ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՏՊԱԳԻՐ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՆՈՐ ԼՈՅՍԻ ՏԱԿ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Հայ գրատպութեան պատմութիւնը դարերու երկար ճանապարհ անցած է՝ առաջին հայ տպագիր գիրքերէն մինչեւ ժամանակակից հրատարակչութիւն եւ տպագրական նորարարութիւններ։

16-րդ դարուն Վենետիկի մէջ իր առաջին քայլերը առնելէ ետք, հայկական տպագրութիւնը աստիճանաբար տարածուեցաւ հայկական համայնքներու տարբեր կեդրոններու մէջ՝ Ամսթերտամ, Պոլիս, Սպահան, Գահիրէ եւ այլն՝ դառնալով լեզուի, գրականութեան ու ազգային մշակոյթի պահպանման եւ տարածման կարեւոր միջոց մը։

Հայ տպագրութեան պատմութեան մէջ Պոլիսը իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ։ Դարեր շարունակ քաղաքը եղած է հայ գիրքի, մամուլի, հրատարակչութեան եւ տպագրական արհեստներու կարեւոր կեդրոններէն մէկը, իսկ պոլսահայ տպագրիչներուն ազդեցութիւնը շատ աւելի հեռու տարածուած է, քան հայկական համայնքի անմիջական մշակութային շրջանակը։

Այս հարուստ ժառանգութեան նոր դիտանկիւնով անդրադառնալու նպատակով, օգոստոսի 7-ին եւ 8-ին, Երեւանի «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Կոստանդնուպոլսոյ հայ տը-պագրիչները» երկօրեայ միջազգային աշխատաժողովը։

Առաջին անգամ ըլլալով կը գումարուէր նման համաժողով մը, որուն նպատակն էր պատմական, արուեստագիտական եւ արխիւագիտական նոր մօտեցումներով ներկայացնել 18-րդ դարու վերջէն սկսեալ Պոլսոյ հայ տպագրիչներուն, տառաստեղծներուն եւ արհեստաւորներուն առանցքային դերը օսմանեան տպագրական մշակոյթի զարգացման մէջ։ Միաժամանակ, անոնց գործունէութիւնը դիտարկուեցաւ աւելի լայն աշխարհագրական շրջանակի մը մէջ՝ ընդգրկելով ո՛չ միայն Օսմանեան կայսրութիւնը, այլեւ Հայաստանը, Ղաջարական Իրանը, Հարաւային Ասիան եւ Եւրոպան։

Աշխատաժողովը մէկտեղեց աշխարհի տարբեր համալսարաններէ եւ գիտական կեդրոններէ ժամանած միջազգային հետազօտողներ։

ՊՈԼՍՈՅ ՀԱՅ ՏԱՌԱՍՏԵՂԾՆԵՐՈՒՆ ՆՈՐԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Մատենադարանի մէջ տեղի ունեցած այս աշխատաժողով-համաժողովի գլխաւոր նիւթերէն մէկը 19-րդ դարու հայ տառաստեղծներուն գործունէութիւնն էր։ Այս պատմութեան մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւեն Պօղոս Արապեան (1742-1835) եւ Յովհաննէս Միւհենտիսեան (1810-1891)։ Անոնց գործունէութիւնը դուրս կու գայ զուտ հայկական տպագրութեան սահմաններէն, որովհետեւ անոնց ստեղծած տառաձեւերն ու տպագրական նորարարութիւնները ազդեցութիւն ունեցած են արաբերէնի, հայերէնի, պարսկերէնի, թրքերէնի եւ Հարաւային Ասիոյ շարք մը լեզուներու տպագրական տեսքին վրայ։

Պօղոս Արապեանի եւ Յովհաննէս Միւհենտիսեանի աշխատանքը յատկապէս կարեւոր էր ձեռագիր գիրի եւ մեքենական տպագրութեան միջեւ անցումը ապահովելու տեսակէտէ։ Տառափորագրութիւնը, մետաղական տառերու արտադրութիւնը եւ տպագրական նոր մեթոտները հետզհետէ կը փոխէին գիրքի տեսքը եւ կը ստեղծէին ժամանակակից մեքենական շարուածքի համար անհրաժեշտ հիմքերը։

Այս նիւթին նուիրուած էր Ռիտինկի համալսարանի, Անգլիա, դասախօս եւ տառագրութեան մասնագէտ Պորնա Իզատփանահի զեկուցումը՝ «Պարսկական նրբագեղութեան ձուլումը. Պօղոս Արապեան, Յովհաննէս Միւհենտիսեան եւ Իսթանպուլի «Նասթալիք» տառաձեւերը» խորագրով։

Իզատփանահ ուսումնասիրած էր եւ ներկաներուն պատմեց, թէ ինչպէ՛ս 19-րդ դարու Պոլսոյ պարսկական տպագրական մշակոյթը զարգացաւ ո՛չ միայն օսմանեան գեղագրական աւանդոյթի, այլեւ հայ տպագրիչներու եւ տառաձուլողներու թեքնիք գիտելիքներուն շնորհիւ։ Յատկապէս ուշադրութեան առարկայ դարձաւ «Նասթալիք»ի՝ պարսկական գրականութեան գերիշխող ձեռագիր ոճերէն մէկուն, տը-պագրական տառի վերածուելու գործընթացը։

Պօղոս Արապեանի՝ 1810-ականներուն ստեղծած փորձարարական «Նասթալիք» տառաձեւը Օսմանեան կայսրութեան մէջ այդ գրատեսակը շարժական տառի վերածելու առաջին հետեւողական փորձերէն էր։ Յետագային, Յովհաննէս Միւհենտիսեան ստեղծեց 18 եւ 24 կէտանոց «Նասթալիք» տառաձեւեր (1840-ականներուն), որոնք հիմնուած էին օսմանեան առաջատար գեղագիրներու ձեռագիր օրինակներուն վրայ։ Այս աշխատանքը նախորդ փորձը վերածեց աւելի ամբողջական ու հասուն տպագրական համակարգի մը եւ նոր չափանիշներ սահմանեց պարսկական բանաստեղծութեան, գրականութեան եւ գիտական աշխատութիւններու տպագրութեան համար։

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՄԻՒՀԵՆՏԻՍԵԱՆ ԵՒ ՀԱՅԵՐԷՆ ՏԱՌԻ ՆՈՐ ԴԷՄՔԸ

Յովհաննէս Միւհենտիսեանի գործունէութեան մէկ այլ կարեւոր երեսակը ներկայացուց Օքսֆորտ Պրուքս համալսարանի աւագ դասախօս, գծանկարչական ձեւաւորող եւ տառաստեղծ Էլենա Փափասիսսա։ Անոր զեկուցման նիւթն էր՝ «Վերանայելով աւանդոյթը. Յովհաննէս Միւհենտիսեանը եւ նոր հայկական տառատեսակներու որոնումները»։

Զեկոյցէն յայտնի դարձաւ, որ 19-րդ դարու կէսերուն հայ տառաձեւերու փոփոխութիւնը միայն գեղագիտական հարց չէր։ Անիկա կապուած էր արդիականութեան ձգտումին, մշակութային ինքնութեան արտայայտութեան, տպագրութիւնը աւելի արագ ու մատչելի դարձնելու անհրաժեշտութեան, ինչպէս նաեւ հայ տառի նոր արհեստագիտական պայմաններուն համապատասխանեցման հետ։

Այս գործընթացին մէջ շրջադարձային եղաւ 1847 թուականը, երբ հայ տառափորագրիչ, տպագրիչ եւ հրատարակիչ Յովհաննէս Միւհենտիսեան Պոլսոյ մէջ հայերէն լեզուով հրապարակեց «Յայտարարութիւն վասն նորակերտ տառից» խորագրով գրքոյկը։ Անով ան կը ներկայացնէր հայ տառաձեւերու նշանակալի նորամուծութիւններ եւ կը փորձէր նոր ուղղութիւն մը առաջարկել հայ տպագրական մշակոյթին։

Միւհենտիսեանի աշխատանքը, սակայն, առանձին երեւոյթ մը չէր։ Անիկա կը գտնուէր հայ տպագրիչներու, հրատարակիչներու եւ մտաւորականներու ընդարձակ ցանցի մը մէջ, որուն միջոցով հայ տպագրական աւանդոյթը կը պահպանուէր, կը վերաձեւաւորուէր եւ կը յարմարէր նոր ժամանակներուն։

ՕՍՄԱՆԵԱՆ ՏՊԱԳՐԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՁԵՒԱՒՈՐՈՒՄԸ

«Սապանճը» համալսարանի, Պոլիս, Տեսողական հաղորդակցութեան ձեւաւորման մասնագիտութեան դասախօս եւ ISType-ի հիմնադիր տնօրէն Օնուր Եազըճըկիլ իր զեկուցման մէջ անդրադարձաւ հայ տառաստեղծներու դերին՝ օսմանեան «Նասխ» ձեռագրատեսակի ձեւաւորման մէջ։

«Նասխ»ը, որ սկզբնապէս ձեռագիր աւանդոյթի կարեւոր գրատեսակ մըն էր, տպագրական պայմաններու մէջ վերած-ւեցաւ նոր համակարգի։ 

Հայ տառաստեղծները, հիմնուելով օսմանեան գեղագիրներու ձեռագիր օրինակներուն վրայ, մշակեցին, արտադրեցին եւ տարածեցին այնպիսի «Նասխ» տառաձեւեր, որոնք յետագային գերիշխող դարձան օսմանեան տպագրութեան մէջ։

Այս գործընթացը, սակայն, միայն արուեստագիտական չէր։ Այդ մէկը ունէր նաեւ առեւտրական ու տնտեսական կողմ։ Տպարաններն ու տառաձուլարանները պէտք էր գոյատեւէին մրցակցային շուկայի մէջ, իսկ տառաձեւերու ստեղծման, արտադրութեան եւ օգտագործման հետ կապուած էին հեղինակային իրաւունքի ու մտաւոր սեփականութեան հարցերը։

Հայ արհեստաւորներու կուտակած փորձառութիւնը յետագային ճանապարհ բացաւ նաեւ թուրք տառաստեղծներու մասնագիտացման համար, որոնք աստիճանաբար մուտք գործեցին այս ոլորտ եւ շարունակեցին օսմանեան տպագրական մշակոյթի զարգացումը։

ԳԻՐՔԷՆ ԴԷՊԻ ՊԱՏԿԵՐ. ՍՏԵՓԱՆ ԱԿԱՅԵԱՆԻ ՄՈՌՑՈՒԱԾ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ

Աշխատաժողովի երկրորդ բաժինը նուիրուած էր գիրքի եւ պատկերի փոխյարաբերութեան, մասնաւորաբար՝ 19-րդ դարու հայկական պատկերազարդ հրատարակութիւններուն։

Օքսֆորտի համալսարանի հետազօտող եւ դասախօս Վազգէն Խաչիկ Դաւիթեան ներկայացուց Ստեփան Ակայեանի մոռցը-ւած ստեղծագործական ժառանգութեան վերականգնման ուղղուած իր ուսումնասիրութիւնը։

Ստեփան Ակայեան (1867-1937) ուշ օսմանեան շրջանի հայ մանրանկարիչ եւ պատկերազարդող մըն էր, որուն գործունէութիւնը երկար ժամանակ բաւարար ուշադրութեան չէր արժանացած ո՛չ հայկական եւ ո՛չ ալ թրքական արուեստի պատմագրութեան մէջ։

Դաւիթեանի ուսումնասիրութիւնը յաջող փորձ մըն էր՝ ի մի բերելու Ակայեանի բազմաթիւ ցրուած աշխատանքները՝ ստեղ-ծելով անոր գործունէութեան պատկերային արխիւ մը։ Այդ հետքերը հիմնականօրէն կը գտնուին ուշ օսմանեան բազմալեզու մամուլի շապիկներուն եւ էջերուն մէջ։

Յատկապէս կարեւոր է 1908-էն մինչեւ 1915-ին նախորդող շրջանը, երբ Ակայեանի աշխատանքները ունեցած են իրենց ամենամեծ տարածումն ու տեսանելիութիւնը։ Անոր ստեղծած շապիկներէն յատկապէս կը յիշատակուին Թէոդիկի եւ անոր կնոջ՝ Արշակուհի Թէոդիկի համատեղ պատրաստած «Ամէնուն տարեցոյց»ին, ինչպէս նաեւ օսմաներէնով հրատարակուող ազդեցիկ «Resimli Kitab» հանդէսին համար պատրաստուած պատկերազարդումները։

Ակայեանի ժառանգութեան ուսումնասիրութիւնը նաեւ կը լրացնէ ուշ օսմանեան գծանկարչական արուեստի այն բացը, որ մինչեւ այժմ մեծ մասամբ անտեսուած էր։

ՀԱՅԱՏԱՌ ԹՐՔԵՐԷՆԸ

Աշխատաժողովին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ օսմանեան շրջանի հայատառ թրքերէն գրականութեան, որ գիտական աշխարհին մէջ ընդունուած է «արմանօ-թրքերէն» անուանումով։

Անգարայի Հասարակական գիտութիւններու համալսարանի դասախօս Մուրատ Ճանքարա իր զեկուցման մէջ ներկայացուց Օսմանեան կայսրութեան հայ համայնքին կողմէ թրքերէնը հայատառ կարդալու, գրելու եւ հրատարակելու քաղաքական ու մշակութային իմաստները։

Հայատառ թրքերէնը պարզապէս լեզուական անհրաժեշտութենէ ծնած երեւոյթ մը չէր եղած իր ժամանակին։ Անիկա նաեւ քննարկումներու եւ հակասութիւններու առարկայ էր, սակայն, միաժամանակ ստեղծեց միջհամայնքային ընթերցող հասարակութիւն մը, որ կը տարածուէր Օսմանեան կայսրութեան տարբեր շրջաններուն մէջ։

Ճանքարայի ուսումնասիրութիւնը կը հիմնուի վերջին քսան տարիներուն իր խմբագրած եւ վերլուծած հայատառ թրքերէն բնագիրներուն վրայ։ Անոնց շարքին կան վէպեր, թատերական գործեր եւ պարբերական մամուլի յօդուածներ, մասնաւորաբար՝ 19-րդ դարու երկրորդ կէսէն։

Այս գրականութիւնը ցոյց կու տայ, որ հայատառ թրքերէնը սահմանափակուած չէր միայն այն հայերու շրջանակին մէջ, որոնց հիմնական լեզուն հայերէն չէր։ Այդ երեւոյթը վերածուած էր աշխոյժ տպագրական հարթակի մը, որ նոյնիսկ ոչ-հայ ընթերցողներու հասանելի էր եւ կարեւոր դեր կը խաղար տարբեր համայնքներու միջեւ ընթերցողական կապեր ստեղծելու մէջ։

ՎԻՄԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՀԱՅ ԳԻՐՔԻ ՊԱՏԿԵՐԱՅԻՆ ՓՈԽԱՐԿՈՒՄԸ

Աշխատաժողովի մասնակիցներէն Էրին Փինիոն իր զեկուցման մէջ ուսումնասիրեց հայ տպագրիչներու առաջին հանդիպումները վիմագրական մամուլին հետ։

19-րդ դարու կէսերուն Պոլսոյ հայ տը-պագրական շուկան մրցակցային, համագործակցային եւ առեւտրական բարձր աշխուժութիւն ունեցող միջավայր մըն էր։ Այս պայմաններուն մէջ, Յովհաննէս Միւհենտիսեան կարճ ժամանակի ընթացքին հրատարակեց երեք տարբեր գիրքեր, որոնց պատկերները պատրաստուած էին երեք տարբեր արուեստագէտներու կողմէ եւ վերարտադրուած էին երեք տարբեր տպագրական մեթոտներով։ Այս փորձերը կը մատնանշեն հայկական տպագրութեան մէջ վիմագրութեան առաջին կարեւոր հանդիպումներէն մէկը։

Զեկոյցէն յայտնի դարձաւ, որ մինչ այդ, 17-րդ եւ 18-րդ դարերու օսմանահայ տը-պագիր գիրքերը յաճախ կը պարունակէին հին ու մաշած հոլանտական փայտափորագրութիւններու պատկերներ։ 19-րդ դարուն պատկերներու վերարտադրութեան նոր միջոցները աստիճանաբար փոխեցին այդ աւանդոյթը։

Փինիոնի ուսումնասիրութիւնը կը փորձէ առաջին անգամ հետեւողական կերպով ներկայացնել հայկական ներդրումը վիմագրութեան (lithography) մէջ՝ ոլորտ մը, որ հայկական ուսումնասիրութիւններու մէջ երբեմն անտեսուած կամ նոյնիսկ շը-փոթուած է արձանագրագիտութեան (e-pigraphy) հետ։ Այս մօտեցումը նաեւ կարեւոր հարց մը կը դնէ. հայ տպագրական ու պատկերային մշակոյթը պէտք չէ դիտել միայն եւրոպական ազդեցութիւններու հետեւանքով զարգացած երեւոյթ մը. անիկա ունեցած է նաեւ իր ներքին աւանդոյթները, երկխօսութիւններն ու ստեղծագործական զարգացումները։

ՏՊԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՑԱՆՑԸ՝ ՊՈԼԻՍԷՆ ԴԷՊԻ ԱՇԽԱՐՀ

Աշխատաժողովի ներկայացումները միասին կը կազմեն աւելի լայն պատկերի մը տարբեր մասերը։ Պոլսահայ տպագրիչը միայն տպարանին մէջ աշխատող արհեստաւոր մը չէր. ան միաժամանակ տառաստեղծ էր, հրատարակիչ, պատկերային մշակոյթի միջնորդ եւ տարբեր լեզուներու ու մշակոյթներու միջեւ կապ ստեղծող մասնագէտ։

Հայ արհեստաւորներու ստեղծած տառերը, արտադրական գիտելիքը եւ տպագրական մեթոտները շրջանառուած են Օսմանեան կայսրութեան սահմաններէն դուրս։ Այդ առումով պոլսահայ տպագրութեան պատմութիւնը միայն հայկական մշակութային ժառանգութեան պատմութիւն մը չէ. անիկա նաեւ համաշխարհային տպագրական մշակոյթի պատմութեան մէկ կարեւոր, սակայն երկար ժամանակ թերագնահատուած գլուխն է։

ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ՝ ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Աշխատաժողովին կը յաջորդէր նաեւ ցուցադրութիւն՝ մատենադարանի փոքր գիտաժողովներու դահլիճին մէջ։

Ցուցադրութեան ընթացքին մէկտեղուեցան Պոլսոյ 19-րդ դարու տպարաններէն հազուագիւտ բազմալեզու հրատարակութիւններ՝ հայերէն, արաբերէն, պարսկերէն, թրքերէն եւ Հարաւային Ասիոյ լեզուներով։ Նիւթերը հաւաքուած էին Երեւանի գրադարաններէն, մատենադարանի եւ մասնաւոր հաւաքածոներէն։

Այս ցուցադրութիւնը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունէր, որովհետեւ ներկայացուած գիրքերը նախապէս այսպիսի համադրուած ձեւով ցուցադրուած չէին։ 

Մատենադարանին մէջ իրականացած այս նախաձեռնութիւնը անկիւնադարձային քայլ մըն է՝ պոլսահայ տպագրիչներու նորարարական վաստակը համաշխարհային գրատպութեան պատմութեան մէջ իր արժանի տեղը վերահաստատելու ճանապարհին։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Օգոստոս 11, 2026