜ր սպասուած այս երազանքը իրականացնող այս մարդը չորրո՛րդ անգամ ըլլալով Հայաստանի վարչապետ նշանակուեցաւ Արցախը, Մեղրին յանձնելէն ու արցախցիները տեղահանելէն վերջ, իրեն դէմ խօսողները ձերբակալալելէն ու բանտարկելէն վերջ, Էջմիածնայ Մայր Տաճարին բակը ոստիկանութեամբ լեցնելէն ու ժողովուրդը պառակտելէն ետք, «Պատմութեան կանչերը չլսե՛նք» ըսելէն ու Արարատը ջնջելէն վերջ, ընտրութիւնները կեղծելէն ու «Հայաստանն ընտրեց» ըսելէն վերջ...
Այսքանն ու դեռ տասնապատիկը ընելէն վերջ, հայրենիքի թէ՛ սփիւռքի հայութեան մեծ տոկոսին անարգանքը «վայելելէն» վերջ «արդարացիօրէն» ընտրուիլը անուն ունի՞: Այս երեւոյթը կարելի՞ է սահմանել:
Ո՞ւժ, հեղինակութի՞ւն, ծրագի՞ր, «ժողովրդավարութի՞ւն»...
Չորրորդ անգամ վերընտրուած մեր վարչապետին առաջին պաշտօնական ուղերձն էր խաղաղութեան տարեդարձինը.
Արժէ՛:
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդները հաւասարապէս շնորհաւորեց մեր վարչապետը, բայց...
Այդքան ալ հարթ չէ ճանապարհը, ըստ ըսուածին, բարեկամներ, քանզի «խաղաղութիւնը փլուզելու գործունէութիւնը բարեհունչ կամ «հայրենասիրական» ծխածածկոյթի ներքոյ կը քօղարկուի»:
Զգո՜յշ...
Ահա՛ մեզմէ պահանջուածը, ան ալ՝ «առանց սեթեւեթանքի».
«խաղաղութիւնն անշրջելի դարձնելու համար անհրաժեշտութիւն է «Լեռնային Ղարաբաղի հայերու վերադարձի» եւ «Ատրպէյճանէն հայ փախստականներու վերադարձի» իրաւունքին մասին, իսկ Ատրպէյճանի մէջ «Արեւմտեան Ատրպէյճանի եւ արեւմտաատրպէյճանցիներու վերադարձի» իրաւունքի մասին խօսույթները չշարունակել»:
Այսքա՛ն:
Եթէ այսքանը ընենք, «վերադարձի» այս խնդիրները եթէ կարենանք վերացնել... պիտի շողշողայ խաղաղ մեր երկինքը՝ դիւցազո՜ւն մեր քոչարին պարող ծիածաններուն տակ...
Ի՛նչ ըսեմ. ես ալ կը շնորհաւորեմ «ազգընտիր» մեր վարչապետը այսքան յստակ ու անսեթեւեթութեամբ իր արձանագրած ազգային մեր պարտականութիւններուն համար:
Կեցցէ՛ խաղաղութիւնը, որ պէտք է պահպանենք այս առաջադրանքները գործադրելով:
Մեզմէ շատ հեռու չէ՛:
Յանուն խաղաղութեան կրնա՛նք ընել մենք:
Շնորհաւորանք մը ե՛ւս ունիմ մեր վարչապետին, մեզի՝ բոլորիս, «հայութեան» շապիկը հագած ապրող ու գործող մեզմէ իւրաքանչիւրիս.
Կը շնորհաւորեմ բոլորս, որ բարւօ՛ք մեր կեանքը ուրուագծող խաղաղութեան առաջին տարեդարձէն միայն մէ՛կ օր առաջ, մեր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Վեհափառ Հայրապետ մը եւ եպիսկոպոսներ դատարան ներկայացան: Հայրապետին քրէական գործը ստանձնող դատաւորը ինքնաբացարկ յայտարարեց եւ հրաժարեցաւ գործընթացը շարունակելէն:
Դատական այս գործին բառացիօրէն ծիծաղելի պատճառը, ձեւը, վայրը, ի՛նչ եղաւ, ի՛նչ չեղաւ, դեռ ի՛նչ կ՚ըլլայ... որքանո՞վ կարեւոր է՝ չեմ գիտեր, բայց գիտե՛մ, որ այսպիսի օր մը ապրեցա՛նք եւ իրականութիւն մը եղաւ այս դէպքը մեր պատմութեան մէջ:
Մրոտ այսպիսի արատ մը մեր էջերուն վրայ արձանագրելու անտարբերութեան կէտին ե՞րբ հասանք, թէ՞ հոն ենք արդէն մենք շատոնց. մէջք կտրող ու ճիչ արձակող հարուածն էր ասիկա...
Ճի՞չ...
Յարգանքս իրենց ցասումն ու բողոքը արտայայտողներուն, փողոցներուն մէջ «երկար կեանք տո՛ւր» երգողներուն, պատմական այս ամօթը մամուլին յանձնողներուն, առարկող ու կոչ յղող կառոյցներուն, բայց...
Ա՞յս էր մեր ճիչը:
Հիմա՛, խաղաղութեան «ոսկեզօծ նուաճումներուն» մէջ յիշուելիք բա՞ն է ասիկա. հարցում:
Դէմ դիմաց դրուելիք պատմական դրուագնե՞ր են այս երկուքը:
Օգոստոս 7-ին Վեհափառը դատարան գնաց:
Օգոստոս 8-ին խաղաղութեան տարեդարձը նշուեցաւ:
Խաղաղութիւնը պիտի շարունակուի կերտուիլ, անկասկած. պատուիրակութիւններ պիտի հանդիպին դեռ, ճամբաներ պիտի բացուին, առեւտուր պիտի ըլլայ եւ կեանքը պիտի բարելաւուի, «Բի՜ւր յարգանք մեր նահատակներուն»՝ շա՜տ պիտի ըսենք դեռ...
Մեր Վեհափառին ու եպիսկոպոսներուն դատն ալ պիտի շարունակուի՝ անկասկած եւ «Ամէն հայի սրտից բխած»ն ալ դեռ շա՜տ պիտի երգուի՝ հաւանաբար:
Քանի՞ դատաւոր դեռ կրնայ դատէն հրաժարիլ ու հարցը ուրիշին նետել:
Պիտի արձանգրուի՞ օր մը, որ խաղաղ ու բարգաւաճ Հայաստանի մէջ հայ դատաւոր մը Ամենայ Հայոց Կաթողիկոսը դատեց:
Արդար չէ՛ պատմութիւնը. որոշ մարդկանց ըրածները կը յիշէ, շատերուն ալ՝ չըրածները.
Հողը յանձնո՞ղը, թէ հողին համար մեռնողը...
Խաղաղութիւն բերո՞ղը, թէ չդատողը՞ հերոս պիտի ըլլայ:
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Գահիրէ