ԱՂԵՔՍԱՆԴՐԻԱՅԷՆ ՓԱՐԻԶ. ԴԱՐԱՇՐՋԱՆ ՄԸ ՄԱՐՄՆԱՒՈՐՈՂ ԵՐԱԺԻՇՏԻՆ՝ ԿԱՐՊԻՍ ԱՓՐԻԿԵԱՆԻ 100-ԱՄԵԱԿԸ - ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿ ՄԸ՝ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔԻ ՍՐՏԻՆ ՎՐԱՅ
Այս տարի կը լրանայ հայ երգուարուեստի նուիրեալներէն մէկուն՝ սփիւռքահայ երաժիշտ, խմբավար, երգահան, Փարիզի «Սիփան-Կոմիտաս» երգչախումբի երկարամեայ խմբավար Կարպիս Ափրիկեանի ծննդեան 100-ամեակը։ Առիթ մը՝ վերյիշելու եւ մեծարելու այն հսկան, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրեց հայ մշակոյթի պահպանման, նաեւ առիթ մը՝ անգամ մը եւս հայեացք նետելու ֆրանսահայ այս երգչախումբի անցած ճանապարհին, որու կազմաւորման 100-ամեակն ալ, ի միջի այլոց, անցեալ տարի լրացաւ։
Եւ երբ Կարպիս Ափրիկեան Եգիպտոսէն երթալով ստանձնեց երգչախումբի ղեկավարութիւնը, զայն արդէն գաղութի կեանքի անբաժան մասն էր։ Ան շարունակեց այդ ճանապարհը…
Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի 9-րդ թաղամասին մէջ տակաւին անցեալ տարեվերջին հանդիսաւորապէս բացուեցաւ հրապարակ մը, որ կը կրէ Կարպիս Ափրիկեանի անունը։ Ձեռնարկը պատահական օր չէր ընտրուած․ տեղի ունեցաւ անոր մահուան առաջին տարելիցին՝ իբրեւ յարգանքի, երախտագիտութեան եւ ազգային յիշողութեան կենդանի արտայայտութիւն։ Կարպիս Ափրիկեան մահացաւ 2024 թուականին, իսկ անուանակոչուած հրապարակը դարձաւ հայ երաժշտութեան պատմութենէն ներս գրեթէ դարաշրջան մը ներկայացնող մարդու մը յիշատակը՝ Փարիզի սրտին մէջ։
Միջոցառման ներկաները նշեցին, որ Կարպիս Ափրիկեան ամբողջ սերունդներու երաժշտական դաստիարակն էր, ազգային յիշողութեան պահապանը, կոմիտասեան ու կանաչեանական աւանդութիւններու վերակենդանացնողը եւ այն սակաւաթիւ մշակութային դէմքերէն մէկը, որոնք սփիւռքի դժուար պայմաններուն մէջ կարողացան հայ երգը վերածել գոյատեւման միջոցի։
ԱՂԵՔՍԱՆԴՐԻՈՅ ՏԱՐԻՆԵՐԸ
1926 թուականի հոկտեմբերի 6-ին, Եգիպտոսի Աղեքսանդրիա քաղաքին մէջ ծնած Կարպիս Ափրիկեան, մանկութենէն իսկ մտաւ երաժշտութեան կախարդական աշխարհը։ Հայկական գաղութային կեանքը այդ տարիներուն կը ծաղկէր դպրոցներով, թատերական միութիւններով, երգչախումբերով եւ մշակութային շարժումով, իսկ պատանի Կարպիսը շատ կանուխ զգաց, թէ իր ճակատագիրը կապուած պիտի ըլլար այդ արուեստին։
Տասնհինգ տարեկանին արդէն Աղեքսանդրիոյ Պօղոսեան ազգային վարժարանի երաժշտութեան ուսուցիչ Աշոտ Պատմագրեանի սիրելի աշակերտն էր․ երբ ուսուցիչը կը բացակայէր, պատանի Կարպիս ինք կը ստանձնէր երգչախումբին ղեկավարութիւնը։ Այս գեղեցիկ յուշը՝ կենսագրութեան մէջ, կը վկայէ պատանի տարիքին իսկ անոր մէջ նշմարուած առաջնորդական ձիրքին մասին։ Երբ Աշոտ Պատմագրեան հեռացաւ, երիտասարդ Ափրիկեան դարձաւ անոր յաջորդը եւ մինչեւ 1953 թուականը շարունակեց իր գործունէութիւնը Եգիպտոսի մէջ։
Այդ շրջանը որոշիչ եղաւ երաժիշտի կազմաւորման համար։ Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ մէջ ան կազմակերպեց բազմաթիւ համերգներ, որոնց շարքին՝ հանրածանօթ «Ալհամրա» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցած ելոյթները, որոնք երաժշտասէր շրջանակներու ուշադրութիւնը գրաւեցին։ Շատ չանցած, Կարպիս Ափրիկեան Եգիպտոսի երաժշտական աշխարհին մէջ դարձաւ առաջնակարգ անուն մը։ Իր տաղանդը այն աստիճան գնահատուեցաւ, որ մինչեւ իսկ Եգիպտոսի նախագահին կողմէ արժանացաւ գնահատանքի։
Բայց իր առաքելութիւնը շատ աւելի մեծ էր, քան անձնական յաջողութիւնը։ Ան զգացած էր, որ հայ երաժշտութիւնը՝ մանաւանդ սփիւռքի մէջ, վտանգուած ժառանգութիւն մըն էր։ Այդ գիտակցութեամբ ալ ան տարիներ շարունակ իր ամբողջ էութիւնը նուիրեց ազգային երգին։
ՓԱՐԻԶ. ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՄԵԾ ԲԵՄԸ
1960-ական թուականներուն հաստատուեցաւ Ֆրանսա, ուր պիտի սկսէր իր կեանքի մեծագոյն առաքելութիւնը։ Փարիզի մէջ հիմնուած հայկական երգչախումբը դարձած էր երաժշտական հաւաքականութիւն, իսկ Ափրիկեան շատ արագ հասկցաւ, որ զայն պիտի ըլլայ մշակութային դպրոց, ազգային դիմագիծ եւ հոգեւոր կեդրոն։ Հինգ տասնամեակէ աւելի իր ուսերուն վրայ կրեց այդ կառոյցը՝ անխոնջ աշխատանքով, նուիրումով եւ անսակարկ հաւատքով։
Անոր ղեկավարութեամբ երգչախումբը վերածուեցաւ իսկական հաստատութեան մը։ Հազարաւոր երգիչներ անցան այդ դպրոցէն, սորվեցան ո՛չ միայն երգել, այլ նաեւ հասկնալ հայ երաժշտութեան հոգին։ Անոնցմէ շատեր առաջին անգամ Կոմիտաս լսեցին Ափրիկեանի մեկնաբանութեամբ, առաջին անգամ զգացին Կանաչեանի մեղեդիներուն ներքին ջերմութիւնը, առաջին անգամ բացայայտեցին, որ ազգային երգը կենդանի ներկայութիւն է։
ՄՈՌՑՈՒԱԾ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԿԵՆԴԱՆԱՑՆՈՂԸ
Կարպիս Ափրիկեանի մեծագոյն ծառայութիւններէն մէկը եղաւ մոռցուած կամ կիսատ մնացած հայ երաժշտական երկերու վերակենդանացումը։ Աւելի՛ն, երգչախումբը դուրս եկաւ Ֆրանսայի սահմաններէն։
Անոր երաժշտական հանճարին ամենայատկանշական արտայայտութիւններէն մէկը եղաւ Բարսեղ Կանաչեանի երաժշտական ժառանգութեան վերակազմութիւնը։ Երբ Կարպիս Ափրիկեան գտաւ Լեւոն Շանթի «Հին աստուածներ» թատերգութեան համար Կանաչեանի գրած դաշնամուրային բաժինը եւ ջութակի ու թաւջութակի կցկտուր հատուածներ, շատեր թերեւս զանոնք պատմական փաստաթուղթերու նման պիտի պահէին միայն։ Բայց եւ այնպէս, Ափրիկեան այդ բեկորներուն մէջ տեսաւ ամբողջական արուեստի մը ներուժը։ Անոնց հիման վրայ ստեղծեց մէկ արարնոց խտացուած «Աբեղան» օփերան, որ դարձաւ համանուագային հարուստ կառոյց ունեցող մեծարժէք ստեղծագործութիւն։
1991 թուականին Կարպիս Ափրիկեան Հայաստանի իշխանութիւններու հրաւէրով, առաջին անգամ ըլլալով այցելեց Հայաստան, ուր ներկայացուց սփիւռքահայ երաժիշտներու ստեղծագործութիւններէն փունջ մը: Անոր ջանքերով Գէորգ Ալեմշահի «Աւարայրի ճակատամարտը» համանուագային վիպերգութիւնը ներկայացուեցաւ Երեւանի մէջ։ Նոյնը կարելի է ըսել «Սասունցի Դաւիթ» օրաթորիոյին մասին, որ դիւցազներգական շունչով ստեղծագործութիւն մըն է՝ լի մեներգերով, խմբերգերով եւ համանուագային հզօր պատկերներով։
ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՂԸ՝ ՄԵԿՆԱԲԱՆԻ ԴԻՄԱԳԻԾԷՆ ԱՆԴԻՆ
Նոյնպիսի նուիրումով ան աշխատեցաւ «Նանօր»ին վրայ։ Ափրիկեանի մեկնաբանութեամբ «Նանօր»ը վերածուեցաւ իսկական կոթողի մը։ Նուագախումբի ընկերակցութեամբ ներկայացուած այս գործը միջազգային երաժշտասէր շրջանակներու մէջ արժանացաւ բացառիկ ընդունելութեան եւ դարձաւ հայ երաժշտութեան այցեքարտերէն մէկը։
Ափրիկեան միայն վերարտադրող կամ մեկնաբանող չէր։ Ան իսկական ստեղծագործող մըն էր։ Իր «Լճակը» գործը առանձնացաւ ձայնային նուրբ փոփոխութիւններով եւ երաժշտական պատկերաւորութեամբ։ «Հարսանեկան փոքր փունջ»ը նոր ուղի բացաւ հայ երգացանկին մէջ։ «Լամէնթօ, ողբ»ը, որ նուիրուած էր Կոմիտասին, խոր ներքին ցաւի եւ յիշողութեան երաժշտական մարմնաւորում մըն է։ «Մութն էր երկինքը» ստեղծագործութիւնը մելամաղձոտ մեղեդիականութեան բացառիկ օրինակ մըն է, ինչպէս կը գնահատեն մասնագէտներ։
«Չ՚ԸԼԼԱՐ, Չ՚ԸԼԼԱՐ»․ ՆՈՐ ՇՈՒՆՉ ՄԸ ԵՐԳՉԱԽՄԲԱՅԻՆ ԱՐՈՒԵՍՏԻՆ ՄԷՋ
Ափրիկեանի ամենասիրուած երկերէն մէկը եղաւ «Չ՚ըլլար, չ՚ըլլար»ը։ Այս ստեղծագործութիւնը զուարթ, խաղային, կշռութային համարձակ լուծումներով երգ մըն է, որը ստեղծելէ վերջ Ափրիկեան յանդգնեցաւ հայ երգչախմբային արուեստին մէջ լայն տեղ տալու կշռութային խաղերու, շեշտաշարժի եւ բազմաձայնութեան նոր ձեւերու։ Այս բոլորը դժուար էին՝ մա՛նաւանդ սիրողներէ բաղկացած երգչախումբերու համար, որոնց անդամներէն շատեր հայերէնին նոյնիսկ ամբողջովին ծանօթ չէին։ Բայց եւ այնպէս, Ափրիկեան գիտէր, թէ երգը միայն երաժշտութիւն չէ․ ան լեզու է, յիշողութիւն եւ ինքնութիւն։
Կոմիտասեան պատարագին նկատմամբ անոր կատարած աշխատանքը նոյնպէս պատմական արժէք ունի։ Ափրիկեան նոր մօտեցում բերաւ՝ ուշադրութիւն դարձնելով մարդկային ձայնին ամենաբնական եւ նպաստաւոր հնչածաւալին։ Այս «փոխագրութիւն-վերագրութիւն»ը արհեստագիտական աշխատանք էր, բայց, մեծ հաշուով՝ հոգեւոր մեկնաբանութիւն։ Նոյն հոգատարութեամբ ան վերամշակեց նաեւ հայկական շարականներու գանձարանը։
Շատեր, որոնք լսած են աշխարհի զանազան եկեղեցիներու մէջ Կոմիտասեան պատարագի կատարումներ, անվարան ընդունած են, որ Ափրիկեանի վերարտադրութիւնը բացառիկ յաջողութիւն մըն է։ Այդ մեկնաբանութիւններուն մէջ կար հնչեղութիւն, խորութիւն, ներքին աղօթք եւ հայկական հոգեւոր երաժշտութեան իսկական շունչը։
Հայ մշակոյթի եւ արուեստի բնագաւառներուն մէջ ունեցած ստեղծագործական ակնառու նուաճումներուն համար, 2009 թուականին Կարպիս Ափրիկեանին շնորհուած է մշակոյթի եւ արուեստի ոլորտի Հայաստանի Հանրապետութեան պետական բարձրագոյն պարգեւը՝ «Մովսէս Խորենացի» շքանշանը։
2021 թուականի հոկտեմբերի 6-ին Փարիզի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունէն ներս տեղի ունեցաւ Կարպիս Ափրիկեանի մեծարման երեկոն։ Այդ առիթով ան արժանացաւ Ֆրանսայի «Commandeur de l’Ordre des Arts et des Lettres» բարձրագոյն շքանշանին՝ արուեստի եւ մշակոյթի բնագաւառին մէջ ունեցած իր ծանրակշիռ ներդրումին համար։ Շքանշանը անոր յանձնեց ֆրանսացի յայտնի լրագրող եւ հեղինակ Ֆիլիփ Մէյեր։
Այդ մէկը Ֆրանսայի կողմէ տրուած յարգանք մըն էր ամբողջ հայկական երաժշտական ժառանգութեան։ Արժանացած է նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւններու շքանշաններու եւ բազում այլ պարգեւներու։
2024 թուականի հոկտեմբերի 15-ին, Մալաքոֆի մէջ, Կարպիս Ափրիկեան հեռացաւ կեանքէն։
Երաժիշտը իր ամբողջ գործով ապացուցանեց, թէ սփիւռքը միայն կորուստի աշխարհ չէ։ Ճիշդ մարդոց ձեռքին տակ ան կրնայ դառնալ ստեղծագործութեան, պահպանման եւ վերածնունդի տարածք։
ԼՈՒՍԱՆԿԱՐ ՄԸ՝ ՍԵՐՈՒՆԴԻ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆ
1953 թուականին, Աղեքսանդրիոյ մէջ առնուած այս լուսանկարը կը համախմբէ Կարպիս Ափրիկեանը, իր երգչախումբի աշակերտները, տնօրէններն ու ուսուցիչները՝ իբրեւ ամբողջ սերունդի մը մշակութային յիշողութիւն։ Այդ օրերուն տակաւին երիտասարդ երաժիշտ մը, Ափրիկեան արդէն իսկ նշմարելի ներկայութիւն էր Եգիպտոսի հայ գաղութի գեղարուեստական կեանքին մէջ։ Աղեքսանդրիոյ Պօղոսեան ազգային վարժարանէն մինչեւ Ամերիկեան քոլէճ, ան իր կրթութիւնը միացուց երաժշտական խիստ պատրաստութեան հետ՝ ուսանելով իտալացի մեծ երաժիշտ Փիէթրօ Մասքանիի աշակերտ՝ խմբավար Ֆրապիչինիի մօտ։ Արեւմտեան երաժշտական խստապահանջ աշխարհը ան հարստացուց հայկական մեղեդիներու ոգիով։
1948 թուականին, ան հիմնեց «Համազգային» խառն երգչախումբը եւ Աղեքսանդրիոյ ու Գահիրէի մէջ տուած համերգներով շուտով դարձաւ խոստմնալից անուն մը։ Այս յաջողութիւնները առիթ տուին, որ «Յուսաբեր» ընկերակցութիւնը կրթաթոշակ շնորհէ իրեն՝ ուսումը Եւրոպայի մէջ շարունակելու համար։ Փարիզ հասնելէ ետք Կարպիս Ափրիկեան լաւագոյն երաժշտանոցներու մէջ հետեւեցաւ լաւագոյն երաժիշտներու դասընթացքներուն։ Կարճ ժամանակ ետք ան պիտի դառնար Փարիզի «Սիփան-Կոմիտաս» երգչախումբի հոգին։
ՓԱՐԻԶԻ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ՍՏԵՂԾՈՒՄԸ
1923 թուականին է, որ Փարիզի մէջ կը հիմնուի առաջին հայկական երգչախումբը։ Անոր անունը խորհրդանշական կերպով կը դրուի Սիփան։ Երգչախումբին խմբավարն էր Սաքօ Յակոբեանը։ «Սիփան»ը դարձաւ յուսատու շող մը, որ բեմերէն տարածուեցաւ դէպի գաղթականներու տաղաւարները։ Փարիզի հայ գաղութը դեռ նոր կը կազմուէր, մարդոց հոգիներուն մէջ տակաւին թարմ էր գաղթականութեան ուղին։ Այս պայմաններուն մէջ, երգչախումբի կատարած ժողովրդական երգերը կենարար աւիշի պէս թարմացուցին ու կենդանացուցին հայուն միտքն ու հոգին։
Նոյն տարին, Նշան Սերքոյեան կը ստեղծէ եկեղեցական երգերու ձայնային խումբ մը, որուն կու տայ իր ուսուցչին՝ Մեծն Կոմիտասի անունը․ ան Պոլսոյ մէջ եղած էր Կոմիտասի աշակերտը։ Այս երգչախումբը կազմուած էր գլխաւորաբար տղամարդոց ձայներէ։
Երկու երգչախումբերը՝ «Սիփան»ը եւ «Կոմիտաս»ը, համերգի մը համար կը միաւորուին՝ նշելու համար Հայր Կոմիտասի ծննդեան 60-ամեակը։
1936 թուականի հոկտեմբերի 2-ին, «Սիփան» եւ «Կոմիտաս» երգչախումբերը կը ձուլուին։ Անոնք կը ստանան «Փարիզի հայկական խառն երգչախումբ․ Սիփան-Կոմիտաս» անունը։ Նորակազմ երգչախումբը կը դրուի Արա Պարթեւեանի ղեկավարութեան տակ։
Խմբավարները եղած են՝
1923՝ Սաքօ Յակոբեան
1923՝ Նշան Սերքոյեան
1936-1942՝ Արա Միհրան Պարթեւեան
1942-1947՝ Գուրգէն Ալեմշահ
1953-2010՝ Կարպիս Ափրիկեան
1947 թուականին, Գուրգէն Ալեմշահի մահէն ետք, «Սիփան-Կոմիտաս» երգչախումբը շուրջ եօթ տարի մնաց առանց ղեկավարի։ 1953 թուականին երգչախումբը դիմեց Կարպիս Ափրիկեանին՝ ստանձնելու համար խմբավարի պաշտօնը։ Այդ օրէն ի վեր, անոր կեանքն ու ստեղծագործութիւնը դարձան անբաժանելի երգչախումբի գործունէութենէն, զոր ան ղեկավարեց աւելի քան յիսուն տարի։
Կարպիս Ափրիկեանի հրատարակուած բոլոր գործերը (ձայնագրութիւններ եւ նօթաներ) հասանելի են համացանցի վրայ։ «Կարպիս Ափրիկեանի բարեկամներու միու-թիւնը» ունի իր պաշտօնական կայքէջը։
2009 թուականի մարտի 13-ին, Փարիզի Սեն-Վենսան-տը-Փոլ եկեղեցւոյ մէջ, Կարպիս Ափրիկեան ղեկավարեց իր հրաժեշտի համերգը։ Համերգի աւարտին ան հրաւիրեց Հայկ Սարգիսեանը՝ շարունակելու իր գործը։ Նոր խմբավարը ղեկավարեց համերգի վերջին կտորները։
Հայկ Սարգիսեան ծնած է Գահիրէ, 1955 թուականին։ Կանուխ տարիքէն մասնակցած է հայ գաղութի երաժշտական ձեռնարկներուն՝ որպէս դաշնակահար։ Ուսումը շարունակած է Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ, ուր մաս կազմած է Սեպուհ Աբգարեանի երգչախումբին։ Հոն է, որ զարգացած է անոր սէրը խմբերգային երաժշտութեան հանդէպ։
Այնուհետեւ ան խմբավարութիւն ուսանած է Երեւանի մէջ։ Հայաստանի Հանրապետութեան երաժշտական հիմնարկներու մրցոյթի դափնեկիր է։
Վերադառնալով Գահիրէ, Հայկ Սարգիսեան լծուած է հայ համայնքի ծառայութեան՝ ղեկավարելով Գահիրէի «Կռունկ» եւ Աղեքսանդրիոյ «Գուսան» երգչախումբերը (երկուքն ալ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) հովանիին տակ)։ Տուած է բազմաթիւ համերգներ, յատկապէս Գահիրէի Ամերիկեան համալսարանին մէջ, Դամասկոս, Հալէպ, ինչպէս նաեւ Ամման, Յորդանան։ Ղեկավարած է նաեւ Գահիրէի Պետական ակադեմիայի երաժշտանոցի երգչախումբը։ Հայկ Սարգիսեան յօրինած է նաեւ քամերային գործեր՝ եգիպտական գործիքային երաժըշ-տութեան համար։
1992 թուականին, ան գաղթած է Ֆրանսա։ Հիմնած է Փարիզի ՀԲԸՄ-ի «Գողթան» երգչախումբը, որ համերգներով հանդէս եկած է Ֆրանսայի եւ Պելժիոյ մէջ։ Այնուհետեւ ան նշանակուած է Ռենսիի Դպրոցասէր վարժարանի երգի ուսուցիչ եւ մանկական երգչախումբի խմբավար։ Հոն ան զարգացուցած է իր մանկավարժական ձիրքերը՝ դպրոցականներուն երաժշտութիւն դասաւանդելով Ֆրանսայի Ազգային կրթութեան նախարարութեան ծիրէն ներս եւ քանի մը խտասալիկներ պատրաստելով մանկական երգչախումբին հետ։
1998 թուականին, Սորպոնի համալսարանին մէջ ստացած է երաժշտագիտութեան մագիստրոսի աստիճան։ Դպրոցասէրի երգչախումբով ան քանի մը անգամ մասնակցած է «Սիփան-Կոմիտաս»ի համերգներուն, ինչպէս՝ Կարպիս Ափրիկեանի «Սասունցի Դաւիթ» օրաթորիոյին։
2004 թուականին, Հայկ Սարգիսեան նշանակուած է Դպրոցասէր վարժարանի տնօրէն։ Ֆրանսայի մէջ ղեկավարած է ուրիշ երգչախումբեր եւս։
ՆՈՐ ՂԵԿԱՎԱՐ
2023 թուականի դեկտեմբերէն ի վեր Ֆրանսայի «Սիփան-Կոմիտաս» պատմական երգչախումբին երաժշտական եւ գեղարուեստական ղեկավարութիւնը ստանձնած է՝ երաժշտահան, ջութակահար եւ խմբավար Դաւիթ Փիւազեան, որ ծնած է 1993 թուականին, Երեւան: Անոր ղեկավարութեամբ ալ մէկ տարի առաջ տեղի ունեցաւ «Սիփան- Կոմիտաս երգչախումբի հարիւրամեակի համերգը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան