ԼՌԵՑ «ՓԵՐՍԵՓՈԼԻՍ»Ի ԱՆՎԱԽ ՁԱՅՆԸ - ՄԱՐԺԱՆ ՍԱԹՐԱՓԻԻ ԿԵԱՆՔԸ, ՏԱՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ

Փարիզի մէջ, յունիսի սկիզբը, 56 տարեկանին մահացած է իրանցի ֆրանսաբնակ անուանի բեմադրիչ, նկարիչ, մարդկային իրաւունքներու պաշտպան, պատկերապատումներու հեղինակ, համաշխարհային համբաւի տէր մտաւորական Մարժան Սաթրափի։

Ֆրանսական լրատուամիջոցներու եւ «Ֆրանս փրէս» լրատուական գործակալութեան համաձայն, արուեստագէտին մերձաւոր շրջանակէն անձ մը պաշտօնական յայտարարութեամբ յայտնած է, որ ան մահացած է «տխրութենէն»՝ իր ամուսնոյն՝ շուէտացի դերասան, բեմադրիչ եւ արտադրիչ Մաթիաս Ռիփայի կեանքէն հեռանալէն ճիշդ մէկ տարի անց։ Ամուսնոյն կորուստէն ի վեր, Սաթրափիի Ինսթակրամի էջը գրեթէ ամբողջութեամբ համակուած էր սգաւոր պատկերներով, որոնց վրայ գրուած էր․ «Որովհետեւ ես կորսնցուցի կեանքիս սէրը»։

Զարմանալի է, որ ան ապագայի որոշակի ծրագրեր ունէր, նոյնիսկ գեղեցիկ առաքելութեամբ հիմնադրամ հիմնած էր, բայց ներքին խորունկ տխրութիւնն ու դատարկութիւնը ի վերջոյ խեղդեցին անոր կեանքը։ Իր կեանքի վերջին տարուան ընթացքին, Սաթրափի Փարիզի մէջ հիմնած էր «Մաթիաս եւ Մարժան Ռիփա-Սաթրափի» շարժանկարի հիմնադրամը՝ նպատակ ունենալով նիւթապէս եւ բարոյապէս աջակցիլ այն օտարերկրեայ ուսանողներուն, որոնք կը փափաքէին Փարիզ գալ եւ շարժանկարային բեմադրութիւն ուսանիլ։

ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՔՆ ՈՒ ՏԱՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ

Մարժան Սաթրափի ծնած էր 1969 թուականի նոյեմբերի 22-ին, Իրանի հիւսիսի Ռաշթ քաղաքը եւ մեծցած՝ Թեհրան։ Ան կը սերէր համայնավարական հայեացքներով ընտանիքէ մը, որ մինչեւ իսլամական յեղափոխութիւնը սերտօրէն ներգրաւուած էր Իրանի ձախակողմեան ու ընկերվարական շարժումներուն մէջ։ Մարժան յաճախած է տեղի ֆրանսական լիսէն եւ մանուկ հասակէն ականատես եղած՝ քաղաքացիական ազատութիւններու վրայ աճող ճնշումներուն ու Իրանի քաղաքականութեան ամէնօրեայ ծանր հետեւանքներուն՝ ներառեալ շահի գահազրկումը, Այեթուլլահ Խումէյնիի վաղ վարչակարգի հաստատումն ու Իրան-Իրաք պատերազմի առաջին արիւնալի տարիները։

Քաղաքական հետապնդումներու եւ իրանական կրօնապետական վարչակարգի վտանգներէն հեռու պահելու նպատակով, 1983 թուականին ծնողքը տասնչորսամեայ Մարժանը ուղարկեցին Աւստրիայի մայրաքաղաքը՝ Վիեննա։ Ինչպէս ինքնակենսագրական գործերուն մէջ կը նշուի, ան հոն անցուց իր աւագ դպրոցի տարիները, որմէ ետք վերադարձաւ Իրան՝ բարձրագոյն ուսում ստանալու, ուսանեցաւ տեսողական հաղորդակցութիւն եւ մագիստրոսի կոչում ստացաւ Թեհրանի Ազատ համալսարանի արուեստի բաժնէն։ 1994 թուականին, վերջնականապէս տեղափոխուեցաւ Ֆրանսա, իսկ 2006 թուականին ստացաւ ֆրանսական քաղաքացիութիւն։ Սաթրափի բացառիկ լեզուագէտ էր. բացի իր մայրենի պարսկերէնէն, ան սահուն կը խօսէր ֆրանսերէն, անգլերէն, շուէտերէն, գերմաներէն եւ իտալերէն։

ԱՇԽԱՐՀԸ ՑՆՑԱԾ ԳԼՈՒԽ ԳՈՐԾՈՑԸ

Սաթրափի միջազգային համաշխարհային ճանաչում ձեռք բերաւ իր ինքնակենսագրական «Փերսեփոլիս» եւ «Փերսեփոլիս 2» պատկերագիրքերով, որոնք լոյս տեսան 2000-2003 թուականներուն։

Իրանուհին սեւ ու ճերմակ պատկերներու միջոցով ֆրանսերէնով աշխարհին պատմեց Իրանի մէջ իր անցուցած մանկութեան, իսլամական վարչակարգի խստութիւններուն եւ Եւրոպայի մէջ իր ապրած տարագրութեան մասին։

2007 թուականին, գիրքը վերածուեցաւ պատկերագրական շարժանկարի (համաբեմադրիչ՝ Վենսան Փարոնօ), արժանացաւ Քաննի փառատօնի դատակազմի յատուկ մրցանակին եւ առաջադրուեցաւ հեղինակաւոր Օսքար մրցանակին։ Մրցանակը ստանալու պահուն Սաթրափի յայտարարած էր. «Թէեւ այս շարժանկարը համընդհանուր է, սակայն, ես կը փափաքիմ այս մրցանակը նուիրել բոլոր իրանցիներուն»։

Անոր յաջորդ գիրքերը՝ «Ասեղնագործութիւններ» եւ «Սալորով հաւը» նոյնպէս մեծ յաջողութիւն արձանագրեցին՝ արժանանալով Անկուլէմի պատկերապատումներու միջազգային փառատօնի «Տարուայ ալպոմ» մրցանակներուն։ Իբրեւ յաջողակ պատկերազարդող եւ գրող՝ ան կը համագործակցէր աշխարհի յառաջատար պարբերականներուն հետ։ Անոր վերջին շարժանկարային արտադրութիւններէն էր Մարի Քիւրիի կեանքին նուիրուած «Radioactive» (2019) ժապաւէնը։

Գրականութենէն եւ շարժանկարէն զատ, Սաթրափի նաեւ տաղանդաւոր նկարիչ էր։ 2020 թուականին, ան ցուցադրեց շարք մը կտաւներու, որոնց վրայ աշխատած էր եօթ տարի։ Ան կը նշէր, որ արուեստանոցին մէջ առանձնանալն ու կտաւներուն հետ մինակ մնալը անհրաժեշտութիւն էր իրեն համար. «Կը կարծեմ՝ հոգեկան առողջութիւնս կախեալ է ատկէ»։

ԿԻՆԵՐՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԸՄԲՈՍՏՈՒԹԻՒՆ

Սաթրափի պարզապէս արուեստագէտ մը չէր, նաեւ՝ կանանց իրաւունքներու եւ Իրանի մէջ ժողովրդավարութեան տոկուն ձայնն էր։ Ան հաստատակամօրէն կը հաւատար գործնական կնութեանը․ «Եթէ ես ցոյց տամ, որ կրնամ բաներ մը ընել նոյնքան լաւ՝ կամ նոյնիսկ աւելի լաւ, քան տղամարդը, ուրեմն ես յաղթած եմ այդ պայքարին եւ կրնամ օրինակ ըլլալ ինձմէ ետք եկող աղջնակին համար»։

Ան ձայնակից եւ զօրակից եղաւ 2022 թուականին Իրանի մէջ 22-ամեայ Մահսա Ամինիի սպանութենէն ետք բռնկած հզօր ցոյցերուն։ 2023 թուականին, համակարգեց «Femme, vie, liberté» («Կին, կեանք, ազատութիւն») պատկերագիրքի հրատարակութիւնը (որ անգլերէնով լոյս տեսաւ 2024 թուականին)։ Փարիզի մէջ կազմակերպուած բողոքի ցոյցերու ընթացքին արուեստագէտը յայտարարած էր. «Չափազանց կարեւոր է, որ այս վարչակարգը անհետանայ, բայց, ատիկա մէկ գիշերուան մէջ չի կրնար պատահիլ։ Կարեւոր է պահպանել յոյսը»։

Իրանի Նոպէլեան մրցանակակիր, ներկայիս բանտարկուած իրաւապաշտպան Նարկէս Մոհամատիի հիմնադրամը բարձր գնահատեց Սաթրափին՝ զինք կոչելով «Կիներու շարժման, մարդկային իրաւունքներու եւ ազատութեան անվախ ձայնը, որուն արիութիւնը պիտի արձագանգէ իր կեանքի սահմաններէն շատ անդին»։

Ուշագրաւ է, որ 2024 թուականին Սաթրափի հրաժարեցաւ ընդունիլ Ֆրանսայի բարձրագոյն պարգեւը՝ «Պատուոյ լեգէոն» շքանշանը, քննադատելով ֆրանսական կառավարութեան երկդիմի եւ կրաւորական կեցուածքը Իրանի այն այլախոհներուն հանդէպ, որոնց մուտքի արտօնութիւնները կը մերժուէին։ «Չեմ կրնար անտեսել այս կեղծաւոր վերաբերմունքը Իրանի հանդէպ, որ կը կազմէ ինքնութեանս միւս կէսը», գրած էր ան՝ շեշտելով, որ հանդերձ այս քննադատութեամբ, ինք խորապէս կը սիրէ Ֆրանսան։

ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՅԱՐԳԱՆՔԻ ՏՈՒՐՔ

Սաթրափիի մահուան բօթէն ետք, Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն յարգանքի տուրք մատուցանեց արուեստագէտին՝ նշելով. «Ան մեծ արուեստագէտ մըն էր, որ իր իրանական մանկութիւնը վերածեց համընդհանուր, համամարդկային պատմութեան»։

Քաննի փառատօնի տնօրէն Թիէրի Ֆրեմօ իր ցաւակցական խօսքին մէջ նշեց. «Մարժանը արտասովոր արուեստագէտ էր եւ հմայիչ կին, որ իր մէջ կը մարմնաւորէր ստեղծագործելու բերկրանքը, տարագրութեան տխրութիւնն ու ցաւոտ յուշերը։ Մենք այս առտու կը սգանք անոր կորուստը»։

ՏԽՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՊԱՏԷ ԱՇԽԱՐՀԸ

Մարժան Սաթրափիի յանկարծակի հեռացումը աշխարհէն՝ իր ամուսնոյն կորուստէն ետք յառաջացած խոր տխրութեան պատճառով, վերստին ուշադրութեան կեդրոն կը բերէ մարդկային հոգիի ամենանուրբ ու երբեմն ամենախոցելի անկիւնները։ Այսօր, յաճախ մակերեսային ու արագընթաց դարձած իրականութեան մէջ, տխրութիւնը պատած է աշխարհը, իսկ մարդիկ՝ մանաւանդ արուեստագէտները, հետզհետէ աւելի մեծ դժուարութեամբ կը յաղթահարեն զայն։

Արուեստագէտի մը համար տխրութիւնը կենցաղային չէ, այլ խորունկ, ծանր ապրում մը, որ կը սնուցանէ իրենց ստեղծագործական միտքը, բայց, միեւնոյն ժամանակ, կրնայ հիւծել ֆիզիքական էութիւնը։ Գեղագէտները աշխարհը կը զգան անսովոր սրութեամբ. անոնք կը կրեն ո՛չ միայն իրենց անձնական ցաւը, այլեւ՝ տարագրութեան դառնութիւնը, հաւաքական տառապանքն ու աշխարհի անարդարութիւնները։ Այս պարագային այդ ծանրութեան գումարուած է նաեւ սիրելի էակի կորուստը։ Հոգեկան հաւասարակշռութիւնը խախտուած է, վիշտը դարձած է անտանելի բեռ, որ յանգեցուցած է ֆիզիքական մահուան։

ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԴԻՄԱԳՐԱՒՈՒՄԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ

Ներկայ դարուն մարդկային յարաբերութիւնները յաճախ համացանցային կը դառնան, իսկ հոգեկան ցաւը կը քօղարկուի արհեստական ժպիտներու ետին եւ, այս պարագային, տխրութեան դէմ պայքարը կը դառնայ աւելի դժուարին։ Սաթրափիի օրինակը ցոյց տուաւ, որ նոյնիսկ ամենատոկուն, յեղափոխական, ամուր-կանացի եւ պայքարող հոգիները կրնան տեղի տալ սիրոյ եւ կորուստի դատարկութեան առջեւ։

Արուեստագէտները յաճախ զուրկ են այն «պաշտպանիչ շերտերէն», որոնք սովորական մարդոց կ՚օգնեն անտեսել կամ շրջանցել հոգեկան ցնցումները։ Ինչպէս ինքը՝ Սաթրափին կը վկայէր, թէ արուեստը երբեմն միակ ապաւէնն է մտային առողջութիւնը պահպանելու համար։

Ճանաչումը, Օսքարի առաջադրումն ու համաշխարհային փառքը չեն կրնար սպիացնել ներքին մինակութեան վէրքերը, երբ կը պակսի հոգեհարազատ ներկայութիւնն ու կեանքի ընկերոջ ջերմութիւնը։

«ՓԵՐՍԵՓՈԼԻՍ»

Մարժան Սաթրափիի «Փերսեփոլիս» ինքնակենսագրական պատկերագիրքը բացառիկ գլուխ գործոց մըն է․ սեւ ու ճերմակ գիծերով գծուած այս վաւերագրութիւնը կը պատմէ Իրանի իսլամական յեղափոխութեան ահաւոր փոթորիկներուն մէջ յայտնուած աղջնակի մը, ապա պատանիի մը հոգեկան ցնցումներուն, կորուստներուն եւ վերածնունդին մասին։

Գիրքի խորագիրը՝ «Փերսեփոլիս», պատահական չէ ընտրուած. այն Պարսկական կայսրութեան հինաւուրց ու փառապանծ մայրաքաղաքին անունն է, որով հեղինակը կը յիշեցնէ աշխարհին, թէ Իրանի իսկական դիմագիծը վերջին տասնամեակներու բռնատիրական ու կրօնապետական վարչակարգը չէ, այլ հազարամեակներու խորքէն եկող հարուստ ու ազատատենչ մշակոյթը։

Պատմութեան սկիզբը ընթերցողը կը դիմաւորէ 10-ամեայ Մարջին՝ անհոգ, կայտառ եւ երջանիկ մանկութեամբ, շահի վարչակարգի վերջին օրերուն։ Անոր ընտանիքը՝ յառաջադէմ, ձախակողմեան ու մտաւորական հայեացքներով, մեծ յոյսերով կը մասնակցի ցոյցերուն՝ հաւատալով, որ յեղափոխութիւնը երկրին ազատութիւն պիտի բերէ։ Սակայն, լուսաւոր ապագայի սպասումները վայրկենականօրէն կը փշրուին, երբ իշխանութեան գլուխ կը բարձրանայ կրօնական ծայրայեղականութիւնը։ Երկիրը իրապէս կը փոխուի, բայց դէպի խաւար, բռնութիւն եւ կանանց իրաւունքներու լիակատար ջնջում։

Մարջիի կերպարը կը մարմնաւորէ կենդանի ընդվզումը։ Որքան կը սաստկանան դպրոցական ու հասարակական կաշկանդիչ հրահանգները, այնքան անոր մէջ կը բռնկի ըմբոստութիւնը։ Ամբողջ մարմինը պարտադրաբար ծածկող սեւ քօղի տակէն ան յամառօրէն կը հագնի արեւմտեան ճինզեր, կը փնտռէ արգիլուած երաժշտութիւն (փանք-ռոք) եւ համարձակօրէն դէմ կը խօսի դպրոցի տնօրէնութեան։ Այս վարքագիծը, սակայն, Իրանի մէջ կրնար մահացու ըլլալ։ Սիրելի հօրեղբօր քաղաքական մահապատիժէն եւ պատերազմի արհաւիրքներէն ետք, ծնողները, սարսափած իրենց աղջկայ կեանքին համար, 14-ամեայ Մարջին առանձին կ՚ուղարկեն Աւստրիա, Վիեննա։

Արեւմուտքը, որ պէտք է ըլլար փրկութեան ու քաղցր կեանքի ովասիս, Մարջին կը դիմաւորէ մինակութեան, անտարբերութեան եւ մշակութային ծանր շոքի պատնէշով։ Վիեննայի մէջ ան կը բախի կաթոլիկ դպրոցի կրօնական խստութիւններուն, օտար լեզուի անիմացութեան եւ եւրոպացիներու նախապաշարումներուն, որոնք Իրանը կը տեսնէին միայն հեռատեսիլի պարզունակ ու բացասական լուրերով։ Հոգեկան տագնապներէ, ազգային ինքնութենէն ժամանակաւորապէս ամչնալէ եւ սիրային հիասթափութիւններէ ետք, Մարջին կը յայտնուի փողոցը՝ երեք ամիս ապրելով բացարձակ անտիրութեան մէջ, մինչեւ որ ծանր թոքաբորբով կը տեղափոխուի հիւանդանոց։

Չորս տարուան տարագրութենէ ետք, հոգեպէս ու ֆիզիքապէս հիւծած, Մարջին կը վերադառնայ Թեհրան, բայց այստեղ իրեն կը սպասէ աւելի դաժան՝ յետադարձ մշակութային ցնցումը։ Ան այլեւս չի կրնար հասկնալ իր հին ընկերները, որոնք կ՚ապրէին այլ իրականութեան մէջ։ Սաթրափին հանճարեղօրէն կը ձեւակերպէ աշխարհի բոլոր տարագիրներուն ցաւը. «Ես արեւմուտքցի էի Պարսկաստանի մէջ եւ պարսիկ՝ արեւմուտքի մէջ։ Ես ինքնութիւն չունէի»։

Համալսարանական տարիները նոյնպէս կը թաւալին սեփական ազատութիւնը պահպանելու եւ բարոյախօս վարչակարգի «բարոյականութեան ոստիկանութեան» դէմ մշտական պայքարով։ Տեսնելով կեղծ-յառաջադէմներու երկդիմիութիւնը, իսլամական վարչակարգի ճնշումներն ու սիրելի ընկերոջ ողբերգական մահը, Մարջին 24 տարեկանին կը գիտակցի, որ այդ հողին վրայ ինքը եւ իր տեսակը ապագայ չունին։ Ան երկրորդ եւ վերջնական անգամ կը հեռանայ Իրանէն՝ դէպի Փարիզ, ետին ձգելով իր սիրելի ծնողքն ու պաշտելի մեծ մայրը, այլեւս երբեք չվերադառնալու պայմանով։

«Փերսեփոլիս»ը հզօր, անզիջող եւ խորապէս յուզիչ հիմն է ազատութեան։ Այս ստեղծագործութիւնը ցոյց կու տայ, որ բռնապետութիւնները՝ ըլլան անոնք քաղաքական թէ կրօնական, նոյն դիմագիծը ունին ամէնուր, բայց, մարդկային ըմբոստ հոգին միշտ կը գտնէ ճեղքը՝ իր իսկական ես-ը փրկելու եւ աշխարհին պատմելու համար։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունիս 11, 2026