ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՍԵԹԵԱՆ (1853 - 1930)

Գրող, բանաստեղ եւ ուսուցիչ Յովհաննէս Սեթեան (Եոսէյ Վանանթնսեհ) ծնած է 1853 թուականին, Պոլիս, Օթագիւղի մէջ: 

Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի Ս. Թարգմանչաց վարժարանէն ներս: 

1870-ին մուտք գործած է ուսուցչական ասպարէզ: Հայերէն եւ ֆրանսերէն դասաւանդան է Պոլսոյ գլխաւոր վարժարաններէն ներս: Նոյն թուականին մուտք գործած է նաեւ գրական անդաստան: 

1896-ին հրաշքով մը ազատած է աղիտալի դէպքերէն եւ անցած է Գահիրէ: 

Մինչեւ 1906 թուականը Գահիրէէ ներս եղած է տնօրէն եւ ուսուցիչ՝ Գալուստեան Ազգային վարժարանին, ապա միայն ուսուցիչ: Գահիրէ հրատարակուող «Արեւ»ը երկու խմբագրականներով խօսած է Յովհաննէս Սեթեանի մասին: Առաջին խմբագրակնին մէջ խօսելով անոր ուսուցիչի կերպարին մասին, կը գրէ. «…պէտք է ըսել, թէ Սեթեան մանկավարժ մը չէր բառին իսկական առումով, բայց մեծագոյն վարպետներէն մին էր հայերէն լեզուի, հմուտ հայկաբան մը եւ ֆրանսագէտ մը. պատկառելի դէմք մը հայ ուսուցչութեան մէջ, որ գիտէր եւ խորապէս գիտէր իր աւանդած նիւթը եւ անվիճելի հեղինակութիւն մըն էր: Ո՛չ միայն իբր պատկառելի հեղինակութիւն, այլ նաեւ իբր ճշմարիտ հայր մը՝ իր երկսեռ աշակերտութենէն սիրուած ու յարգուած է ան: Ինքզինք սիրցնելու այս շնորհքը ուղղալի կը բխէր իր նկարագրէն, համեստ ու գերազանցապէս բարի խառնուածքէն: Հայրական անսահման ներողամտութեամբ, ճշմարիտ գորովով եւ ազնուականութեամբ լեցուած իր սիրտը չէր կրնար խորապէս չտպաւորել իր շուրջ հաւաքուած ուսումնատենչ մատղաշ հոգիները, որոնք հարիւրներով կը հաշուուին եւ միշտ ալ պիտի պահեն իրենց մէջ անսահման սէր եւ երախտագիտութիւն՝ հանդէպ իրենց մեծ ուսուցչին, որ մեծ եւ պատկառելի դէմք մըն էր նաեւ մեր ազգային գրականութեան մէջ»։ («Արեւ», Ազգային-գրական-քաղաքական օրաթերթ, ԺԶ. տարի, թիւ 3394, երկուշաբթի, 31 մարտ 1930, էջ 1)  

Աշխատակցած է «Մասիս», «Թատրոն», «Արեւելք», «Երկրագունտ», «Արեւ» եւ այլ օրաթերթերու ու պարբերականներու: 

Յովհաննէս Սեթեան 1882-ին հրատարակած է բանաստեղծութիւններու իր առաջին ժողովածուն՝ «Գրական զբօսանք» (Պոլիս) վերնագիրին տակ: Ապա 1888-ին հրատարակած է «Յուզման ժամեր»ը (Պոլիս), 1896-ին՝ «Բլուրն ի վեր» (Պոլիս), իսկ 1912-ին՝ «Տարագրին քնարը» (Գահիրէ): Այս չորս հատորներն ալ բանաստեղծութիւններ են: Իսկ իր արձակներն ու պատմուածքները ամփոփուած են «Արշալոյսէն վերջալոյս» գիրքին մէջ, հրատարակուած 1912-ին, Գահիրէի մէջ: Իր բանաստեղծի կերպարի մասին «Արեւ»ի խմբագրականին մէջ կը կարդանք. «Եւ Սեթեան մեծ բանաստեղծ մըն էր, ծնած եւ ո՛չ թէ եղած: Զգայուն, համեստ ու բարի, անսահման սիրով տոգորուած խանդակաթ հոգի մը, միամիտ ու մանկունակ գեղեցկութեամբ զարդարուն սիրտ մը, ուր չարութիւնը երբեք ոտք չդրաւ, հարուստ երեւակայութեան տէր ու բարձրագոյն գեղեցկութեանց, մեծ գաղափարականներու երկրպագու հոգի մը: Տեսլապաշտ մըն է, ճշմարիտ ըմբռնող մը «Կատարեալին, Յաւերժականին եւ Բացարձակ»ին, ինչպէս կ՚ըսէ սքանչելին Ինտրա. «Իր մտքին մէջ ոչինչ աւելի ներկայ է ու գործօն քան գաղափարը»… «փիլիսոփայ չէ բարեբախտաբար, այլ բանաստեղծ»: Կը սիրէ Արդարն ու Բարին: Կը հաւատայ անոնց ու անո՛նց կ՚ապաւինի՝ երբ դէմ յանդիման կու գայ չարին ու կեանքի քստմնելի իրականութեանց: Սեթեանի մէջ խորհող ու տրամաբանող միտքը տկար է եւ վարանոտ, մինչ զգացող սիրտ՝ բուռն եւ անզուսպ: 

«Չէ թէ քերթողական արուեստն իրեն կը պակսի, ընդհակառակն, այլ սիրտն, որ խորապէս կը զգայ, գերիվեր է ամէն արուեստէ», կ՚ըսէ Եղիա Տէմիրճիպաշեան»։ («Արեւ», Ազգային-գրական-քաղաքական օրաթերթ, ԺԶ. տարի, թիւ 3394, երկուշաբթի, 31 մարտ 1930, էջ 1)

Իսկ Վահան Թէքէեան հետեւեալը կ՚ըսէ. «Յովհաննէս Սեթեան գարնան, վարդի, սոխակի եւ սիրոյ բանաստեղծն է: Այս տեսակէտով մեծ խնամութիւն կայ Պէշիկաշլեանի, Թէրզեանի եւ Սեթեանի միջեւ, խնամութիւն՝ որ Տէմիրճիպաշեանը դուրս կը թողու այս երրորդութենէն: Սեթեան անոնց նման բանաստեղծ մը եղաւ եւ այդպէս մնաց մինչեւ վերջը, ո՛չ թէ չմոռնալով իր քնարը, այլ չկարենալով մոռնալ: 

Պրպտելով բանաստեղծը, ճշմարտապէս քաղցր հոգի մը պիտի գտնենք իր մէջ, գրեթէ մանուկ մը, նուրբին, փափուկին սիրահար»։ («Գրական ասուլիսներ, Ե., Յովհաննէս Սեթեան», Կ. Պոլիս, 1913, էջ 22)

Սեթեան գրած է նաեւ ֆրանսերէն բանաստեղծութիւններ եւս, ինչպէս՝ «Le grand martyr», «La fin d’une journée», «La priére d’un vieillard» եւ այլն:

Գրած է նաեւ նորավէպեր, ինչպէս՝ «Փոխարինութիւն», «Քմահաճոյքի մը գործը», «Խլեակ մը» եւ այլն: 

1913 թուականի մայիսի 19-ին, Պոլսոյ մէջ, Էսաեան սանուց միութիւնը կազմակերպած է իր գրական ասուլիսներու շարքին հինգերորդը, զայն նուիրած է Յովհաննէս Սեթեանին՝ անոր գործունէութեան 20-ամեակին առթիւ: Այդ ասուլիսին նախագահած է Երուանդ Օտեան, խօսք առած են Յ. Ճ. Սիրունին, Տիրան Չրաքեանն ու Վահան Թէքէեանը: Այս բոլոր խօսքերը գրքոյկի տեսքով հրատարակուած են, 1913-ին:   

Յովհաննէս Սեթեան մահացած է 1930-ին, Գահիրէ:

*

Կեանքեր կան, ըսած ես դուն, այնչափ լեցուն եւ այնչափ խղճմտօրէն պարտականութեան նուիրուած, բարիին եւ օգտակարին կատարման, գեղեցիկին եւ վսեմին պաշտամունքին, աշխատութեան սիրոյն այնչափ բոլորանուէր ձօնուած, որ անողոք, անդառնալի վախճանը երբ զանոնք կը փակէ, զմեզ յափշտակուած կը գտնենք այն սուրբ եւ ապշութեան նմանող պատկառանքով, որ ուխտաւորին երիկամունքը կը վրդովեն ի տեսիլ սուրբի մը կամ մարտիրոսի մը, որ իր նմաններուն վիճակին բարւոքմանը զոհեց իր գոյութիւնը, կամ դիւցազնի մը, կամ նահատակի մը, որ հայրենիքի մը ամենէն սիրելի բաներուն պաշտպանութեան համար կռիւի դաշտին վրայ ինկաւ։ («Արեւ», Ազգային-գրական-քաղաքական օրաթերթ, ԺԶ. տարի, թիւ 3403, հինգշաբթի, 10 ապրիլ 1930, էջ 2)

*

ԵՏՄՈՆԻՆ ՔՈՒՆԸ

Երէկ գիշեր գացինք դիտել քաղցրիկ քունն

Մեր վարդագոյն Ետմոնին:

Պառկած էր ան, չորս անդամներ տարածուած,

Աջ բազուկը դէպ յերկին.

Ոտքեր նըման վազող գառին մեծաքայլ

Կամ եղջերուին որ ոստնու.

Քաջ զօրավար ասպետի մը նըման էր,

Որ կը փութար յաղթելու:

 

Մատաղատի նոր մէկ Վարդան կար մըրավառ

Վառ աչքերով աղուանուշ,

Որ քունին մէջ անգամ շըրթանց վրայ ունի

Ժըպիտ գրաւիչ ու մեղոյշ:

 

Կարծես կ՚ըսէր. «Օ՜ն, իմ քաջեր, վազեցէք

Դէպի վսեմ յաղթանակ,

Դէպ ի մա՛րտ, օ՛ն, օն վազեցէք ամրաքայլ

Թշնամիին դէմ անարգ»:

 

Եւ շուրթերուն մէջ կը սեղմէր իր ծըծոց

Նըման փողի մը բոսոր,

Ու կ՚որոտար իրեններուն մեծագոչ

Խրախուսի կոչ մը հըզօր:

 

Այսպէս տեսանք երէկ գիշեր մեր Ետմոն

Եւ կ՚ըսէինք մըտովի. «Այսպէս կ՚ըլլան ապագային

քաջերը

Ընթանալով քով քովի.

 

Ազատելու համար մեր սուրբ հայրենիք

Որ իր որդւոց կը սպասէ,

Որ ջերմագինս պիտի հասնին եւ փութով

Թեւածելով զերդ բազէ:

 

Պիտի հասնին անոնք ուրախ եւ զըւարթ

Սըրունքներով կորովի,

Շուրջ պտտելու իրենց մայրը Հայաստան

Ջերմ ուխտերով գորովի։

1926

(«Արեւ», Ազգային-գրական-քաղաքական օրաթերթ, ԺԶ. տարի, թիւ 3405, շաբաթ, 12 ապրիլ 1930, էջ 1) 

*

Կեանքը՝ տառապանք եւ սուգ. կեանքը՝ սուգ եւ տառապանք: Կեանքը՝ աղէտալի պայքար մը ամենուն համար ալ, ու թերեւս պայքար մը անվերջանալի: Ո՞ւր կը յանգի ճամբուն ծայրը. ո՞վ գիտէ բնաւ: 

Միայն թէ պայքարն ալ կրնայ ըլլալ վեհ ու գեղեցիկ, կամ ցած ու զազիր: Պատմութիւնը հոն է եւ կը վկայէ ասոր: Հետեւաբար, երանի անոնց, որոնց մղած կռիւը սուրբ է. եւ վա՛յ անոնց, որոնց աղտեղի եւ գարշելի է պայքարը: Պատմութիւնը պիտի փառաւորէ առաջինները եւ իր թուքը պիտի ժայթքէ միւսներուն երեսին: 

(«Անապատային յուշարձանը», Ա. հատոր, Տետր իններորդ եւ տասներորդ, Գահիրէ, 1916, էջ 181)

*

Վախճաններ կան որ արեգակնային խաւարումներու կը նմանին: Բնութիւնը կը սմքի, սահմռկած, երբ տիեզերքի աստղին փայլը յեղակարծ սկսի նսեմանալ: Թռչունները, վերջալոյս կարծելով, բայց անհասկնալի կերպով տարաժամ վերջալոյս մը, բաներ մը կը շշնջեն իրարու: Տերեւները հով չեղած ատենը՝ կ՚երերան, իբրեւ թէ սարսափի նորօրինակ շունչ մը անցնէր իրենց վրայէն: Մթնոլորտը իրերու կատարածի դալկահար սարսուռով մը կը լեցուի: Անտառներուն շիկերէները՝ մօտալուտ աղէտքի մը ժամանումը կարծես հեռազգալով՝ բաշերնին թօթափելով կը մռլտան, անհանգիստ: Եղերական բան մը կ՚անցնի երկնակապոյտին մէջ. գոգցես սատակումի փոթորկի մը երագ երագ գալուստէն վրդովէր: Մարդկային արարածը վախճանելու մօտեցած ընդհանրական կեանքին անդունդի մը եզերքին մօտենալուն մահասարսուռ տպաւորութենէն կը դողդղայ: Միտքդ չարաղէտ կերպով անծանօթ կործանարար ձեռքի մը սպառնալիքը կ՚երեւակայէ… Կ՚երեւակայէ, թէ Աստուած մոռցեր է ստեղծողի ու կենդանարարի իր պաշտօնը եւ հեռու տեղ մը գացեր է գուցէ ալ չվերադառնալու համար։ («Անապատային յուշարձանը», Ա. հատոր, Տետր ութերորդ, Գահիրէ, 1916, էջ 164) 

* 

Կեանքեր կան այնչափ լեցուն եւ այնչափ խղճմտօրէն պարտականութեան նուիրուած, բարիին եւ օգտակարին կատարման, գեղեցիկին վսեմին պաշտամունքին, աշխատութեան սիրոյն այնչափ բոլորանուէր ձօնուած, որ անողոք անդառնալի վախճանը երբ զանոնք կը փակէ, զմեզ յափշտակուած կը գտնենք այն սուրբ եւ ապշութեան նմանող պատկառանքով, որ ուխտաւորին երիկամունքը կը վրդովեն ի տեսիլ սուրբի մը կամ մարտիրոսի մը՝ որ իր նմաններուն վիճակին բարւոքման զոհեց իր գոյութիւնը, կամ գիւղացի մը կամ նահատակի մը որ, հայրենիքի մը ամենէն սիրելի բաներուն պաշտպանութեանը համար, կռիւի դաշտին վրայ ինկաւ: 

Այսպիսին եղաւ ողբացեալ Ռեթէոս Պէրպէրեանի՝ պանծալի գրագէտին ու մեծ դաստիարակին կեանքը: 

…

Եւ իր վախճանը անով մանաւանդ ողբալի է որ, ի բաց առեալ իր կեանքին մէկ քանի տարիները, որ բոլորանուէր սիրոյ եւ զգացմանց համանմանութեան աղագաւ իր սրտին ընտրած էակին հետ միացմանը կը զուգադիպէին, համակ անխոնջ աշխատութեան նուիրուած կեանք մը անցընելէն յետոյ՝ լի մեծ մասամբ դառնութիւններով, ցաւը կրեց վաղահաս բաժանման իր ամուսնոյն. բաժանում, որ ծանր ծանր յառաջ բերաւ իր վախճանը. եւ զի այդ չարաբաստութիւնները հազիւ կրնայ սփոփել եւ մեղմել ուսումնասիրական ընթերցմունք եւ պարապմունք, որ գիտենք, թէ գրաւեցին իր գոյութեան մէջ լայն բաժին մը՝ յագուրդ տալու համար մշտածարաւ հրայրքին եւ հետաքրքրութեան երկնից եւ երկրի բաները ճանչնալու, պատմութիւն, իմաստասիրութիւն, գիտութիւն, դպրութիւն՝ լաւագոյնս թարգմանելու համար զանոնք իր սաներուն։ (Յովհաննէս Սեթեան, «Արշալոյսէն վերջալոյս», Գահիրէ, 1912, 191, 194)

*

ԱՂՕԹՔ

Սըրբավայրին մէջ միայնակ, ուր տիրէ խոր լըռութիւն,

Կոյս մի կանգնած է գեղանի, վառեալ ի խանդ գերագոյն,

Ոչ մի աղմուկ աշխարհաձայն եւ ոչ շարժմունք

մարդկեղէն

Այդ լըռութիւնը խռովեն:

 

Միայն, յորժամ գլուխ ի խոնարհ՝ դնէ կոյսըն ծունր

ի գետին,

Մեղմ ձայն, ծառոց զերդ սօսաւիւն, լըսուի ներա

ըզգեստին.

Եւ մերթ ընդ մերթ, երբ խոնարհի, իբրեւ զըսպեալ

հառաչանք,

Թըռնին շրթանց իւր մաղթանք:

 

Ներա դէմքը ջերմ եռանդով վառի ի յոյս եւ ի սէր,

Կամ խորանին առաջ կախուած կանթեղէն տայ

փայլակներ,

Եւ մերթ անուշ մի ամօթով բոսորագեղ շառագնի,

Թերեւս առ սէր իւր սըրտի:

 

Սէ՜ր մ՚ունի այդ կոյսըն, գիտեմ այժմիկ թէ նէ սէր մ՚ունի,

Տեսէ՛ք, է՞ր արդ, երկիւղալից, ծընդացը վրայ խոնարհի.

Ընդէ՞ր ճակատըն այս անգամ յեց այդ յարկին

ի վերայ,

Ո՜հ, ընդ երկար յոյժ մընայ:

 

Վերջապէս նէ վեր կանգնեցաւ. բայց ի՞նչ են այդ

արցունքներ

Որ իւր աչաց մէջէն նըւազ այտից վերայ են հոսեր.

Ընդէ՞ր ուժգին հեծեծանաց դարձան անմռունչ իւր

աղօթք

Եւ դողան այժըմ իւր ոտք:

 

Ընդէ՞ր ողորմ ւ՚ողոքաւոր, աչերն ի վեր սեւեռած,

Աղերսարկու, ներում խընդրէ կամ գըթութիւն,

անձկայրեաց:

Հա՞յրն ի վտանգի կայ, կամ թէ մա՞յր. ոչ այդ աղջիկ

գեղանի

Անտարակոյս սէր մ՚ունի:

(Յովհաննէս Սեթեան, «Յուզման ժամեր», Կ. Պոլիս, 1888 էջ 76-77) 

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 10, 2026